ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ո­րո­շուե­ցաւ հա­մա­հայ­կա­կան նոր ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօն մը հաս­տա­տել՝ «Նա­յի­րի» ա­նուան տակ։ Հա­մա­հայ­կա­կան այս ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի հաս­տատ­ման հան­դի­սա­ւոր նիս­տը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեա­նի, գե­ղա­րուես­տա­կան խոր­հուր­դի, դա­տա­կազ­մի եւ լրագ­րող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ազ­դա­րա­րե­լով փա­ռա­տօ­նի ծնուն­դը Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ը­սաւ. «Մեծ է հայ մշա­կոյ­թի դե­րը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ եւ այս ա­ռու­մով՝ նման ձեռ­նարկ­նե­րը մեծ ազ­դակ­ներ են»։ Իր կար­գին, Ար­մէն Ա­մի­րեանն ալ յայտ­նեց. «Ար-ւես­տը լա­ւա­գոյն հար­թակն է, որ կ՚ա­պա­հո­վէ մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն սփռուած մեծ հայ­րե­նա­կից­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան եւս մէկ ձեռ­նար­կի մի­ջո­ցաւ կա­պուիլ Հա­յաս­տա­նին ու ծա­ռա­յել հայ­րե­նի­քին։ Կա­րե­ւոր է պահ­պա­նել ազ­գա­յի­նը»։

Սփիւռ­քի Փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան օր մը ա­ռաջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ «Նա­յի­րի» ժո­ղովր­դա­կան նուա­գա­րան­նե­րու փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հան­քա­ւա­նի մէջ։

Միւս կող­մէ, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը՝ ի պա­տիւ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գա­հան, հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան կեն­դա­նի ա­ռաս­պել Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի։ Այս առ­թիւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խա­րա­րու­թեան Ոս­կէ մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րեց մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէ­տը։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017