102-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութիւնը այսօր դարձեալ ուղղուած է դէպի 1915։ Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այս 24 Ապրիլին ալ կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ կը խնդրէ սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը՝ ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առթիւ։ Երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով հայ ժողովուրդը դարձեալ նոյնացած է, ամբողջականացած իր նահատակներու յիշատակին հետ։ 102 տարի անց հայ ժողովուրդը դարձեալ կը բերէ իր խոնարհումը ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն առջեւ։ Հայոց պատմութեան բեկումնային պահը բնորոշած Մեծ եղեռնը աւելի քան դարէ մը ի վեր կը պայմանաւորէ հայութեան հաւաքական նկարագիրը, հաւաքական յիշողութիւնը, իսկ անոր հետեւանքներուն վերապրածներու եւ յաջորդած սերունդներուն կողմէ աստիճանաբար յաղթահարումը անոր կ՚առթէ ինքնավստահութիւն եւ ապագայի նկատմամբ անխախտ հաւատք։ Արդէն աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր Ապրիլի 24-ը կը նշուի հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան պայմաններուն ներքեւ։ Սա հայ ժողովուրդի ապրելու եւ յարատեւելու կամքի վառ դրսեւորումներէն մին է։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ապրիլի 24-ի առաւօտեան ժամերուն համայն հայութեան ուշադրութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Երեւան, ուր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կը համախմբէ հայոց մերօրեայ սերունդներուն ներկայացուցիչները։ Այս տարի եւս ծովածաւալ բազմութիւն մը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին ծաղիկներ կը թողու անմար կրակին շուրջ. կրակ, որ միեւնոյն ժամանակ կը լուսաւորէ հայ ժողովուրդի ապագայի ճանապարհը։
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին ալ այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ։ Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը ծաղկեպսակներ թողուցին յուշարձանին մօտ եւ խոնարհեցան ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ։ Տեղի ունեցաւ կրօնական արարողութիւն։ Մինչ այդ, Ապրիլի 24-ի առթիւ Սերժ Սար-գըսեան հրապարակեց պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Այսօր Ապրիլի 24-ն է՝ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը։ Մենք կը խնկարկենք յիշատակը մեր սրբադասուած նահատակներուն։ Տեղահանութեան քօղի տակ իրականացուած եղեռնը Օսմանեան կայսրութեան պետական ծրագիրն էր, որ ի կատար ածուեցաւ բացառիկ, մինչ այդ չտեսնուած դաժանութեամբ եւ հետեւողականութեամբ։ 1915 թուականի Ապրիլի 24-ին հազարամեակներով չափուող հայոց պատմութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի՝ մինչեւ այդ ողբերգական տարեթիւը եւ անկէ յետոյ։ Հրաշքով փրկուած արեւմտահայութեան բեկորները սփռուեցան աշխարհով մէկ՝ դառնալով սփիւռքահայութիւն։ Հայութեան նիւթական, մշակութային եւ քաղաքական կորուստները անչափելի են, բայց ամենամեծ կորուստն են մարդիկ, որոնք կրողն էին հինաւուրց, հարուստ եւ ինքնատիպ քաղաքակրթութեան։
«Մեր՝ ապրողներուս պարտքն է ոչ միայն յիշել ու յարգել զանոնք, այլեւ ապրիլ, աշխատիլ ու պայքարիլ կրկնակի աւիւնով՝ նաեւ անոնց փոխարէն։ Ապրիլ, աշխատիլ ու պայքարիլ կենսահաստատ աշխարհահայեացքով՝ հաւատալով բարիին, մարդկութեան եւ արդարութեան։
«1915 թուականի այդ հրէշաւոր ամսաթիւէն ի վեր անցած է արդէն մէկ դարէ աւելի։ Մենք գիտենք, թէ ինչերու միջոցով անցած ենք այս ընթացքին եւ գիտենք, որ յաղթած ենք մահուան։ Արցախեան հերոսամարտը վկայութիւնն է եւ ապացոյցը, թէ մենք նոր ցեղասպանութեան մը թոյլ պիտի չտանք։ Այլեւս երբեք թոյլ պիտի չտանք։ Հայ ժողովուրդի վերածնունդը իրականութիւն է եւ ան իրականութիւն դարձաւ վերապրող ժողովուրդի զաւակներու շնորհիւ։ Հայոց պետականութեան վերականգնումը հայրենի հողի վրայ իրականութիւն դարձաւ այդ զաւակներու շնորհիւ, հայ մշակոյթի եւ գիտութեան վերազարթօնքը իրականութիւն դարձաւ այդ զաւակներու շնորհիւ։ Այս ընթացքին մէջ աշխարհին պարգեւեցինք ստեղծագործ մտքի հանճարներու ամբողջ աստղաբոյլ մը։ Նաեւ մեծանուն հայերու միջոցաւ աշխարհ տեղեկացաւ, թէ ինչ կատարուած է մեզի հետ եւ իմացաւ, որ անոնք զաւակներն են բնաջնջումի եզրին յայտնուած ազգի մը։
«Ես այս բոլորը կը թուարկեմ ընդգծելու համար մեր ժողովուրդի հսկայական կենսական ու ստեղծագործ ներուժը եւ իմ անսասան հաւատը մեր հնարաւորութիւններու եւ վաղուայ օրուան նկատմամբ։ Այո՛, 1915-ին մենք յայտնուեցանք դժոխքի մէջ, բայց եթէ դէպի կեանք վերադառնալու ճանապարհին մենք մեր մէջ ուժ գտած ենք նման մեծագործութիւններու, ապա անկախ պետականութեան պայմաններով՝ 21-րդ դարուն ի զօրու կ՚ըլլանք ընելու աւելին։
«Այսօր՝ Ապրիլի 24-ին, հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը խնկարկելու օրը, մենք կը բարձրանանք Ծիծեռնակաբերդի բարձունք կամ կ՚այցելենք այլ յուշարձաններ Հայաստանի զանազան բնակավայրերուն եւ արտերկրի մէջ։ Յիշենք, որ այս ամենամեայ երթը երթն է վերածնուած ժողովուրդի, որ չէ մոռցած, թէ ինչ թողած է ետեւը, բայց վստահութեամբ կը նայի յառաջ»։