ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԼՈՒԽԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի վե­րա­դառ­նալ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան գլու­խը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէով կա­տա­րուած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեամբ՝ հնա­րա­ւոր դար­ձած է, որ­պէս­զի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ըլ­լայ կու­սակ­ցա­կան մը։ Այս հի­ման վրայ Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին վերս­տին պի­տի գլխա­ւո­րէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­դիր կու­սակ­ցա­պետն է։ Ե­րէկ, Ան­գա­րա­յէն հա­սան լու­րեր, ըստ ո­րոնց ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի 21-ին պի­տի ձեռ­նար­կէ ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րի, ո­րու ար­դիւն­քին Էր­տո­ղան պի­տի վե­րա­դառ­նայ կու­սակ­ցու­թեան գլու­խը։ Սա Թուր­քիոյ բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան կեան­քէն ներս պի­տի ըլ­լայ ան­նա­խըն­թաց ե­րե­ւոյթ մը։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին՝ Մա­յի­սի 2-ին նա­խա­տե­սուած է կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր մարմ­նին ժո­ղո­վը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի։ Այդ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րի ո­րո­շու­մը պի­տի ըն­դու­նուի պաշ­տօ­նա­պէս եւ Մա­յի­սի 21-ին ալ այդ մէ­կը պի­տի գու­մա­րուի։ Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցա­պետ ընտ­րուե­լուն զու­գա­հեռ՝ կը նա­խա­տե­սուին փո­փո­խու­թիւն­ներ թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ թէ կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր մարմ­նի կազ­մե­րուն մէջ։

ՎԵՐՋ­ՆԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ

Մինչ այդ, Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կեց 16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէին վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը։ Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Սա­տի Կիւ­վէն տե­ղե­կա­ցուց, որ «ա­յո»նե­րը 51.41 տո­կոս կազ­մած են, իսկ «ոչ»ե­րը՝ 48.59։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սա­տի Կիւ­վէն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ, թէ խոր­հուր­դը ին­չու ըն­թացք չէ տուած հան­րա­քուէի չե­ղարկ­ման պա­հանջ­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, լիար­ժէք ա­պօ­րի­նու­թիւն մը կամ մի­ջամ­տու­թիւն մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ։ Խոր­հուր­դին չէ հա­սած նաեւ ո­րե­ւէ ա­պա­ցոյց՝ քուէ­նե­րու գող­ցուած ըլ­լա­լուն մա­սին։

Միւս կող­մէ, գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ կը շա­րու­նա­կէ յա­մառ աշ­խա­տանք տա­նիլ՝ հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը վի­ճար­կե­լու նպա­տա­կով։ Նա­խըն­թաց օր յայ­տա­րա­րուած էր, որ ՃՀՓ այս հար­ցին շուրջ դի­մում պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին մօտ։ Ե­րէկ ալ կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յայտ­նեց, թէ խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի բե­րեն նաեւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց կո­մի­տէին մօտ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017