ԱՆԳԱՐԱ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՉԷ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԷՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց իր պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին 24 Ապրիլի պատգամը։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անակնկալի մը չէ ենթարկուած Տանըլտ Թրամփի պատգամին բերումով, որովհետեւ անոր բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն որակուած որպէս ցեղասպանութիւն։ Թրամփի պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Այսօր մենք կը յիշենք ու կ՚ոգեկոչենք 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն՝ Մեծ եղեռնի տառապանքներու բովով անցածները։ 1915 թուականէն սկսեալ՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու ու մահուան երթերու։ Ես կը միանամ ամերիկահայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ սգալու կորսուած մարդկային անմեղ կեանքերու եւ բազում տառապանքներու վիշտը։
«Մտորելով մարդկային պատմութեան այս մռայլ դրուագին շուրջ, մենք նաեւ արժանին կը մատուցենք հայ ժողովուրդի աննկուն ոգիին։ Շատերը նոր կեանք կերտեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իրենց անջնջելի ներդրումը ունեցան մեր երկրէն ներս՝ իրենց սրտին մէջ վառ պահելով յիշողութիւնները պատմական հայրենիքի մասին, ուր անոնց նախնիները կերտած էին հնագոյն հզօր քաղաքակրթութիւններէն մին։
«Մենք պէտք է յիշենք վայրագութիւնները, որպէսզի թոյլ չտանք անոնց կրկնութեան։ Մենք կ՚ողջունենք ցաւալի անցեալի փաստերն ընդունելու եւ անոնց հետ հաշուի նստելու ջանքերը, որոնց կը ձեռնարկուին հայերու եւ թուրքերու կողմէ՝ որպէս առաւել արդար ու հանդուրժողական ապագայի մը համար հիմքեր նախապատրաստելու յոյժ կարեւոր քայլ»։
Մինչ այդ, երէկ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ հայերը նշեցին Ապրիլի 24-ը։ Սփիւռքահայութեան բնակած զանազան երկիրներուն մէջ ոգեկոչումներուն մասնակցութիւն բերին նաեւ պետական աւագանիէ ներկայացուցիչներ։ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցութիւն բերաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։