«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԻՆ
Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթով «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ մասնաւոր ելոյթով մը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է սոյն մեծ ձեռնարկը, որուն ընդառաջ «Մարալ» կ՚իրականացնէ վերջին փորձերը։ Ելոյթի ճիշդ նախօրեակին համոյթը ամբողջական կազմով յառաջ կը տանի վերջին պատրաստութիւնները եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ կը կատարուին եզրափակիչ կատարելագործումները։
«Մարալ»ի ընտանիքը երէկ յետմիջօրէին համախմբուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ՝ վերջին փորձերուն ձեռնարկելու համար։ Թէ՛ պարախումբի եւ թէ նուագախումբի անդամները այս փուլին արդէն համատեղ աշխատեցան՝ մեծ եռանդով ու ոգեւորութեամբ։
Երէկուան ընդհանուր փորձին ընթացքին Կարպիս Չափքան ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը։ Ան ողջունեց Հայաստանէն եկած՝ տասներկու հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբը՝ Հայկ Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ։ Չափքան ուրախութիւն յայտնեց, որ «Մարալ» այս անգամ եւս հանդէս կու գայ սոյն խումբին հետ, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են արժէքաւոր արուեստագէտներ։ Աւելի վերջ Կարպիս Չափքան ընդգծեց, որ իրենց յայտագրին առանցքը պիտի կազմէ երաժշտութիւն՝ չորս մեծանուն յօրինողներու՝ Կոմիտաս, Արամ Խաչատրեան, Սայաթ Նովա եւ Խաչատուր Աւետիսեան։ Չափքան դիտել տուաւ, թէ Այդպիսի մեծ արժէքներու ստեղծագործութիւններէն ներշնչուիլը նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն կը նշանակէ։ Գեղարուեստական ղեկավարը կրկնեց յառաջիկայ ելոյթին կարգախօսը. «Անոնց երգերը պար էին, պարերը երգ» եւ յաջողութիւն մաղթեց խումբի բոլոր անդամներուն։
Ընդհանուր փորձին համոյթի անդամներուն առընթեր ներկայ էին նաեւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Սելմա Իսքէնտէրէօզի գլխաւորութեամբ գործող՝ կարգադիր յանձնախումբի անդամները։
Գեղարուեստասէր հասարակութիւնը արդէն միջոցէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասէ «Մարալ»ի մօտալուտ ելոյթին։
Հարկ է նշել, որ ձեռնարկը նախատեսուած է Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։