ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՆՄՈՅՇՆԵՐ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, մեծարուեցաւ Նոր Ջուղայէն սերած Միրմանեան գերդաստանի վերջին ժառանգը՝ Մանուելա Սալվինի տէ Գիրակ Միրման, որ կը բնակի Իտալիոյ Լիպերնօ քաղաքին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Մատենադարանին նուիրաբերած է Գիրակ Միրման գերդաստանի շուրջ երեք դար վաղեմութեամբ (1724 թուական) մագաղաթեայ ձեռագիր մատեանը՝ ընտանիքի տոհմածառին հետ։ Այդ մէկը սկիզբ կ՚առնէ 1364 թուականէն, Հին Ջուղայէն սերած Ալավերդի Միրման անունով նախապապէն եւ կ՚աւարտի 1738 թուականով՝ ընտանիքէն Կրեկորիօ անունով անձով մը։
Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ նուիրաբերուած փաստաթուղթերը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին ուշ միջնադարու հայկական գաղթօճախներու, գաղթավայրերու պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէ։
Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ալ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան ըսաւ. «Այս ընտանիքը նաեւ մեծ բարեգործութիւններ ըրած է հայկական եկեղեցիներու վերակառուցման, վերանորոգման առումով։ Մեծ կարողութեան տէր ընտանիք մը եղած է։ Եւրոպական զանազան քաղաքներու մէջ հաստատած են իրենց գրասենեակներն ու վաճառատուները։ Եկած, հասած են մինչեւ մեր օրերը եւ փաստօրէն, անոնց վերջին ժառանգը որոշած է ընտանեկան այդ մասունքները, սրբութիւնները յանձնել ապահով տեղ մը եւ անշուշտ նախ եւ առաջ մտածած է հայրենիքի մասին։ Այստեղ անոնք լաւ պիտի պահպանուին, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի նորոգուին, պիտի ցուցադրուին, պիտի ուսումնասիրուին։ Կը կարծեմ՝ այստեղ կայ բաւական հարուստ նիւթ, որմէ կրնան օգտուիլ պատմաբանները։ 17-18-րդ դարերու նմոյշներ են։ Մէկ ձեռագիր եւ վեց արխիւային փաստաթուղթ, որոնք բոլորն ալ շատ արժէքաւոր են, հիմնական լեզուն իտալերէնն է, կայ նաեւ լատիներէնով»։
Հաւաքոյթի ընթացքին Մանուելա Սալվինի տէ Գիրակ Միրմանին շնորհուեցաւ Մատենադարանի յուշամետայլը։ «Ես այստեղ տեսայ, թէ ինչ պայմաններու մէջ կը պահուին մշակութային արժէքները. որոշեցի, որ սա այն լաւագոյն վայրն է, ուր անոնք պէտք է հանգրուանեն։ Ես որեւէ առիթ զանց չեմ առներ հնչեցնելու հայերու եւ իմ ընտանիքի անդամներուն մասին։ Ես արդէն իսկ ծրագրած եմ յաջորդ տարի վերադառնալ այստեղ», ըսաւ ան։
Միրմանեանները եղած են Նոր Ջուղայի մեծանուն վաճառականներէն եւ տոհմիկ ազնը-ւականներ։ Գերդաստանի Իտալիոյ ճիւղի հիմնադիրը եղած է Գիրակի որդին՝ Կրեկորիօ Միրման, որ 1612 թուականին ծնած է Նոր Ջուղայի մէջ։ Ան կը զբաղէր թանկարժէք քարերու եւ մետաքսի առեւտուրով։ 1688 թուականին Միրման Գիրակի հոգածութեամբ ամբողջովին վերակառուցուած եւ ընդարձակուած էր Վենետիկի Ս. Խաչ եկեղեցին։