ՄՕՏ ՕՐԷՆ ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի մէջ ներկայ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ աստիճանաբար կը հասուննան նոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքները։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող եւ վերջին ընտրութիւններէն դարձեալ մեծամասնութիւն ապահովելով դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կը պատրաստուի դարձեալ համախոհութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) հետ։ Վերջին շաբաթներուն այս խնդիրը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։
ՀՀԿ-ի գործադիր մարմնի երէկուան նիստէն վերջ, կուսակցութեան բանբերը՝ Եդուարդ Շարմազանով վերստին անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ըստ իրեն, մօտ օրէն ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ պիտի ստորագրուի համագործակցութեան նոր փաստաթուղթ մը։ Ըստ բանբերին, ընդհանուր հարցերու շուրջ գտած են համաձայնութեան եզր մը դաշնակցականներուն հետ։ Շարմազանով մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած յառաջիկայ համագործակցութեան ձեւաչափին մասին ու բաւարարուած է մատնանշելով, որ իրենց համար էական է՝ ծրագրային տեսլականի շուրջ ներդաշնակութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները կը քննադատեն ՀՅԴ-ն՝ ՀՀԿ-ի հետ համագործակցելու եւ իշխանութեան ձեռքը գործիք մը դարձած ըլլալու համար։