ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒԻ

Վե­նե­տի­կի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին քա­ղա­քին մէջ տե­ղադ­րել  յա­տուկ սար­քա­ւո­րում­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցով պի­տի ո­րո­շեն ի­րենց այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ո­րոշ թի­ւը:

Ե­թէ նման ո­րո­շու­մը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նայ Ի­տա­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ, ո­րու ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին վրայ կը գտնուի Վե­նե­տի­կը, ա­պա ար­դէն մօտ ա­պա­գա­յին սահ­ման­նե­րուն տե­ղադրո­ւած պի­տի ըլ­լան յա­տուկ «մարդ­կա­յին հա­շուիչ­ներ»:

Այս ո­րոշ­ման պատ­ճա­ռը այն է, որ հա­շուարկ­նե­րու հի­ման վրայ քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին շու­տով սահ­մա­նա­փա­կել հոս­քը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու, ո­րոնք մշտա­պէս ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն: Միայն ան­ցեալ տա­րի Մարտ ամ­սուն քա­ղաք ժա­մա­նած են շուրջ 300 հա­զար զբօ­սաշր­ջիկ՝ Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար, մինչ­դեռ բուն վե­նե­տիկ­ցի­նե­րու թի­ւը քա­ղա­քին մէջ կը կազ­մէ ըն­դա­մէ­նը 270 հա­զար: Տե­ղա­ցի­նե­րը եր­բեք չեն կրնար հան­գիստ զբօս­նուլ քա­ղա­քին մէջ, քա­նի որ յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­կան հա­տուած­նե­րէն ներս «ա­սեղ ձգե­լու» տեղ չ՚ըլ­լար, գի­շեր­ներն ալ չեն կրնար քնա­նալ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մեծ խում­բե­րու աղ­մու­կէն, ինչ­պէս նաեւ այս ու այն կողմ շար­ժուող ճամպ­րուկ­նե­րու ա­նիւ­նե­րու ձայ­նէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017