ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԵԱՆՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՔՑՆԵԼ
22 Մարտ 2017. Ուիթընպերկ՝ այսպէս ըսած նախկին արեւելեան Գերմանիոյ գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը: Հոն, ուր Մարթին Լուտեր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, հիմը դնելով նաեւ եկեղեցւոյ ու ընդհանրական կեանքի բարեկարգումի գործընթացին: Այս տարի կը զուգադիպի այս բարեկարգումի շարժումին 500-ամեակին: Գերմանիան եւ շարք մը այլ երկիրներ մեծ հանդիսութիւններով պիտի յիշատակեն այս տարեդարձը: Գերմանիան այս իմաստով ծրագրած է ձեռնարկներու շարք մը՝ ոգեկոչելու համար այս իրադարձութիւնը:
Քաղաքին տարբեր շրջանները ու տակաւին պատմական հիմք ունեցող ամէն կոթող ու թանգարան այցելելով կարելի էր տեսնել բարեկարգումի շարժումին բերած հոգեւոր մեծ նպաստը՝ եկեղեցական, կրթական ու ընկերային շատ մը ոլորտներու մէջ: Բարեկարգումի շարժումը սկսաւ գլխաւորաբար Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ եւ զայն ժողովուրդին տրամադրելի դարձնելու միտումով: Ան նաեւ կրթական-ակադեմական մեծ վերելք մը ստեղծեց՝ վերածուելով ներշնչումի եւ մարդկային, ընկերային ու հաւաքական կեանքերուն տուաւ մեծ սլացք: Այս սլացքն էր, որ շատ յստակ կերպով սկսայ տեսնել երբ կը շրջագայէի պատմական այս քաղաքին մէջ:
Բայց այս քաղաքին ու բարեկարգումի «լուսաւոր» կեանքին մէջ կար «տխուր» եւ «խաւար» երես մը: Ուիթընպերկ քաղաքին կեդրոնական եկեղեցիներէն մէկուն պատին վրայ զետեղուած էր միջին դարերէն մնացած «խոզի» նկար մը ու հրեայ պզտիկներ, որոնք նոյն խոզին կաթէն կը խմէին: Նկարը տեսնողը կը հասկնար, թէ պզտիկները դասուած էին համահաւասար սերունդ եւ պատկանելիութիւն՝ նոյնինքն խոզին:
Հակասեմական տրամադրութիւնները, բայց նաեւ ատելութիւնը ու անոր մթնոլորտը Գերմանիոյ հաւաքական կեանքին մէջ տիրական դարձած են միջին դարերէն սկսեալ, եւ ըստ երեւոյթին բարեկարգումի շարժումն ալ որեւէ ձեւով չէ կրցած «բարեկարգել» այս մթնոլորտը: Իսկ պատմութեան տուեալները աւելիով կ՚ապացուցէին, թէ բարեկարգման շարժումը նաեւ «հրահրած» է այս զգացումները, հասնելով մինչեւ քսաներորդ դարու ողջակիզումին:
Նոյն եկեղեցւոյ կից գտնուող յուշակոթող մը գրաւեց ուշադրութիւնս: Երբ գերմանական պետութիւնը ընդունած է իր գործած քստմնելի ոճիրները՝ առաջարկուած է անոր եկեղեցիի ճակատէն վերցնել այդ նկարը: Տեղւոյն հրեայ հաւաքականութիւնը մերժած է այդ առաջարկը եւ որոշած է այդ նոյն նկարին կողքին զետեղել այլ յուշարձան մը՝ նոյն եկեղեցիին կից, բայց գետինը: Այս պարագային գետինը ունի խորհրդանշական իր պատգամը: Կոթողը կը ներկայացնէր՝ խորհրդանշական ձեւով՝ կիսով բացուած գետինը՝ եւ կարծես գերբնական ուժով մը կը փորձէր դուրս ժայթքեցնել ճշմարտութիւնը: Կոթողին միտք բանիին մէջ չեն մոռցած յիշատակելու թէ՝ «կարելի չէ կեանքի ճշմարտութիւնը թաքցնել»:
Մարդկային կեանքին ու անոր պատմութեան մէջ գործադրուած քստմնելի մէկ ոճիրին ու ողջակիզումի իրականութիւնն էր, որուն դէմ յանդիման կանգնած էի: Կանգնած էի յուզումով եւ յուսախաբութեամբ: Հարց կու տայի, թէ ինչպէ՞ս մարդկային միտքն ու բանականութիւնը կրնան այսքան ոճիր հանդուրժել: Այս երկու կոթողներուն մօտ՝ նաեւ ցանած էին Մայրիի ծառ մը: Անզգալաբար անցայ Մայրիի ծառին տակը, որովհետեւ զգացի հարազատ. վերջապէս իմս էր՝ լիբանանեանը: Ուիթընպերկի մէջ Մայրիի ծառը իր կարգին ունէր խորհրդանշական այլ պատգամ: Կեանքին պատգամն էր այդ. անիկա կեանքին շարունակականութեան հաւատալու եւ անոր վերապրելու իրականութեան ամուր կառչելու գրաւականն էր: Իբրեւ լիբանանահայ ապրած էի կեանքին ու անոր շարունակականութեան նկատմամբ հաւատքը, որովհետեւ Լիբանանի երկար տարիներու պատերազմին արհաւիրքն ու անոր դժուար փորձառութիւնները առկայ էին, ինչպէս որ այդ դժուար փորձառութեան մէջ վերապրելու հրամայականը ինքզինք կը փաստէր:
Ճիշդ է, որ Մայրիի ծառին տակ հանգիստ զգացի եւ ապահով՝ բայց անպայմանօրէն սկսայ ապրիլ իմ՝ հայուն ցաւը: Հայոց եղեռնի ցաւը ու այդ ահաւոր ատելութիւնը (իմա՝ խոզի կերպարը), որ գործադրուեցաւ հայուն դէմ: Մէկ կողմէ հայուն նահատակութիւնն ու տեղահանումը, իսկ միւս կողմէ՝ հայոց լեզուին, մշակոյթին եւ հաւատքին դէմ գործուած չարիքն ու ամբողջ ժողովուրդի մը արմատախիլ ըլլալը՝ իր պապենական հողերէն…:
7 Ապրիլ 2017. Նիկոսիոյ խորհրդարան: Կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան՝ կը խօսի Կիպրոսի խորհրդարանին եւ Հայոց եղեռնի յիշատակին մասին: Մինչ կը լսէի Վարդգէսը, մտքիս մէջ կը փորձէի Նիկոսիոյ մէջ ունեցած այս իր ելոյթը կամրջել այն պահուն, որ ապրեցայ Ուիթընպերկի մէջ: Վարդգէս Մահտեսեան խօսեցաւ քսաներորդ դարու առաջին արհաւիրքին համար. ան անդրադարձաւ հայուն նահատակութեան, չարչարանքին, հայոց ինչքերուն եւ կալուածներուն կողոպուտին, անոր ենթարկուած թալանին, կրած ահաւոր տանջանքին եւ տեղահան դառնալուն: Վարդգէս Մահտեսեան իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց նաեւ կիպրական կառավարութեան, որ աշխարհի երկրորդ երկիրն էր՝ հայուն այս «կեանքի ճշմարտութիւնը» ճանչցող, ինչպէս նաեւ եղեռնի ժխտումը իբրեւ քրէական օրէնք հաստատող պետութիւն:
Վարդգէս Մահտեսեանի երախտագիտական խօսքին անմիջապէս յաջորդեց եզրափակիչ խօսք մը, որ անոր սրտին ու մտքին արտայայտութիւնն էր: Ինչպէս ամէն հայ Վարդգէս Մահտեսեան եւս սորված էր կեանքին պատմութիւնը կամրջել սրտով ու մտքով:
Ճիշդ է, որ Հայոց եղեռնէն մէկ դար անցած է, սակայն հայը կը շարունակէ պայքարը՝ հասնելու համար իր պատմութեան ճշմարտութեան, կառչած մնալով իր իրաւունքներուն:
Վարդգէսին խօսքը ունեցաւ իր համոզիչ գրաւականը, այն իմաստով, որ հայը պիտի շարունակէ պայքարիլ, առանց թաքցնելու կեանքի ճշմարտութիւնները:
Ճշմարտութիւնն է, որ պիտի ճեղքէ պատմութեան բոլոր հոլովոյթները (իմա գետինները) եւ ճշմարտութեան ուժով է, որ պիտի ժայթքեցնէ իր արդար պահանջը՝ իրաւունքը:
Ուիթընպերկէն մինչեւ Նիկոսիա ապրեցայ ցաւը, բայց նաեւ ճշմարտութիւնը եւ այն իրականութիւնը, թէ կեանքի մէջ ճշմարտութիւնը կարելի չէ թաքցնել:
Մինչեւ օրս հայուն պատմութիւնը կը շարունակեն խեղաթիւրել, բայց անոր դիմաց կայ պատմութեան ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտացիութիւնը: Հայը ունի իր այսօրը եւ այսօրէն կը նայի դէպի վաղուան:
Հայը չէ յուսահատած իր իրաւունքը պահանջելէ, որովհետեւ հաւատացած է ու տակաւին կը հաւատայ, թէ «կարելի չէ կեանքի ճշմարտութիւնը թաքցնել»: Եւ իբրեւ այդպիսին, հայը կը յիշէ ու կը պահանջէ. ան պիտի շարունակէ յիշել եւ պահանջել, որովհետեւ հաւատացած է, թէ իր «կեանքին ճշմարտութիւնը» անպայման պիտի պարտադրուի:
Այս ճշմարտութեան եւ արդարացիութեան նկատմամբ հայուն հաւատքն է, որ կը ծառայէ պատմութիւնը նենգափոխելու եւ խեղաթիւրելու բոլոր փորձերուն դէմ պայքարելու իբրեւ իւրայատուկ ուժ: Այդ հաւատքը երբեք կարելի չէ հարուածել կամ պարտութեան մատնել:
Հայը պիտի շարունակէ հաւատալ, թէ այսօր կեանքի ճշմարտութեան ուժը պիտի հաստատուի, իբրեւ արդար ու ապրող իրաւունք: Ահա այս հաւատքով է, որ հայը պիտի շարունակէ աշխատիլ՝ կերտելու համար այս արդար ու ապրող իրաւունքը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ