ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՄԷՋ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր Մալ­թա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհրդա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) նա­խըն­թաց օր ո­րո­շած էր վերս­տին քա­ղա­քա­կան հա­կակ­շիռ սահ­մա­նել Թուր­քիոյ պա­րա­գա­յին։ Այդ ո­րո­շու­մը տե­ղի տուած էր թրքա­կան կող­մի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան, թէեւ ԵԽԽՎ-էն հա­սած էին ո­րոշ մեղ­մաց­ման ազ­դան­շան­ներ։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, այդ ո­րոշ­ման ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դած օ­րե­րուն Մալ­թա­յի մէջ այ­սօր ա­ռա­ջին շփու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի եւ Պրիւք­սե­լի մի­ջեւ։

Եւ­րո­միու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի եւ Մալ­թա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժորժ Վել­լա­յի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով Չա­վու­շօղ­լու կը մաս­նակ­ցի այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու ձե­ւա­չա­փը ան­պաշ­տօն է։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին ար­դի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ նա­խա­րար­նե­րը կ՚ու­նե­նան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։

Ա­նգա­րա-Պրիւք­սել ա­ռանց­քին վրայ վեր­ջին շրջա­նին առ­կայ է լուրջ լա­րուա­ծու­թիւն։ Նման ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի Մալ­թա մեկ­նի­լը կը հա­մա­րուի շատ կա­րե­ւոր։ Թէ՛ ԵՄ-ի ան­դամ եւ թէ ան­դա­մակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու եր­կիր­նե­րու նա­խա­րար­նե­րը ներ­կայ կը գտնուին Մալ­թա­յի մէջ, ուր ա­մէն խնդիր կ՚ար­ծար­ծուի բաց ձե­ւով։

Չա­վու­շօղ­լուին շուրջ շա­բաթ մը ա­ռաջ հաս­ցէագ­րուած այս հրա­ւէ­րը բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն ար­ժե­ւո­րուած է Ան­գա­րա­յի մէջ եւ ի վեր­ջոյ ո­րո­շուած է եր­թալ ըն­դա­ռաջ։ Չա­վու­շօղ­լուի Մալ­թա­յի շփում­նե­րը ու­նին նաեւ այլ կա­րե­ւոր ե­րե­սակ մը։ Ար­դա­րեւ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան շուրջ ա­միս մը վերջ Պրիւք­սե­լի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Այդ այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն ան բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Եւ­րո­միու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն հետ։ Հե­տե­ւա­բար, Չա­վու­շօղ­լուի Մալ­թա­յի շփում­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան բնոյթ պի­տի ու­նե­նան՝ Էր­տո­ղա­նի այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017