ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի եռակողմանի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս նախարարին հրաւէրով կազմակերպուած է այս եռակողմանի հանդիպումը, որու նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու քննարկումը։
Երկար ժամանակէ ի վեր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը խօսէին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու շուրջ։ Նախարարներու այսօրուան տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ նման սպասումի մը մթնոլորտին մէջ։ Երեւանէն կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ համոզուած են, որ նախարարներու հանդիպումը ուղղուած պիտի ըլլայ սահմանային լարուածութեան թուլացման։ 2016-ի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն վերջ Ռուսաստան ստանձնած է յարաբերաբար աւելի աշխոյժ միջնորդի մը դերը։ Դէտերու կարծիքով, այժմու փուլի հիմնական խնդիրը վստահութեան մթնոլորտի ստեղծուիլն է, իսկ բուն բանակցային գործընթացէն ներս դժուար թէ տեղաշարժ մը ըլլայ տեսանելի ապագային։
Մոսկուայի այսօրուան եռակողմանի հանդիպումէն առաջ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր եւս այցելեց Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր տեսակցեցաւ Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Խոր-հըրդակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի այժմու փուլը։
Նոյնպէս այսօրուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի մէջ շփումներ ունեցաւ ԵՄ-ի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր։ Այս վերջինը երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրոյ-ցի ընթացքին Սարգսեան յայտնեց, թէ Հայաստան կը կարեւորէ Զալպէրի աշխատանքը, որու հիմնական նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել կողմերուն միջեւ եւ նպաստել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։ Սարգսեան եւ Զալպէր քննարկեցին հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրելու հնարաւորութիւնները, ներկայ փուլի առկայ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները, խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ԵՄ-ի յանձնառութեան իրականացման եւ հաւանական աջակցութեան ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Զալպէր վստահեցուց, որ ԵՄ շահագրգռուած է հիմնախնդրի լուծմամբ ու կը փափաքի իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ նպաստել այդ լուծման՝ աջակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն։
Զալպէր երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Զրուցակիցները շեշտեցին անցեալ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մոսկուայի այսօրուան եռակողմանի տեսակցութեան։