ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԸՆ­ՏԱ­ՆԵ­ԿԱՆ ԴԺԲԱԽ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

Ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը՝ հայր, մայր եւ զա­ւակ­ներ, գրե­թէ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ դադ­րած է Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին։ Հի­մա միա­սե­ռա­կան (gay) եր­կու այ­րեր կամ միա­սե­ռա­կան (lesbian) եր­կու կի­ներ՝ կրնան զա­ւակ որ­դեգ­րել եւ ըն­տա­նիք կազ­մել…

Դեռ վեր­ջերս՝ Նա­խա­գահ Պարաք Օ­պա­մա­յի շրջա­նին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գե­րա­գոյն ա­տեա­նը ո­րո­շում  կա­յա­ցուց (5-4  ձայ­նով), որ այր մար­դիկ, ո­րոնք ինք­զինք­նին զգա­ցու­մով կին կը հա­մա­րեն, կրնան կի­նե­րու յա­տուկ ար­տաք­նոց գոր­ծա­ծել։ Փո­խա­դար­ձա­բար ալ կի­ներ, ո­րոնք ինք­զինք­նին զգա­ցու­մով այր կը հա­մա­րեն, կրնան այ­րե­րու յա­տուկ ար­տաք­նոց գոր­ծա­ծել։ Ա­սոնք transgender կը կո­չուին, որ մեր բա­ռա­րա­նին մէջ՝ տա­կա­ւին նոյ­նի­մաստ թարգ-­մա­նու­թիւն չու­նի։

Հի­մա անց­նինք մեր բուն նիւ­թին եւ խօ­սինք Մի­շի­կըն նա­հան­գի Տիթ­րոյթ քա­ղա­քին մէջ բնա­կող Մէյ­սըն ա­նու­նով ըն­տա­նի­քի մը մա­սին, որ կը բաղ­կա­նայ եօ­թ ան­դամ­նե­րէ՝ հայր, մայր, չորս աղ­ջիկ եւ մէկ մանչ զա­ւակ։

Ըստ վե­րո­յի­շեալ նկա­րին՝ ա­մէն ինչ բնա­կան կը թուի ըլ­լալ, սա­կայն ե­կուր տես որ 2015 թուա­կա­նին բո­լո­րո­վին յե­ղաշր­ջուե­ցաւ այս ըն­տա­նի­քը։ Հի­մա թոյլ տուէք, որ բա­ցատ­րեմ, թէ ի՛նչ փու­լե­րէ ան­ցան ա­նոնք եւ հի­մա ո՛ւր կը գտնուին որ­պէս «ըն­տա­նիք։»

Ու­րեմն, գե­ղա­գի­տա­կան նուրբ գոր­ծո­ղու­թեամբ մը՝ որ ար­տօ­նուած է հոս, ըն­տա­նի­քի 39-ա­մեայ մայ­րը կը դառ­նայ այր եւ կը կո­չուի Է­րիք, իսկ ըն­տա­նի­քի 15-ա­մեայ մանչ զա­ւա­կը նոյն գոր­ծո­ղու­թեան են­թար­կուե­լով՝ կը դառ­նայ աղ­ջիկ եւ կը կո­չուի Քո­րի տես նկա­րը։ Մէկ խօս­քով՝ մայր ու տղայ կ՚ըլ­լան հայր ու աղ­ջիկ…

Ներ­կայ հա­շուով՝ Մէյ­սըն ըն­տա­նի­քը ու­նի հինգ աղ­ջիկ զա­ւակ եւ եր­կու հայր: Ե­թէ կրնաս, հաշ­տուէ այս ի­րա­կա­նու­թեան հետ եւ ըն­դու­նէ զայս՝ որ­պէս միա­բան սի­րով շա­ղա­խուած օ­րի­նա­ւոր ըն­տա­նիք մը։ Առ՝ քե­զի դրախ­տա­վայր Ա­մե­րի­կա։

ՈՐ­ԴԵԱՍ­ՊԱ՞Ն

Նիւ Եորք նա­հան­գի Կիլ­ֆըրտ քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րէն 35-ա­մեայ Էօր­նըսթ Ֆրանք­լին եւ կի­նը՝ 33-ա­մեայ Հե­տըր, ամ­բաս­տա­նուած են ի­րենց որ­դե­գիր զա­ւա­կը՝ 16-ա­մեայ Ճեֆ­րին սպա­ննած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով։ Ա­ռա­ւել՝ ա­նոնք ի­րենց մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը ծած­կե­լու հա­մար, ի­րենց տու­նը հրկի­զած են՝ ձե­ւաց­նե­լու հա­մար, որ բնա­կան ա­ղէտ մըն էր պա­տա­հա­ծը։

Դժբախ­տա­բար սա­կայն բուն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տուած է տե­ղա­կան գաղտ­նի ոս­տի­կան­նե­րու եւ հրշէջ­նե­րու ձեռ­նար­կած ման­րակր­կիտ հե­տա­խու­զու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով եւ ա­նոնք հի­մա բան­տար­կուած են, սպա­սե­լով դա­տա­վա­րու­թեան։ Սա ա­պա­ցոյց է որ ար­դա­րու­թիւ­նը՝ թէեւ կ՚ու­շա­նայ, բայց միշտ ե­րե­ւան կ՚ել­լէ ու յան­ցա­ւոր­նե­րը ի­րենց ար­դար պա­տի­ժը կը կրեն։

Մի­ջան­կեալ ը­սեմ, որ Էօր­նըսթ պա­տե­րազ­մի գա­ցած վե­թե­րան մըն է, որ 2011 թուականին ա­մուս­նա­ցած է Հետը­րի հետ եւ այր ու կին միա­սին որ­դեգ­րած են Ճեֆ­րին՝ նոյն տա­րին։

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ նաեւ, որ ի­րենց որ­դեգ­րած զա­ւա­կը՝ Ճեֆ­րին, կա­րի­քա­ւոր էր (disabled) եւ պէտք ու­նէր յա­րա­տեւ խնամ­քի։ Իսկ «Բա­րի Սա­մա­րա­ցի» ազ­գա­կան­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը՝ հա­ւա­տա­լով որ հրկի­զու­մը ար­դիւնքն էր փայ­տէ վա­ռա­րա­նին ար­ձա­կած կայ­ծե­րուն, 11.000 տո­լար հա­ւա­քած են, որ­պէս­զի ա­մէն ինչ կորսն­ցու­ցած ըն­տա­նի­քը կա­րե­նայ առ­ժա­մեայ բնա­կա­րան մը գտնէ եւ հաս­տա­տուի…

Սա­կայն, ե­թէ փաս­տուի Ֆրենք­լին ա­մո­լին գոր­ծած յան­ցան­քը, նուի­րա­տու­նե­րը պի­տի վերս­տա­նան ի­րենց սի­րա­յօ­ժար կեր­պով տրա­մադ­րած գու­մար­նե­րը։

Այս պա­րա­գա­յին՝ որ­դե­գիր ըլ­լա­լը երկ­րոր­դա­կան է, քա­նի յան­ցան­քը մար­դաս­պա­նու­թիւն է եւ այդ ալ զաւ­կի սպան­ու­թիւն, չէ՞ք խոր­հիր:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2017