ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ

Կեան­քի մէջ յա­ջո­ղե­լու եւ մտադ­րուած նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են՝ գի­տու­թիւ­նը, աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, բայց յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նաեւ այս ե­րեք պայ­ման­նե­րու մէջ յա­րա­տե­ւու­թի՛ւ­նը։

Ար­դա­րեւ, յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը պէտք չէ շփո­թել ա­նի­մաստ ու ան­գի­տակ­ցա­բար կա­տա­րուած կրկնու­թիւն­նե­րու հետ՝ ո­րոնք միայն ան­շար­ժու­թիւն եւ ամ­լու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն, կը ձանձ­րաց­նեն թէ՛ են­թա­կան, թէ՛ շուր­ջին­նե­րը եւ ա­նօ­գուտ, նոյ­նիսկ վնա­սա­կար զբա­ղու­մէ մը ա­ւե­լին չեն ներ­կա­յաց­ներ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

Մինչ­դեռ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը հաս­տա­տա­կա­մու­թեան եւ հաս­տա­տամ­տու­թեան որ­պէս խորհր­դա­նիշ՝ կը զօ­րաց­նեն, կը քա­ջա­լե­րեն մար­դը՝ որ­պէս­զի հաս­տատ քայ­լե­րով, վստա­հու­թեամբ յա­ռա­ջա­նայ եւ ի վեր­ջոյ հաս­նի իր մտադ­րած նպա­տա­կին եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի իր ար­դա՛ր ջան­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։

«Յա­րա­տե­ւու­թիւն»ը՝ իր լայն ա­ռու­մով, կը նշա­նա­կէ՝ շա­րու­նա­կեալ, տե­ւա­կան ջանք, յա­մառ աշ­խա­տանք, չկա­սիլ, հաս­տատ կամ­քով յա­ռա­ջա­նալ, ա­ռանց տե­ղի տա­լու, ա­ռանց ետ կե­նա­լու դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ ար­գելք­նե­րու դի­մաց, հաս­տատ քայ­լե­րով, ինք­նավս­տահ յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի տրուած նպա­տակ։

Ուս­տի յա­մառ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, ի՛նչ որ զօ­րա­ւոր կամ­քի մը ար­դիւնքն է։

Մար­դուս մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ մա­նա­ւանդ, կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ յա­րա­տե­ւու­թեան ո­գին։ Միտ­քը զար­գաց­նե­լու հա­մար, պայ­մա՛ն է սոր­վիլ, եւ սոր­վե­լու հա­մար պէտք է յա­րա­տեւ կար­դալ, դի­տել, խորհր­դա­ծել, դա­տել եւ ո­րո­շել, թէ ո՛րն է ճշմա­րի­տը, ո՛րն է օգ­տա­կա­րը, ո՛րն է բա­րին։ Նո՛յնն է պա­րա­գան նաեւ հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ՝ հո­գին ազ­նուաց­նե­լու հա­մար պէտք է ջանք ը­նել՝ յա­րա­տեւ հոգ տա­նիլ ա­նոր։ Այ­սինքն յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը պայ­ման է նաեւ հո­գե­ւոր կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար, հո­գե­ւոր յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։ Այս ի­մաս­տով, յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր մը կը խա­ղայ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քին մէջ։

Յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է նաեւ մար­դուս հա­ւատ­քի կեան­քին մէջ։ Ար­դա­րեւ Աս­տու­ծոյ մար­դուն տուած «Հա­ւատք»ը ձրի պար­գեւ մըն է։ Մարդ կրնայ կորսնց­նել այս անգ­նա­հա­տե­լի պար­գե­ւը։ Ուս­տի Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կը զգու­շաց­նէ Տի­մո­թէո­սը երբ կ՚ը­սէ. «Գե­ղե­ցիկ պայ­քար մղե­լով, պահ­պա­նէ՛ հա­ւատքդ եւ մա­քուր խիղճդ։ Շա­տեր ի­րենց խղճին չան­սա­լով՝ կորսն­ցու­ցին ու կոր­ծա­նե­ցին ի­րենց հա­ւատ­քը…» (Ա. ՏԻՄԹ. Ա 18-19)։ Հա­ւատ­քին մէջ ապ­րե­լու, ա­ճե­լու եւ մին­չեւ վերջ յա­րա­տե­ւե­լու հա­մար, պար­տա­ւոր է մարդ սնու­ցա­նել զայն Աս­տու­ծոյ Խօս­քով։ Եւ պէտք է խնդրել, որ Տէ­րը ա­ւելց­նէ զայն։ Հա­ւատ­քը պէտք է յա­րա­տեւ գոր­ծէ սի­րով, պաշտ­պա­նուի յոյ­սով եւ ար­մա­տա­նայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տով։ Հա­ւատ­քը կ՚ա­ճի եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի յա­րա­տեւ հո­գա­ծու­թեամբ։

Ուս­տի, մար­դուս պայ­քա­րը պէտք է դի­մա­կա­լէ ի՛նչ որ ան կը նկա­տէ իբր «իր ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ղօթ­քին պա­հուն». վհա­տու­թիւ­նը՝ իր սրտի ցա­մքու­մին դի­մաց, տխրու­թիւ­նը, որ ինք­զինք լման չի նուի­րեր Տի­րոջ, քա­նի որ ինք ալ «հա­րուստ» է, «ան­կա­տա­րու­թե­նէ փրկուած՝ զօ­րա­ւոր է եւ ան­թե­րի՛». յու­սա­խա­բու­թիւ­նը, որ իր փա­փա­քա­ծը, ու­զա­ծը չէ ըն­դու­նած ըստ իր բաղ­ձան­քին, իր հպար­տու­թեան խո­ցը, որ կ՚ընդվ­զի մե­ղա­ւո­րի իր ա­նար­ժա­նու­թեան դի­մաց. տարզ­գա­յու­թիւ­նը ա­ղօթ­քին ձրիու­թեան դի­մաց, եւ այլն։

Եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ միշտ նոյ­նը՝ ու­րեմն ի՞նչ բա­նի հա­մար ա­ղօ­թել։

Յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար այս ար­գելք­նե­րը, հա՛րկ է պայ­քար մղել՝ խո­նար­հու­թիւն, վստա­հու­թիւն եւ յա­րա­տե­ւու­թի՛ւն ձեռք ձգե­լու հա­մար։

«Միշտ ա­ղօ­թե­ցէ՛ք» (Ա. ԹԵՍ. Ե 17), «միշտ եւ ա­մէն ա­ռի­թով գո­հու­թիւն մա­տու­ցէ՛ք Հօր Աս­տու­ծոյ, մեր Տի­րոջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ա­նու­նով» (ԵՓՍ. Ե 20), «Ապ­րե­ցէ՛ք ա­ղօթ­քին եւ պա­ղա­տանք­նե­րուն մէջ, մի՛շտ ա­ղօ­թե­ցէք Հո­գիով, ան­խոնջ հսկու­մով ա­ղօ­թե­ցէ՛ք բո­լոր սուր­բե­րուն հա­մար» (ԵՓՍ. Զ 18), կը պա­տուի­րէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ։ Իսկ Ե­ւագր Պոն­տա­ցի սա­պէս կ՚ը­սէ. «Մե­զի չէ՛ հրա­մա­յուած աշ­խա­տիլ, հսկել եւ յա­րա­տե­ւօ­րէն ծոմ պա­հել, մինչ­դեռ մե­զի հա­մար օ­րէ՛նք է ան­դա­դար, յա­րա­տեւ կեր­պով ա­ղօ­թել»։ Եւ այս ան­խոնջ ու յա­րա­տեւ ե­ռան­դը կրնայ գալ միա՛յն սէ­րէն։

Մար­դուս հո­գե­կան ծան­րու­թեան եւ ա­նոր ծու­լու­թեան դէմ՝ ա­ղօթ­քին պայ­քա­րը՝ վստա­հող եւ յա­րա­տե­ւող «խո­նարհ սի­րոյ» ար­դար պայ­քա՛րն է։

Այս ան­կեղծ ու ար­դար սէ­րը կը բա­նայ մար­դուս սիր­տը՝ հա­ւատ­քի եւ հա­ւա­տար­մու­թեան լու­սա­ւոր եւ կեն­դա­նա­րար հե­տե­ւեալ ե­րեք ակ­նե­րու ի­րո­ղու­թեան վրայ։

ա) Ա­ղօթ­քը՝ մի՛շտ կա­րե­լի է. Աս­տու­ծոյ ձեռ­քին մէջն է մար­դուս ժա­մա­նա­կը։

Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան կ՚ը­սէ.

«Կա­րե­լի է նոյ­նիսկ շու­կա­յի մէջ կամ մե­նա­ւոր պտոյ­տի մը ըն­թաց­քին յա­ճա­խա­կի, յա­րա­տեւ եւ ե­րան­դա­գին ա­ղօթք մը ար­տա­սա­նել։ Նստած ձեր խա­նու­թին մէջ, ա­ռու­ծա­խի եւ մին­չեւ իսկ կե­րա­կուր ե­փե­լու պա­հուն»։ Ուս­տի քրիս­տո­նեա­յին ժա­մա­նա­կը՝ Քրիս­տո­սի ժա­մա­նա՛կն է, որ «մե­զի հետ է ա­մէն օր եւ ա­մէ­նու­րեք» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։

բ) Ա­ղօ­թե­լը՝ «կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն» մըն է։ Ուս­տի երբ մար­դուս սիր­տը հե­ռո՛ւ է Սուրբ Հո­գիէն, այ­լա­պէս Ան ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ իր կեան­քը։

«Ո­չի՛նչ ա­ղօթ­քէն ա­ւե­լի կ՚ար­ժէ. ան ան­կե­րա­լին կա­րե­լի կը դարձ­նէ, դիւ­րին՝ ի՛նչ որ դժուար է». կ՚ը­սէ Սուրբ Ալ­փոն­սոս Լի­գու­րի։

գ) «Ա­ղօթք» եւ «քրիս­տո­նեայ կեանք» ան­բա­ժա­նե­լի՛ են ի­րար­մէ, քա­նի որ ա­նոնք կա­խում ու­նին նոյն սէ­րէն եւ այն անձ­նու­րա­ցու­թե­նէն՝ որ սէ­րէն կը բխի։ Ա­ղօթք եւ քրիս­տո­նեայ կեանք՝ կա­խում ու­նին Հօր սի­րոյ ծրագ­րին որ­դիա­կան եւ սի­րա­զեղ նոյն հա­մա­կեր­պու­թե­նէն։ Ուս­տի Ո­րո­գի­նէս սա­պէս կ՚ը­սէ ա­ղօթ­քի յա­րա­տե­ւու­թեան վրայ խօ­սե­լով.

«Ան որ միաց­նէ ա­ղօթ­քը գոր­ծե­րուն եւ գոր­ծե­րը ա­ղօթ­քին՝ մի՛շտ կ՚ա­ղօ­թէ, յա­րա­տեւ կ՚ա­ղօ­թէ։ Միայն այս­պէս մե­զի հա­մար գոր­ծադ­րե­լի կը դառ­նայ՝ յա­րա­տեւ, ան­դա­դար ա­ղօ­թե­լու սկզբուն­քը»։­

Ուս­տի «վերջ­նա­կան յա­րա­տե­ւու­թեան շնորհք»ը եւ Հօր Աս­տու­ծոյ «վար­ձատ­րու­թիւն»ը կ՚ակն­կա­լեն Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը ար­դա­րօ­րէն՝ հա­ղոր­դու­թեան մէջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի հետ։

Վեր­ջաց­նենք այն ի­մաս­տա­լից խօս­քով, որ բա­ցա­յայտ կեր­պով ցոյց կու տայ յա­րա­տե­ւու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ նաեւ բնու­թեան մէջ։

Ժայ­ռը ծա­կող ու­ժը ջու­րին քա­նա­կու­թեան մէջ չէ՛, այլ՝ ա­նոր վրայ շիթ առ շիթ թա­փող կա­թիլ­նե­րուն յա­րա­տե­ւու­թեա­նը մէ՛ջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 19, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017