ՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ԸՆԴԳԾԵԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս տա­րի եւս Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ հրա­պա­րա­կեց պատ­գամ մը։ Ե­րէկ Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած պատ­գա­մին մէջ յա­տուկ եւ ընդգ­ծեալ կա­րե­ւո­րու­թիւն մը ցու­ցա­բե­րուած է թրքա­հայ հա­մայն­քին նկատ­մամբ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ երկ­րի հա­յազ­գի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հաս­ցէագ­րուած այս պատ­գա­մին մէջ Էր­տո­ղա­նի դրա­կան շեշ­տադ­րում­նե­րը ուղ­ղուած են գլխա­ւո­րա­պէս մեր հա­մայն­քին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը յար­գան­քով վեր­յի­շած է Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ մա­հա­ցած օս­մա­նա­հա­յե­րը եւ իր վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցած՝ ա­նոնց թոռ­նե­րուն։

Էր­տո­ղա­նի պատ­գա­մին մէջ նշուած է, որ թուր­քերն ու հա­յե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կու վա­ղե­մի հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը հան­դի­սա­նան, հա­զար տա­րիէ ուս ու­սի կ՚ապ­րին այս աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ, ուր կը բաժ­նեն հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ։ Էր­տո­ղան շեշ­տած է թէ՛ Օս­մա­նեան եւ թէ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի հա­յոց կող­մէ մեր երկ­րի զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ բերուած մեծ նպաս­տը։ Ան մատ­նան­շած է, որ հա­յե­րը մեր երկ­րի հա­ւա­սար ու ա­զատ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը հան­դի­սա­նան ու կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը ստանձ­նեն ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան կեան­քի մէջ։ Դա­րեր շա­րու­նակ ու­րա­խու­թիւնն ու տխրու­թիւ­նը բաժ­նած եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, Էր­տո­ղա­նի հա­մոզ­մամբ, պէտք է դար­մա­նեն ան­ցեա­լի վէր­քե­րը ու պէտք է ա՛լ ա­ւե­լի ամ­րապն­դեն մարդ­կա­յին կա­պե­րը, ինչ որ հա­սա­րա­կաց նպա­տակ մըն է։ Էր­տո­ղան շեշ­տած է, որ այս ուղ­ղու­թեամբ վեր­ջին տասն­չորս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին առ­նուած են բա­զում քայ­լեր, կեան­քի կո­չուած են պատ­մա­կան բնոյ­թով բա­րե­փո­խում­ներ։ «Օս­մա­նա­հա­յոց յի­շա­տա­կին եւ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու ուղ­ղուեալ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կենք յա­ռա­ջի­կա­յին», ընդգ­ծած է հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը։

Իր պատ­գա­մին մէջ ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով Էր­տո­ղան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծած է նաեւ, որ մեր երկ­րի հայ հա­մայն­քի ան­դոր­րու­թիւ­նը, անվ­տան­գու­թիւնն ու եր­ջան­կու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Նա­խա­գա­հը ան­հան­դուր­ժե­լի հա­մա­րած է, որ նոյ­նիսկ հա­յազ­գի մէկ քա­ղա­քա­ցի ինք­զինք զգայ երկ­րորդ դա­սա­կար­գի քա­ղա­քա­ցի կամ են­թար­կուի վա­նու­մի։

Էր­տո­ղան մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձած է նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրին։ «Կը մաղ­թեմ, որ Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւ­նը կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հաս­նի իր ա­ւար­տին, ձե­զի յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թեմ ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ», նշած է Էր­տո­ղան։

Պատ­գա­մի վեր­ջին բաժ­նին մէջ Էր­տո­ղան մատ­նան­շած է, որ այս խո­հե­րով ան­գամ մը եւս կը վեր­յի­շէ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բին մա­հա­ցած Օս­մա­նեան հա­յե­րը։  Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մաղ­թած է, որ Աս­տուած լու­սա­ւո­րէ հո­գին այն մի­լիո­նա­ւոր Օս­մա­նեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց կեան­քը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017