ԱՌԵՐԵՍՄԱՆ ԿՈՉԵՐ
Երէկ, Ապրիլի 24-ի առթիւ ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի ունեցան քաղաքիս մէջ։ Այս տարի եւս, ժամը 19.15-ին, Թիւնէլի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը։ «24 Ապրիլի ոգեկոչման հարթակ»ին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած սգահանդէսի մասնակիցները 1915 թուականի դէպքերու զոհերը վերյիշեցին՝ տուտուկի յուզումնախառն մեղեդիներու մթնոլորտին մէջ։ Սգահանդէսի կազմակերպիչներուն կողմէ պատրաստուած յայտարարութիւնը ընթերցուեցաւ լրագրող-հրապարակագիր Մուրատ Չելիքքանի կողմէ։ Նորայր Օլկարն ալ ընթերցեց այդ թուականին մահուան տար-ւածներուն անուններն ու ասպարէզները։
Չելիքքանի կողմէ ընթերցուած յայտարարութիւնը կը բովանդակէր 1915-ին ապրուածներուն հետ առերեսման կոչեր։ Շեշտուեցաւ, որ ժողովուրդ մը ոչնչացուած է իր ամբողջ մշակոյթով, հուժկու հարուածի մը ենթարկուած է համակեցութեան մշակոյթը։ Հայոց նման ոչնչացուեցան անոնց թողած մշակութային հետքերը։ Հազարաւոր պատմական շէնքեր, եկեղեցիներ ու դպրոցներ փլատակի վերածուեցան գիտակցաբար։ Ըստ յայտարարութեան, վերաբերմունքը եղաւ այնպէս, թէ կարծես այս հողերուն վրայ երբեք չէին ապրած հայերը։ Այս բոլորը, միեւնոյն ժամանակ, սերունդներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ առանձնութիւն մը յառաջացուցին։ Յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ ներողութիւն խընդ-րելու՝ առանց սպասելու 103-րդ տարելիցին։
Միւս կողմէ, Թիւնէլի հրապարակէն որոշ հեռաւորութեան վրայ նոյն ժամերուն տեղի ունեցաւ նաեւ հակացոյց մը, որու մասնակիցները բողոք յայտնեցին ոգեկոչման արարողութեան դէմ։