ՍԱՐՕ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՑԱՆՑ ՄԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց իտալահայ գործարար Սարօ Խիւտավերտեանը։ Հարկ է նշել, որ Սարօ Խիւտավերտեան միեւնոյն ժամանակ Միլանոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէս Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական։
Ողջունելով Սարօ Խիւտավերտեանն ու ընկերակիցները՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց սփիւռքահայ գործարարներու ջանքերը՝ Հայաստանի մէջ ներդրումային խոշոր ծրագրեր իրականացնելու ուղղութեամբ։ Երկարատեւ բանակցութիւններէն վերջ Սարօ Խիւտավերտեան յաջողած է համաձայնութիւն ձեռք բերել միջազգային հսկայ կառոյցի մը հետ՝ Հայասանի մէջ եւս մասնաճիւղի մը հաստատման վերաբերեալ։ Խօսքը կը վերաբերի Future World Trade LLC կազմակերպութեան։ Այս վերջինը առեւտուրի կազմակերպմամբ զբաղող կառոյց մըն է, որ մասնաճիւղեր ունի Իրանի, Թուրքիոյ, Մալեզիոյ եւ Անգլիոյ մէջ։ Հայաստանէ ներս այս կազմակերպութեան ցանցին միջոցաւ տարեկան շուրջ 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ առեւտրական գործարքներ պիտի իրականացուին։
Հրանոյշ Յակոբեանի հետ զրուցելու ընթացքին Սարօ Խիւտավերտեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերանքի համար։ Ան մանրամասն ներկայացուց այս կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները՝ նշելով, որ նոր ծրագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական յառաջընթացին։