ԱՊՐԻԼԷՆ ՄԱՅԻՍ՝ «ԱՈՒՐՈՐԱ»
Այս օրերուն Երեւանի մէջ «Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Ռուբէն Վարդանեան եւ Նուպար Աֆէեան լրագրողներուն հետ յատուկ հանդիպման ընթացքին յայտնեցին 2017 թուականի «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները: Հայերուն հիմնած միջազգային այս մրցանակը կը շնորհուի Եղեռնէն վերապրածներու անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին: Մրցանակին ներկայացուած մարդիկ կը նկատուին մեր օրերու հերոսներէն, որոնք անձնուիրաբար ու բացառիկ ջանքերով կ՚օգնեն մարդոց։ Անոնք ընտրուած են բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ իրենց ցուցաբերած նուիրուածութեան համար՝ փրկելով մարդկային կեանքեր եւ իրականացնելով մարդասիրական գործունէութիւններ:
«Աուրորա» մրցանակի յանձնախումբին համանախագահն է օսքարակիր դերասան եւ մարդասէր գործիչ՝ Ճորճ Քլունին, որ ինչպէս յայտնեց Նուպար Աֆէեան, այս տարի Հայաստան պիտի չգայ: Նախ անոր համար, որ ան իր կնոջ՝ Ամալ Քլունիին հետ կը սպասեն իրենց առջինեկ զաւակներուն, որոնց լոյս աշխարհ գալը «Աուրորա»ի մրցանակաբաշխութեան ժամանակահատուածին կը համընկնի, եւ երկրորդ, ինչպէս նշեցին կազմակերպիչները, Ճորճ Քլունի ամբողջ տարուան ընթացքին ամէն ձեւով աջակցած է իրենց, եղած է իրենց կողքին եւ իր դերը ձեւով մը կատարած է անցնող մէկ տարուան ընթացքին: «Աուրորա» յանձնախումբի անդամներն են Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ՝ Օսքար Արիաս, Շիրին Էպատի, Լէյմա Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ՝ Մէյրի Ռոպինսոն, մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ գործիչ՝ Հինա Ճիլանի, Աւստրալիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի պատուաւոր նախագահ՝ Կարէթ Էւանս եւ Մեքսիքայի նախկին նախագահ՝ Էրնեսթօ Սեթիլիօ:
Յանձնախումբը մէկ տարուան ընթացքին ստացած է 558 դիմում, որոնցմէ 254-ը չկրկնուող դիմումներ էին եւ ներկայացուած էին 66 երկրէ 13 լեզուով: 558 դիմումներուն մէջէն ընտրուած է հինգ թեկնածու, որոնցմէ մէկուն ալ Մայիս 28-ին Երեւանի մէջ կը շնորհուի «Աուրորա» մարդասիրական երկրորդ մրցանակը: Ծանօթանալով հինգ յաւակնորդներու կենսագրութիւններուն, կը տեսնենք, որ անոնք իրաւ հերոսներն են, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են տկար համայնքներու, վտանգուած երկիրներու եւ սպառնալիքներու տակ գտնուող հասարակութիւններու փրկութեան եւ յառաջացման գործին, յաճախ վտանգելով իրենց կեանքը:
«Աուրորա» մրցանակին ներկայացուած են Սոմալիէն՝ Ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլման (մայր եւ դուստր), որ «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնի հիմնադիրներն են:
Ֆարթուն Ատան Սոմալիի մայրաքաղաքը՝ Մակատիշուի մէջ գտնուող «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կեդրոնի (EPHRC) գործադիր տնօրէնն է: Հետաքրքական է, որ Ֆարթուն Ատան ողբերգութիւններով յագեցած կեանք մը ունեցած է: 1996 թուականին Սոմալիի մէջ պատերազմող զինուորականները սպաննած են Ֆարթունի ամուսինը՝ անոր խաղաղարար գործունէութեան համար: Այդ օրուընէ սկսեալ Ֆարթուն Ատան կը պայքարի Սոմալիի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, խաղաղութեան հաստատման, զարգացման եւ մանկահասակ զինուորականներու լիարժէք վերականգնման համար, եւ այս բոլորը կը կատարէ յաճախ վտանգաւոր եւ անբարենպաստ պայմաններու մէջ: 2010 թուականին Ատան նախաձեռնած է «Քոյր Սոմալի» ծրագիրը՝ աջակցելու սեռային բռնութիւններու ենթարկուածներուն, անոնց, որոնց յաջողած են ողջ մնալ բռնաբարութենէն կամ խուսափիլ պարտադիր ամուսնութենէն: Ան ստեղծած է սեռական բռնութիւններու առաջին թէժ գիծը Սոմալիի մէջ, իսկ 2011 թուականին Մակատիշուի մէջ հիմնած է բռնաբարութիւններու ճգնաժամի կեդրոն: Մինչ օրս կեդրոնը օգնած է աւելի քան 400 սոմալիցի կիներու եւ աղջիկներու, անոնց տրամադրելով խորհրդատուութիւն եւ բժշկական աջակցութիւն, գործ նախաձեռնելու հնարաւորութիւններ եւ նիւթական միջոցներ, կազմակերպելով գործարարական հմտութիւններու դասընթացքներ եւ տեղափոխելով զանոնք աւելի ապահով վայրեր: Ֆարթուն Ատան «Աուրորա» մրցանակին ներկայացած է իր քսանեօթամեայ դստեր՝ Իլուատ Էլմանին հետ, որ EPHRC-ի հարցերով իր մօրը գործընկերն է: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ֆարթուն Ատան պարգեւատրուած է «Խիզախ կին» միջազգային մրցանակով: Ան «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտ-պանութեան կեդրոնի գործունէութեան համար պարգեւատրուած է նաեւ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ: 2015 թուականին Հարվըրտ համալսարանը Ֆարթուն Ատային եւ անոր դստեր շնորհած է «Կլէյցմանի միջազգային աքթիւիսթ» մրցանակը:
Ըստ «Աուրորա» մրցանակի կանոնակարգին, մրցանակ ստացող յաւակնորդը հնարաւորութիւն ունի առաջադրելու մինչեւ երեք կազմակերպութիւն՝ ստանալու 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ եւ փոխանցելու կազմակերպութեան, որպէսզի մարդասիրական շղթան շարունակուի: Ֆարթուն Ատան ու Իլուատ Էլման առաջադրած են հետեւեալ երեք կազմակերպութիւնները՝
«Էլվան» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կենդրոնը, Սոմալի,
«Վիվէ Ժենէ» բուժման եւ վերականգնողական կեդրոնը, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա,
«Փանզի» հիմնադրամը, Միացեալ Նահանգներ եւ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն։
«Աուրորա» մրցանակին առաջադրուած միւս թեկնածուն Ճամիլա Աֆղանին է՝ «Նուռ» կրթական եւ հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան ղեկավարը Աֆղանիստանէն:
Ճամիլա Աֆղանին «Նուռ» կրթական եւ հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան հիմնադիրն է: Ան կ՚աշխատի ընտանիքներուն հետ եւ կը նպաստէ հեռաւոր գիւղերու մէջ աղջիկներուն դպրոցական կրթութիւն ստանալու, աշխատանքներ կը տանի հազարաւոր մահմետական առաջնորդներու՝ իմամներու հետ հաւաստիացնելով կանանց կրթութիւն ստանալու, անոնց իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը՝ համաձայն իսլամական եւ միջազգային օրէնքներուն: Ճամիլա Աֆղանին ուսումնական հաստատութիւնը աւարտելէ ետք աշխատած է կրթութեան բնագաւառէն ներս եւ ծառայած՝ Փեշաուարի փախստականներու ճամբարներուն մէջ ապրող աֆղանցի երիտասարդներուն: Ան բազմաթիւ ընկերային ու տնտեսական ծրագիրներ նախաձեռնած է, որոնք հնարաւորութիւններու դուռ կը բանան կիներու, երախաներու եւ երիտասարդներու համար եւ որոնք կը գործեն Աֆղանիստանի տասնութ շրջաններուն մէջ: Կրօնական փոխըմբռնման «Թանենպաում» կեդրոնը Ճամիլա Աֆղանիին շնորհած է «Կրօնական խաղաղարար» մրցանակը: Աֆղանին արժանացած է նաեւ բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային մըր-ցանակներու:
Իբրեւ ինքզինք ոգեշնչող կազմակերպութիւն Ճամիլա Աֆղանին առաջադրած է Հոգեկերտման եւ հաւասարութեան կիներու իսլամական նախաձեռնութիւնը (WISE), Միացեալ Նահանգներ, Միջկրօնական փոխըմբռնման «Թանենպաում» կենդրոնը, Միացեալ Նահանգներ,
Մարդու իրաւունքներու եւ աջակցութեան Կարամա ցանցը (KNAHR), Աֆղանիստան:
«Աուրորա» մրցանակին առաջադրուած հինգ թեկնածուներէն Մուհամմէտ Տարուիշը կը նկատուի ժամանակակից պատերազմական աշխարհի այսօրուան հերոսներէն մին։ Ան Սուրիոյ Մատայա քաղաքին մէջ դաշտային հիւանդանոցային բժիշկ է, ընդամէնը քսանվեցամեայ երիտասարդ մը, որ պաշարման մէջ գտնուող Մատայա քաղաքին նուիրած է իր կեանքը: Մինչ այլ բժիշկներ լքեցին Սուրիան՝ խուսափելով բռնութիւններէ, հիւանդանոցներու եւ բժիշկներու վրայ պարբերական յարձակումներէ, ռմբակոծումներէ, Տարուիշ նախընտրեց վերադառնալ Մատայա: Ան հոն գտնուող երեք բժիշկներէն մէկն է եւ կը ծառայէ 40 հազար բնակչութեան: Սուրիոյ կառավարական ուժերը բազմիցս սպառնացած են անոր մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալելուն համար: Իր հիւանդներուն՝ գրեթէ վիրաւոր եւ տուժած երախաներուն վիճակը հանգամանօրէն արձանագրելուն միջոցաւ Տարուիշ յաջողած է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Մատայայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ:
Իբրեւ ինքզինք ոգեշնչող կազմակերպութիւն, ան ներկայացուցած է Զուիցերիոյ «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը:
Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութենէն՝ Տենիս Մուքուէկէ «Աուրորա»ի չորրորդ յաւակնորդն է, ան կնաբան-վիրաբոյժ է եւ Փանզի հիւանդանոցին հիմնադիրը: Ան Փանզի հիւանդանոցը հիմնած է 1999 թուականին, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ ընթացող տեւական պատերազմին ընթացքին: Այդ թուականները ցնցումներով լի տարիներ էին Ափրիկէի համար։ Մայրցամաքի ողջ տարածքին կը մոլեգնէին կոտորածներ, պատերազմներ եւ զինուած հակամարտութիւններ, որոնք կազմեցին նորագոյն պատմութեան մռայլ էջերը։ Մարդկութեան դէմ տեղի ունեցած են սոսկալի ոճիրներ՝ ազգային զտումներ, խոշտանգումներ, զանգուածային բռնաբարութիւններ։ Այդուհանդերձ, կան չփառաբանուած հերոսներ, որոնք ամէն օր վտանգած են իրենց կեանքը եւ օգնած՝ աւելի խոցելի վիճակի մէջ գտնուողներուն։ Անոնցմէ մէկը կը նկատուի լայն ռունգերով, սեւամորթ բժիշկ Տենիս Մուքուէկէն, որ մասնագիտացած է մասնաւորապէս սեռական բռնութենէ տուժածներուն ապաքինման ուղղութեամբ։
1999 թուականէն ի վեր Մուքուէկէ իր անձնակազմին հետ օգնած է սեռական բռնութիւններէ տուժած աւելի քան 50 հազար հոգիի: Բացի բժշկական օգնութենէ, անոր հիմնած հիւանդանոցը հիւանդներուն կը տրամադրէ իրաւական, ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւն: Բժիշկ Մուքուէկէ խիզախօրէն կը պայքարի կիները պաշտպանելու եւ սեռական բռնութիւններու պատասխանատուները՝ Քոնկոյի կառավարութիւնը եւ երկրի արեւելքը գրաւած գրոհայինները, պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:
«Մեր առաջին այցելուն կին մըն էր, որուն սեռական օրկաններուն վրայ հրազէնով կրակած էին։ Նախ խորհեցանք, որ այս մէկը դաժանութեան յատուկ դրուագ մըն է իրագործուած ապստամբի մը կողմէ, սակայն Փանզիի հիւանդանոցը դիմող եւ այս ձեւով վիրաւորուած կիներուն թիւը հետզհետէ կը շատնար: Ապստամբները բոլորին մարմնի նոյն մասին վրայ կրակած էին: Մենք անակնկալի եկանք այս աննախադէպ վնասուածքներուն դէմ, քանի որ անոնք կը պահանջէին վիրահատական այնպիսի հմտութիւններ, որոնց մասին երբեք մեզի չէին սորվեցուցած բժշկական համալսարաններուն մէջ», կը յիշէ բժիշկ Տենիս: Տենիս Մուքուէկէ կ՚աշխատէր օրական տասնութ ժամ՝ կատարելով մինչեւ տասը վիրահատութիւն։ Հիւանդանոցը, որ ի սկզբանէ նախատեսուած է յղի կիներու վերահսկողութեան համար, իսկոյն վերափոխուեցաւ սեռական անօրինակ բռնութիւններէ տուժածները ընդունող հիւանդանոցի։
Այցելուները Փանզիի հիւանդանոցէն դուրս գալով այնուհետեւ ստիպուած կ՚ըլլային դիմակայելու նոր մարտահրաւէրի մը՝ հանրային խարանին։ Ափրիկեան երկիրներուն մէջ սեռական բռնութենէն տուժածները յաճախ կը մերժուէին իրենց ընտանիքներուն ու ընկերներուն կողմէ եւ դուրս կը մղուէին շրջապատէն: Այս մէկն իմանալով կազմակերպութիւնը ստեղծեց Maison Dorcas («Ուրախութեան տուն») վերականգնողական կենդրոնը, ուր կիները կը շարունակեն հոգեբանական աջակցութիւն եւ ուղղորդում ստանալ, որպէսզի կարողանան ինքնուրոյն ապրիլ։ Անոնք կը մասնակցին զանազան աշխատանքներու, կը սորվին արհեստներ, համակարգչային ծրագիրներ, անգլերէն լեզուի դասեր, երաժշտութեան եւ պարերու միջոցաւ հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութիւնը վերականգնելու հմտութիւններ: Միեւնոյն ատեն կը սորվին սեփական տուն կառուցել:
Պատերազմը աւարտած է, սակայն սեռական բռնութիւնը տակաւին կը շարունակէ մոլեգնել Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ։ Այսօր ալ, Փանզիի հիւանդանոց կը տարուին ծանր վնասուածքներով բազմաթիւ կիներ, վեց ամսականէն մինչեւ տասնմէկ տարեկան աղջիկներ, սակայն անոնց մարմինը խեղած յանցաւորները հազուադէպ կը գտնուին։ Տենիս Մուքուէկէ վերջին տասնամեակի ընթացքին անանուն անձերու կողմէ բազմաթիւ վտանգներու ենթարկուած է՝ մահուան սպառնալիքներէն մինչեւ իրական մահափորձեր։ 2012 թուականի հակամարտութեան ընթացքին բժիշկն ու իր ընտանիքը հրազէնային յարձակման ենթարկուած են իրենց սեփական տունին մէջ։ Սպաննուած են իր ընկերն ու թիկնապահը։ Փանզիի հիւանդանոցի եւ «Ուրախութեան տան» անձնակազմի անդամները առեւանգած են, ծեծի ենթարկած, բռնաբարած եւ նոյնիսկ՝ սպաննած: Բայց ասոնք երբեք բժիշկը գործէն ետ չեն պահած: Տենիս Մուքուէկէ բուժած, կազդուրած եւ զօրացուցած է սեռական բռնութեան ենթարկուած 30 հազար հիւանդ։
Ան արժանացած է բազմաթիւ պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, այդ կարգին՝ 2014 թուականին ռուս մարդասէր Սախարովի անուան մրցանակին: 2016 թուականին Fortune ամսագիրը բժիշկ Մուքուէկէն ընդգրկած է աշխարհի յիսուն ամենէն ազդեցիկ առաջնորդներուն ցանկին մէջ: Յատկանշական է, որ բժիշկ Մուքուէկն հինգ անգամ առաջադրուած է Նոպէլեան մրցանակի եւ Հարվըրտ համալսարանին կողմէ արժանացած է պատուաւոր տոքթորի կոչման:
Իբրեւ ինքզինք ոգեշնչող կազմակերպութիւն Մուքուէկէ առաջադրած է Շուէտի Yennenga Progress կազմակերպութիւնը եւ 28 Սեպտեմբեր 2009 թուականի զոհերուն, անոնց հարազատներուն եւ ընկերներուն միութիւնը (AVIPA), Կուինէա:
«Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան հինգերորդ յաւակնորդին անունը անցեալ տարուընէ ծանօթ է: Բժիշկ Թոմ Քաթինան անցեալ տարուան յաւակնորդներուն մէջն էր, եւ քանի որ այս տարի ներկայացուած դիմումներուն մէջ բազմիցս կրկնուած է անոր անունը, «Աուրորա»ի յանձնախումբը բժիշկ Քաթինայի անունը այս տարի կրկին ընտրած է իբրեւ գլխաւոր մրցանակի յաւակնորդներէն մին: Թոմ Քաթինան 2007 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգէն Սուտանի մէջ հաստատուած կաթոլիկ միսիոնար մըն է, միակ բժիշկը՝ Սուտանի քաղաքացիական պատերազմէն տուժած Նուպա լեռներուն մէջ, որու բնակչութիւնը կը գերազանցէ կէս միլիոնը: Բժիշկ Թոմ Քաթինա օրական կ՚ընդունի մինչեւ 400 հիւանդ եւ շաբաթը եօթ օր, օրը քսանչորս ժամ հասանելի է հեռաձայնի վրայ: Հիւանդները բժիշկ Քաթինային մօտ բուժուելու համար եօթ օրուան ճամբայ կը կտրեն: Անոնք սովորաբար հիւանդանոց կ՚երթան ռմբակոծութեան հետեւանքով յառաջացած վնասուածքներով եւ զանազան հիւանդութիւններով՝ կտրուածքներէն մինչեւ թերսնուցում եւ ճախնային տենդ: Տեղին սահմանափակ պայմաններուն պատճառով Քաթինա յաճախ ստիպուած կ՚ըլլայ հիւանդները բուժել հինցած միջոցներով: Յաճախ հաստատութիւնը, ուր ան սովորաբար կ՚աշխատի եւ կը գիշերէ, ջուրէ եւ ելեկտրականութենէ զրկուած կ՚ըլլայ: Քաթինայի գնահատմամբ՝ ինք տարեկան հազար վիրահատութիւն կը կատարէ:
Բժիշկ Քաթինան կը նկատուի համաշխարհային բժշկութեան ասպարէզին մէջ նշանաւոր մարդասէր գործիչ մը: 2016 թուականին, «Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներէն մէկը ըլլալով, ան չէ կրցած ժամանել Երեւան, քանի որ հիւանդանոցի միակ բժիշկն է եւ փոխարինող չէ ունեցած: Թոմ Քաթինա միակ վիրաբոյժն է 750 հազար բնակիչ ունեցող տարածքաշրջանի մը մէջ, որ իր տարածութեամբ հաւասար է Աւստրիոյ։ Ան հոն գացած է խաղաղ ժամանակ, սակայն պատերազմը սկսելէն ետք մերժած է լքել իր օգնութեան կարօտ բնակիչները: Ահաւասիկ նիւեորքցի Թոմ Քաթինան ութ տարիէ ի վեր կը բնակի Նուպայի լեռներուն մէջ անորոշ կարգավիճակով: Տեղացիները պատերազմի մէջ են Սուտանի Հանրապետութեան դէմ, սակայն նաեւ չեն ուզեր միանալ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութեան։ Երբ պատերազմը սկսաւ, Թոմ Քաթինային օժանդակող կաթոլիկ առաքելութիւնը փորձեց տարհանել զինք, սակայն ան պնդեց, որ պիտի մնայ…
Իբրեւ ոգեշնչող կազմակերպութիւն, Թոմ Քաթինան նշած է. Ափրիկեան առաքելութեան առողջապահական հիմնադրամը (AMHF), որ կը գործէ Միացեալ Նահանգներու մէջ
Կաթոլիկ առողջապահական առաքելութեան խորհուրդը (CMMB), Միացեալ Նահանգներէն եւ Aktion Canchanabury կազմակերպութիւնը՝ Գերմանիայէն:
«Աուրորա» մրցանակը հիմնած են 100 LIVES («Հարիւր կեանք») նախաձեռնութեան հիմնադիրները՝ յայտնի գործարարներ եւ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Նուպար Աֆէեանը եւ Նիւ Եորքի «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ՝ Վարդան Գրիգորեանը:
«Աուրորա» մրցանակը ստացած հերոսին կը շնորհուի 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն մինչեւ 1.000.000 ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ ներկայացնելով ինքզինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութեան։
Մրցանակը կը յանձնուի 28 Մայիսին, սակայն մինչ այդ, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան «Աուրորա»ին նուիրուած ձեռնարկներ, զրոյցներ, ցուցահանդէսներ: «Աուրորա»ի համահիմնադիրները ամէն ջանք կը գործադրեն, որպէսզի մարդասիրութեան, երախտագիտութեան եւ փրկութեան գաղափարը հայերուն միջոցաւ տարածուի բովանդակ աշխարհին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ