ԶԱՆԳԱԿԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Միշտ խոր­հուրդ մը կ՚արթնց­նէ զան­գա­կը, երբ կը ղօ­ղան­ջէ։

Զան­գա­կին ղօ­ղան­ջիւ­նը խորհր­դա­ւոր է, քա­նի որ ան մարդս կը փո­խադ­րէ բո­լո­րո­վին տար­բեր աշ­խարհ՝ մտա­ծում­նե­րու եւ հո­­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու մի­ջա­վայր մը։

Մա­նա­ւանդ երբ ղօ­ղան­ջո­ղը ե­կե­ղե­ցիի մը զան­գակն է՝ մար­դուս ա­կան­ջին ա՜յն­քան քաղցր կը հնչէ, որ­քան ե­րաժշ­տա­կան ա­նուշ հնչի՜ւն մը։ Այս ի­մաս­տով ե­կե­ղե­ցիի զան­գա­կին ղօ­ղան­ջը՝ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­լի է հա­մա­րել։ Եւ ե­րաժշ­տու­թեան ա­մէն տե­սա­կը ինքն իր մէջ խոր­հուրդ մըն է, եւ հո­գե­ւոր ո­գե­ւո­րու­թի՛ւն։

Ան­շուշտ ե­կե­ղե­ցիի զան­գա­կը ու­նի նաեւ մտա­ւոր խան­դա­վա­ռու­թեան ազ­դե­ցու­թիւն մըն ալ. մարդ երբ կը լսէ այդ ձայ­նը՝ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի մտա­ծում­նե­րու, ո­րոնք զայն աշ­խար­հի կեան­քէն կը փոխադ­րեն մտա­ւոր կեան­քի մը ան­հա­սա­նե­լի հո­րի­զոն­նե­րուն, ան­վերջ սահ­ման­նե­րուն։

Զան­գա­կին ղօ­ղան­ջը եւ ա­մէն ե­րաժշ­տու­թեան քաղցր հնչիւ­նը տար­բեր աշ­խար­հի մը դռ­նե­րը կը բա­նան մար­դուս ան­հուն ե­րե­ւա­կա­յու­թեան առ­ջեւ՝ ուր կայ բո­լո­րո­վին տար­բեր աշ­խարհ մը, նո՛ր աշ­խարհ մը…։

Այս ե­րե­ւոյ­թին պատ­ճա­ռը թե­րեւս հո­գիին մէջ է, քան բո՛ւն ինքն զան­գա­կին մէջ։

Ար­դա­րեւ, որե­ւէ ձայ­նի հնչա­կան ու ներ­դաշ­նակ թրթռում­նե­րը, ի­րենց մէջ, իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թե­նէ զուրկ կրնան ըլ­լալ, բայց ա­նոնց ար­ձա­գա՛նգն է, որ հո­գիին մէջ ի­մաստ մը կու տայ, ըլ­լայ զան­գակ կամ ու­րիշ ո­րե­ւէ ե­րաժշ­տու­թիւն, ձայ­նա­կան գոր­ծի­քէ ար­ձա­կուած հն­չա­կան թրթռում­նե­րուն։

Ար­ձա­գանգն է, որ կը տպա­ւո­րէ, կ՚ազ­դէ հո­գիին եւ կ՚ո­գե­ւո­րէ, կը խան­դա­վա­ռէ զայն։ Ճի՛շդ այն­պէս, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պղա­տոն՝ թէ մենք ո՛չ թէ ճշմար­տու­թիւ­նը կը տես­նենք, այլ՝ ա­մէն ճշմար­տու­թեան ստուե­րը կամ հե­ռա­ւոր նմա­նու­թիւ­նը միա՛յն։ Այս ի­մաս­տով զան­գա­կը միայն ձայն մը չէ՛ որ կ՚ար­ձա­կէ եւ մարմ­նա­կան ա­կան­ջով կը լսուի։ Ա­ւե­լին է ան։ Զան­գա­կը ե­կե­ղե­ցիին՝ ա­ղօթ­քի, հա­ւատ­քի, պաշ­տա­մուն­քի եւ բո­լոր հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր ապ­րում­նե­րու դա­րա­ւո՜ր պատ­մու­թեան յու­շա­րար մըն է՝ անդ­րա­դարձ­ման ա­ռիթ մը այդ բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռօ­րեայ կեան­քի զբա­ղում­նե­րու մէջ ան­տե­սուած կը մնան շատ ան­գամ, դժբախ­տա­բար։ Զան­գա­կը Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թեան յայ­տա­րար ձա՛յնն է, Աս­տու­ծոյ սի­րոյն, Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեան՝ ո­րոնց մէջ մար­դիկ կը գի­տակ­ցին ի­րենց եղ­բայ­րու­թեան՝ իբ­րեւ որ­դի­ներ միա՛կ հօր մը, տիե­զեր­քի ստեղ­ծի­չին՝ Աս­տու­ծո՛յ։

Զան­գա­կը մար­դուս մէջ կը ներշն­չէ վստա­հու­թեան ո­գին, թէ՝ զինք կը կան­չէ վստա­հե­լու, ա­պա­ւի­նե­լու մէ­կու մը՝ որ ա­մե­նա­կա­րող է եւ ա­մե­նավս­տա­հե­լի։ Եւ զան­գա­կին ձայ­նով մարդ կը զգայ, թէ մի­նակ չէ՛ այս աշ­խար­հի վրայ, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­ռան­ձին է ան։

Զան­գա­կի ղօ­ղան­ջը հե­ռուի այն ձայնն է՝ որ կը մօ­տեց­նէ ի­րեն իր Ստեղ­ծի­չը, իր Նա­խախ­նա­մը, իր ա­պա­ւէ­՛նը։

Զան­գա­կին ղօ­ղան­ջով մարդ կը զգայ՝ թէ պաշտ­պան մը ու­նի՝ ո՛չ թէ հե­ռո՜ւն, այլ իր ան­մի­ջա­պէս մօ՛­տը։ Զան­գա­կը, այս ի­մաս­տով, պաշ­տա­մուն­քի հրա­ւէր մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի՝ կո՛չ մըն է վստա­հու­թեան։

Ար­դա­րեւ վստա­հու­թիւ­նը՝ մար­դուս պա­տաս­խանն է հա­ւատ­քի մի­ջո­ցաւ, Աս­տու­ծոյ Ինք­զինք յայտ­նու­թեան։ Աս­տուած Ինք­զինք կը յայտ­նէ, եւ մարդ հա­ւատ­քով, վստա­հու­թիւն ցոյց տա­լով կը պա­տաս­խա­նէ Ա­նոր։ Հօր եւ որ­դիի յա­րա­բե­րու­թիւն մըն է՝ Աս­տուած ու մարդ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

Զան­գա­կը միու­թեա՛ն կոչ մը, հրա­ւէր մի­ջոց մըն է նաեւ։ Եւ երբ զան­գա­կը կը ղօ­ղան­ջէ եւ պաշ­տա­մուն­քի կը հրա­ւի­րէ ան­հա­տը՝ կը հրա­ւի­րէ նաեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, այ­սինքն միու­թեան, կապ հաս­տա­տե­լու, յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կե­լու ան­հատ­նե­րու մի­ջեւ եւ ըլ­լա­լու՝ «մէ՛կ», հաս­տա­տե­լով «միու­թիւն» մը զօ­րա­ւոր։

«Ե­թէ եղ­բօրդ հետ հարց մը, խնդիր մը ու­նիս, ձգէ՛ զոհդ, նախ հաշ­տուէ՛ ա­նոր հետ, եւ ա­պա՝ դար­ձի՛ր եւ զոհդ մա­տու­ցա­նէ»։ Կար­ծեմ զան­գա­կի ղօ­ղան­ջին ա­մե­նէն խոր ի­մաս­տը հո՛ս է. մէ՛կ ըլ­լալ՝ ար­տով եւ հո­գիով, եւ ա՛յդ­պէս մօ­տե­նալ Աս­տու­ծոյ, ա՛յդ­պէս ըն­դու­նիլ հրա­ւէ­րը։

Ա­մէն զան­գա­կի ղօ­ղան­ջին խոր­հինք մե՛զ վշտա­ցու­ցած­նե­րը եւ մե՛ր վշտա­ցուցա­ծ­նե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015