ՉԵԽԻԱ ԻՒՐԱՑՈՒՑ ՀԱՅՈՑ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Այս բա­նա­ձե­ւին հե­ղի­նակն էր Սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ Ռո­պին Պեոհ­նիշ, որ կը գլխա­ւո­րէ Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան ե­րես­փո­խա­նա­կան խում­բը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ ըն­դունուած նա­խագ­ծին մէջնշուած է հե­տե­ւեա­լը. «Չե­խիոյ խորհր­դա­րա­նի Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­լա­տը կը դա­տա­պար­տէ Բ. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ նա­ցի­նե­րու կող­մէ գրա­ւուած տա­րածք­նե­րէն ներս մարդ­կու­թեան դէմ գործուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը հրեա­նե­րու, գնչու­նե­րու եւ սլաւ­նե­րու դէմ, Ա. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տա­րած­քէն ներս, ինչ­պէս նաեւ երկ­րա­գուն­դի այլ տա­րածք­նե­րէն ներս կա­տա­րուած ցե­ղաս­պա­նա­կան բռնու­թիւն­նե­րը եւ կոչ կ՚ուղ­ղէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն կան­խե­լու մար­դու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հա­րում­նե­րը աշ­խար­հի վրայ եւ վէ­ճե­րու լու­ծու­մը խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով»։

Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերու­թիւն­ներու յանձնաժո­ղո­վը Ապրիլի 14-ին միա­ձայ­նութեամբ վաւերա­ցու­ցած էր վերոյիշեալ բա­նաձեւը, որու բովան­դակութեան մէջ կը դա­տապարտուին նաեւ ու­րացման ջանքերը։

­Հարկ է նշել, որ այս տա­րի, Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ, Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նած էր իր երկ­րի հայ հա­մայն­քին՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-րդ տա­րե­լի­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017