«ԹՌՉԻՐ ԻՆՁ ՀԵՏ»
«Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ մեներգչուհի Արծուիկ Յարութիւնեան, որ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ եւ ընդգծեց, թէ պիտի ջանայ ընել լաւագոյնը։
«Եւրոտեսիլ»ի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանն ալ լրագրողներուն տեղեկացուց, թէ Արծուիկ Յարութիւնեան ելոյթ պիտի ունենայ 16 համարով։ Արծուիկի ներկայացնելիք երգի մեղեդային գիծը կը համադրէ աշխարհի զանազան էթնիք երաժշտութիւններու առանձնայատկութիւնները եւ անոնց ընդհանրութիւնները։ Անգլերէն այդ երգը կը կոչուի թարգմանաբար՝ «Թռչիր ինձ հետ»։ Երաժշտութեան համահեղինակներն են Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեանները, իսկ խօսքերու համահեղինակները՝ Աւետ Բարսեղեանն ու Դաւիթ Ծերունեանը։
«Եւրոտեսիլ-2017» մրցոյթը այս տարի տեղի կ՚ունենայ Քիեւի մէջ՝ քանի որ անցեալ տարի Ուքրայնան հանդիսացած էր առաջին։ «Տօնենք բազմազանութիւնը» կարգախօսով կազմակերպուած մրցոյթին կէս աւարտականները տեղի պիտի ունենան Մայիսի 9-ին եւ 11-ին։ Մայիսի 13-ին ալ տեղի պիտի ունենայ բուն մրցոյթը։