ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին, պատ­մա­կան հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մին է, ո­րուն գո­յու­թիւ­նը սկիզբ կ՚առ­նէ ա­ռա­քե­լա­կան դա­րէն։ Չոր­րորդ դա­րու սկիզ­բը՝ 301 թուա­կա­նին, քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կուած է «Հայ Ժո­ղո­վուր­դի պե­տա­կան կրօն»՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի օ­րով եւ ա­նոր մի­ջո­ցով։

Ար­դա­րեւ, բնա­կան է, որ հա­յե­րը ա­ռա­ջին դա­րէն իսկ սկսած են պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել, հա­ւա­նա­բար իր նախ­նա­կան ձե­ւին տակ, որ ընդ­հան­րա­պէս ան­յայտ է մե­զի։ Այդ մա­սին պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ կը պակ­սին։

Բայց չոր­րորդ դա­րուն, երբ հետզ­հե­տէ սկսաւ կա­ռու­ցուիլ Ե­կե­ղե­ցին՝ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հայ հո­գե­ւո­րա­կան դա­սը, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ, Կե­սա­րիա­յէն վե­րա­դար­ձին, իր հետ բե­րաւ, հա­ւա­նա­բար, «Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց»ը, որ իր ժա­մա­նա­կի միւս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ գոր­ծա­ծա­կան էր, եւ սա­կայն ո՛ր Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը, այ­սօր մե­զի ան­ծա­նօթ կը մնայ։

Հոս հարկ է նշել, որ մին­չեւ այդ ժա­մա­նակ բազ­մա­թիւ պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­ներ գո­յու­թիւն ու­նէին, եւ ա՛յ­սօր ալ, ո­րոնք պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին խմբագ­րուած են զա­նա­զան հայ­րա­պետ­նե­րու եւ ձեռն­հաս կրօ­նա­կան­նե­րու կող­մէ, բնա­կա­նա­բար, նուի­րուած նո՛յն խոր­հուր­դին, եւ սա­կայն բազ­մա­տե­սակ տար­բե­րու­թիւն­նե­րով՝ ա­ղօթք­նե­րու, քա­րոզ­նե­րու խմբագր­ման, ծի­սա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, ե­րաժշ­տա­կան եւ այլ տե­սա­կէտ­նե­րէ։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր ա­ւան­դու­թիւ­նը մեր այ­սօ­րուայ Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը կը վե­րագ­րէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չին եւ ու­րիշ հա­յազ­գի հայ­րա­պե­տե­րուն, ո­րոնք յա­ւե­լում­ներ կա­տա­րած են ա­նոր վրայ։

Եւ սա­կայն կը կար­ծուի, թէ՝ պատ­մա­կան, բա­նա­սի­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին Ե. դա­րու սկիզ­բը գոր­ծա­ծած է Սուրբ Բար­սեղ Կե­սա­րա­ցիի Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը. իսկ ա­ւե­լի վերջ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած է այն, հիմ­նուե­լով մա­նա­ւանդ Սուրբ Գրի­գոր Նա­զիան­ցիի Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցին վրայ՝ որ սխալ­մամբ կը կո­չուի «Ա­թա­նա­սեան Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց»։

­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցին մէջ կան նաեւ ա­ղօթք­ներ Յով­հան­նէս Ոս­կե­բե­րա­նէն, զոր օ­րի­նակ՝ «Որ օրհ­նես զայ­նո­սիկ» ա­ղօթ­քը, եւ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի, ինչ­պէս նաեւ տե­սակ տե­սակ փոքր փո­փո­խու­թիւն­ներ՝ որ բնա­կա­նա­բար ա­ռաջ ե­կած են պատ­մա­կան կեան­քի եւ հո­լո­վոյ­թի բնա­կան օ­րէն­քով։

Սա­կայն եւ տաս­նե­րորդ դա­րուն, Հա­յոց Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը ար­դէն կը ստա­նայ իր վարջ­նա­կա՛ն ձե­ւը։ Այս մա­սին կը խօ­սին Խոս­րով Ան­ձե­ւա­ցին եւ Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցին։ Այս կէ­տին՝ հարկ է յի­շել, թէ այլ Ե­կե­ղե­ցի­ներ ու­նին մի քա­նի պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­ներ ի­րար­մէ տար­բեր, ո­րոնք բո­լորն ալ ի­րենց հա­մար կը շա­րու­նա­կեն մնալ գոր­ծա­ծա­կան։ Զոր օ­րի­նակ, Մեծ Պահ­քի ըն­թաց­քին Յոյն Օր­թո­տոքս Ե­կե­ղե­ցին, փոխն ի փոխ, տար­բար պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­նե­րով կը կա­տա­րէ Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Հոս, մի­ջան­կեալ, տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցի մա­սին՝ իր «Ծի­սա­կան Բա­ռա­րան»ին մէջ։

«Պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցը՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­ղօթք­նե­րը պա­րու­նա­կող գիրքն է, զոր քա­հա­նան կը գոր­ծա­ծէ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու ա­տեն, որ եւ Խորհր­դա­տետր կը կո­չուի, եւ այդ ա­նու­նով բա­ցատ­րուած է»։­

Իսկ «Խորհր­դա­տետր»ի մա­սին եւս կ՚ը­սէ.

«Խորհր­դա­տետ­րը՝ Պա­տա­րա­գի Սուրբ Խոր­հուր­դին ա­տեն քա­հա­նա­յին ի ձայն կամ ի թիւ կար­դա­լու ա­ղօթք­նե­րուն գիրքն է, որ փոք­րիկ գրա­կա­լով սե­ղա­նին ձախ եղ­ջիւ­րին վրայ կը դրուի, ե­րե­սը դէ­պի ժա­մա­րա­րը՝ կար­դա­լու դիւ­րու­թեան հա­մար։ Նոյն նպա­տա­կաւ Խորհր­դա­տետ­րե­րը միշտ խո­շո­րա­գիր կ՚ըլ­լան։ Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց ալ կը կո­չուի այս գիր­քը»։

­Հայ Ե­կե­ղե­ցին, հի­նէն ի վեր, միա­ժա­մա­նակ մի քա­նի պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­ներ չէ գոր­ծա­ծած, հա­պա ըն­դու­նած է մէ՛կ պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցի դրու­թիւ­նը։

Մեր այ­սօ­րուայ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, իր նախ­նա­կան ձե­ւին մէջ, թէեւ օ­տար պա­տա­րա­գա­մա­տոյ­ցի թարգ­մա­նու­թիւն է, եւ սա­կայն դա­րե­րու ըն­թաց­քին իր կրած փո­փո­խու­թիւն­նե­րով եւ յա­ւե­լում­նե­րով, իր հայ լա­զուի կա­տա­րե­լու­թեամբ, ծի­սա­կան ու­րոյն նկա­րագ­րով, եւ մա­նա­ւա՛նդ, զուտ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ՝ վե­րա­ծուած է «ազ­գա­յին գլուխ գոր­ծոց»ի՝ ուր մեր հո­գե­ւոր նախ­նի­նե­րը ի­րենց հո­գիին ա­դա­ման­դը բիւ­րե­ղա­ցու­ցած են՝ մե­զի ժա­ռանգ թող­լով հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թե­նա­կան՝ հո­գեմ­տա­ւոր ան­փո­խա­րի­նե­լի գա՛նձ մը։

Ար­դա­րեւ, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Պա­տա­րա­գը միայն «կրօ­նա­կան գանձ» չէ, այլ նաեւ՝ մշա­կու­թա­յին ար­ժէ՛ք մը։ Մշա­կու­թա­յին ար­ժէք մը՝ գրա­բար լե­զուի ան­ճա­ռե­լի՜ ձե­ւե­րու եւ ե­րաժշ­տու­թեան աս­տուա­ծա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­նե­րու եւ հա­մադ­րու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ։

Եւ երբ Սուրբ Պա­տա­րա­գի մի­ջո­ցին, եւ մա­նա­ւանդ վե­րաց­ման պա­հե­րուն մեր ա­ղօթք­նե­րը խուն­կով ու եր­գով դէ­պի վե՛ր կը բարձ­րա­նան եւ ո­րոնց կը մաս­նակ­ցին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը՝ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը, կար­ծես աս­տուա­ծա­յին խոր­հուր­դը եւ մեր աս­տուա­ծա­յին լե­զուն կը մրցին ի­րա­րու հետ, կը գե­րա­զան­ցեն զի­րար եւ կը մնան հա­ւա­սար եւ ի­րար ար­ժա­նի՝ սրբա­զան խոր­հուր­դը եւ մեր ոս­կե­դա­րեան լե­զո՜ւն…։

Սուրբ Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցող գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­ներն են պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հայ­րը, սար­կա­ւա­գը եւ դպիր­նե­րը։ Դպիր­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ժոող­վուր­դը, եւ ի՛նչ որ կ՚եր­գեն՝ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէն կը խօ­սին, ըլ­լա՛յ որ­պէս պա­տաս­խան, ըլ­լա՛յ որ­պէս գո­հու­նա­կու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն կամ խնդրանք։

Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րո­ղը՝ պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ղը, պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հայրն է։ Ան է, որ իր այդ հան­գա­ման­քով կ՚ար­տա­սա­նէ ա­ղօթք­նե­րը՝ ըլ­լա՛յ իր, ըլ­լա՛յ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Իսկ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայ հօր եւ ժո­ղո­վուր­դի, այ­սինքն՝ դպիր­նե­րու մի­ջեւ միջ­նոր­դը սար­կա­ւագն է։ Ար­դա­րեւ, սար­կա­ւա­գը քա­հա­նայ հօր օգ­նա­կանն է՝ սպա­սա­ւո­րի դե­րի մէջ։ Ան, նաեւ սպա­սա­ւորն ու պաշ­տօ­նեան է Աս­տու­ծոյ, ա­նոր սե­ղա­նին, ա­նոր խօս­քին, այն­պէս, ինչ­պէ՛ս Սուրբ Ստե­փա­նոս նա­խա­սար­կա­ւագն ե­ղաւ որ­պէս ա­ռա­ջին տի­պա­րը սար­կա­ւագ­նե­րու։ Բայց սար­կա­ւա­գին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր եւ ա­ռաջ­նա­կարգ պաշ­տօ­նը՝ միջ­նորդ ըլ­լալն է։ Ուս­տի սար­կա­ւագն է, որ իր այդ հան­գա­ման­քով զգոյշ եւ ու­շա­դիր կեր­պով կը հե­տե­ւի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, եւ երբ կու գայ կա­րե­ւոր պահ մը, ան­մի­ջա­պէս դառ­նա­լով ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­նոր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ, զայն ու­շադ­րու­թեան հրա­ւի­րե­լով՝ հրա­հանգ­ներ եւ խոր­հուրդ­ներ կու տայ, եւ եր­բեմն ալ, կ՚ար­տա­սա­նէ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ քա­հա­նա­յին ուղ­ղուած խօս­քեր։

Սուրբ Պա­տա­րա­գի գլխա­ւոր խոր­հուր­դը այն է՝ որ մարդ­կու­թեան հո­գին եւ խիղ­ճը ցնցե­լու եւ յե­ղաշր­ջե­լու նպա­տա­կով Յի­սուս կը զո­հա­բե­րուի, կը զո­հէ իր Ան­ձը՝ Ան կը պա­տա­րա­գուի եւ կը բաշ­խուի մեր բո­լո­րին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 20, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2017