ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին իր կողքին էր նախարարութեան Համահայկական ծրագրերու վարչութեան պետ Գագիկ Կեանճումեան։ Իր յայտարարութիւններուն ընթացքին փոխ-նախարարը տեղեկութիւններ տուաւ այն ծրագրերուն շուրջ, որոնց հետամուտ է Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագրերուն, «Կ՚երգենք Կոմիտաս» փառատօնին, «Հայապահպանութեան գործի մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ «Յոյսի եւ վերածնունդի ճանապարհով» խորագրեալ շաբթուան ծիրէն ներս կայանալիք ձեռնարկներուն շուրջ։
Սերժ Սրապիոնեան բացատրեց, որ նախարարութիւնը կ՚աշխատի արտակարգ ու ծանրաբեռնուած ձեւով։ Իր խօսքերով, ամէն տարի կ՚աւելնայ թիւը այն սփիւռքահայերուն, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ նախարարութեան ծրագրերուն։ «Անցեալ տարիներուն ընթացքին միայն «Արի տուն» ծրագրով Հայաստան այցելած է շուրջ 8 հազար պատանի», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ սա կենսունակ ծրագիր մըն է ու յաջողած է կեանքի մէջ բռնել քննութիւն։ «Անգամ մը Հայաստան այցելելով՝ անոնք կը տեսնեն, կը ճանչնան, կը սիրեն եւ կը կապուին հայրենիքին, զիրենք հիւրընկալող ընտանիքներու անդամներուն հետ», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան եւ աւելցուց, որ այս ծրագիրը իսկական կամուրջ մըն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Մինչ այդ, բազմաթիւներ ալ արդէն իսկ հաստատուած են Հայաստանի մէջ։
Փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ սփիւռքահայ գործարարներուն նկատմամբ՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ սեփական գործ հաստատելու հարցերուն շուրջ։ Իր խօսքերով, արդէն բազմաթիւ են Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ յաջող գործարարութեան տէր սփիւռքահայերու օրինակները։
Իր կարգին, Գագիկ Կեանճումեանն ալ նշեց, որ նախարարութիւնը միշտ կը խրախուսէ Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումն ու անոր զարգացման հետամուտ կազմակերպութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ կը գնահատուին նոյն նպատակին հետամուտ զանազան խումբեր եւ անհատներ, որոնց գործունէութիւնը կը գնահատուի եւ կ՚արժեւորուի։
Ասուլիսի տեւողութեան ատենախօսները պատասխանեցին նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։