ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԿՇՌԻ ՏԱԿ Կ՚ԱՌՆՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՈՂՄԷ
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ վերիվայրումները կը շարունակուին։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց Թուրքիոյ տեսակէտէ ժխտական որոշում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութեան։ Այսպէս, ԵԽՎՎ որոշեց Թուրքիան վե-րըստին առնել քաղաքական հակակշռի տակ։ 2004 թուականէն ի վեր Թուրքիա այդ հակակշռէն զերծ էր։ ԵԽԽՎ-ի մօտ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին ձայներու 113-45 յարաբերակցութեամբ ընդունուեցաւ վերոյիշեալ որոշումը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ բուռն բողոք յայտնեցին այս որոշման դէմ։ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ այս որոշումը ունի քաղաքական նշանակութիւն եւ չի համապատասխաներ Թուրքիոյ իրականութեան։