ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՏՄՈՂ ԻՐԵՐ

Կո­մի­տաս կը հա­մա­րուի ժա­մա­նա­կա­կից հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը: Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն ա­նոր հա­ւա­քած ե­րաժշ­տա­կան բա­նա­հիւ­սու­թեան նմոյշ­նե­րը՝ հո­րո­վել­նե­րու ե­ղա­նակ­նե­րը, «Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ», «Մո­կաց Միր­զա» վի­պա­կան ա­սերգ­նե­րը, ան­տու­նի­նե­րը, հո­գե­ւոր տա­ղե­րը, 4000 գեղջ­կա­կան եր­գե­րը…

Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ ծնած է 26 Սեպ­տեմ­բեր 1869 թուականին Քէօ­թա­հիա (Կու­տի­նիա) եւ մա­հա­ցած՝ 22 Հոկ­տեմ­բեր 1935 թուականին, Փա­րի­զի Վիլ-Ժուիֆ ա­րուար­ձա­նի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ: 2015-ին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Կո­մի­տա­սի ա­նուան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին: Ա­նի­կա կա­ռու­ցուած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան զբօ­սայ­գիին մէջ գտնուող նախ­կին մշա­կոյ­թի պա­լա­տի հի­ման վրայ:

Մեծ ե­րա­ժիշ­տին կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ե­րաժշ­տա­կան-տե­սա­կան եւ հո­գե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ բա­նա­հա­ւա­քա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ամ­փո­փուած են թան­գա­րա­նի ութ սրահ­նե­րուն մէջ:

Ստո­րեւ՝ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին կեան­քը պատ­մող հե­տաքրք­րա­կան ի­րեր:

ԴԱՇ­ՆԱ­ՄՈՒ­ՐԸ

1907 թուա­կա­նին հայ նշա­նա­ւոր գոր­ծա­րար եւ բա­րե­գործ Ա­լեք­սանդր Ման­թա­շեան Կո­մի­տա­սին կը նուի­րէ թան­կար­ժէք դաշ­նա­մուր մը՝ «Շրո­տըր» ռո­յալ մը: Մինչ այդ ե­րա­ժիշ­տը կ՚աշ­խա­տէր ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով նուա­գա­րա­նով մը:

Նոյն օ­րե­րուն վար­դա­պե­տը ու­զեց իր ու­րա­խու­թիւ­նը կի­սել մտե­րիմ­նե­րուն հետ: Երգ­չու­հի, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Մար­գա­րիտ Պա­պա­յեա­նին յղուած նա­մա­կով մը Կո­մի­տաս կը գրէ. «Այժմ տանս մէջ «Շրո­տըր» մեծ դաշ­նա­մուր ու­նիմ: Դուք կը զգա՞ք իմ ու­րա­խու­թեան չա­փը, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ դաշ­նա­կը հա­րա-հրո­ցով սե­նեակ բե­րե­լէ, սար­քե­լէ, մար­դոց ճա­նա­պարհ դնե­լէ յե­տոյ մի­նակ մնա­ցի: Աչ­քե­րուս չէի հա­ւա­տար, որ վեր­ջա­պէս ես ալ մար­դա­հա­շիւ եմ, ես ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նիմ աշ­խա­տե­լու, դար­ձեալ՝ աշ­խա­տե­լու: Ու­րա­խու­թե­նէս քա­րա­ցեր էի, ա­պա ար­տա­սու­քի հե­ղե­ղը սկսաւ գլո­րիլ աչ­քե­րէս, ես ալ, սիրտս ալ, միտքս ալ, կեանքս ալ հանգս­տա­ցան, որ այժմ աշ­խա­տե­լու մի­ջոց ու­նիմ եւ ան ալ՝ անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց»:

ԱՐ­ԾԱ­ԹԵԱՅ ԳՐՉԱ­ԿԱ­ԼԸ

Բիւ­րե­ղա­պա­կեայ թա­նա­քա­մա­նով ար­ծա­թեայ գրչա­կա­լը Կո­մի­տա­սին նուի­րած են իր­մով հիա­ցող­նե­րը՝ 1908 թուականին Պա­քուի հա­մերգ­նե­րէն մէ­կու ըն­թաց­քին: Գրչա­մա­նին վրայ գրուած է. «Հայ Ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րուն հո­գի տուող խո­հուն ե­րաժշ­տա­գէտ հայր Կո­մի­տա­սի Վար­դա­պե­տին՝ ա­նոր գե­ղա­րուես­տա­կան տա­ղան­դը գնա­հա­տող­նե­րուն կող­մէ»:

ԲԱ­ՆԱ­ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ՏԵՏ­ՐԵ­ՐԸ

Թան­գա­րա­նին մէջ ցու­ցադ­րուած են նաեւ մեծ ե­րա­ժիշ­տին բա­նա­հա­ւա­քա­կան տետ­րե­րը: Ա­նոնց վրայ ա­ռա­ջին ակ­նարկ մը՝ եւ կար­ծէք օ­տար լե­զ-ւով գրուած տա­ռեր ըլ­լան: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նոնք հայ­կա­կան նոր նո­թագ­րու­թիւն են՝ Լի­մոն­ճեան Համ­բար­ձու­մի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը (1813), որ ըստ Կո­մի­տա­սին, ա­ւե­լի գործ­նա­կան է եւ դիւ­րին կի­րար­կե­լի:

ՍՐԻՆԳ­ՆԵ­ՐԸ

Ե­ղէ­գէ, մե­տա­ղէ եւ ծի­րա­նի փայ­տէ սրինգ­նե­րը Կո­մի­տա­սի ան­բա­ժան նուա­գա­րան­ներն էին: Փա­րի­զի մէջ դա­սա­խօ­սու­թեան մը ըն­թաց­քին այս սրինգ­նե­րէն մէ­կով ան կը նուա­գէ եւ ամ­բողջ լսա­րա­նը կը քա­րա­նայ: Ոչ ոք կը ծա­փա­հա­րէ, եւ Կո­մի­տա­սը կը կար­ծէ, որ ե­լոյ­թը ան­յա­ջող էր: Կարճ ժա­մա­նակ անց դահ­լի­ճը կը թնդայ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րէն, որ­մէ ետք ֆրան­սա­ցի նշա­նա­ւոր եր­գա­հան, ե­րաժշ­տա­կան քննա­դատ Քլոտ Տը­պիւ­սին կը մօ­տե­նայ Կո­մի­տա­սին, ծուն­կի կու գայ եւ կ՚ը­սէ. «Կը խո­նար­հիմ ձեր ե­րաժշ­տա­կան հան­ճա­րին առ­ջեւ»:

«Ե­թէ Կո­մի­տա­սը գրէր միայն «Ան­տու­նի»ն, այդ ալ բա­ւա­րար կ՚ըլ­լար զայն մեծ ա­րուես­տա­գէտ հա­մա­րե­լու», ը­սած է Տը­պիւ­սին:

ԳՈՐ­ԳԸ

Գոր­գը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է Կո­մի­տա­սի ծնուն­դէն շատ ա­ռաջ: Կո­մի­տա­սի մայ­րը՝ Թա­գու­հին, զայն բե­րած էր հայ­րա­կան տու­նէն՝ որ­պէս օ­ժիտ: Կո­մի­տաս մայ­րը կորսն­ցու­ցած է, երբ ըն­դա­մէ­նը վեց ամ­սու էր: Իր տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ վար­դա­պե­տը միշտ ի­րեն հետ կը տա­նէր մօ­րը գոր­գը:

ՍԱ­ՓՈ­ՐԸ

Սա­փո­րը կը խորհր­դան­շէ Կո­մի­տա­սի ծննդա­վայ­րը՝ Քէօ­թա­հիան: Սա­փո­րի պատ­րաստ­ման այս ե­ղա­նա­կը Նա­խի­ջե­ւա­նի Գողթն գա­ւա­ռի Ցղնա գիւ­ղէն ի­րենց հետ բե­րեր են Կո­մի­տա­սի նախ­նի­նե­րը:

ՓԱՆՈՍ ԹԵՐ­ԼԵ­ՄԵ­ԶԵԱ­ՆԻՆ ԿՏԱ­ՒԸ

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ցու­ցադ­րուած է Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նին կտա­ւը՝ Կո­մի­տա­սը նստած՝ իր մօր գոր­գին վրայ, կող­քին՝ սա­փո­րը:

Կտա­ւը պատ­րաս­տուած է 1913 թուականին, երբ եր­կու ըն­կեր­նե­րը՝ Կո­մի­տասն ու Թեր­լե­մե­զեա­նը կը գտնուէին ե­րա­ժիշ­տին ծննդա­վայ­րը Քէօ­թա­հիա. հոն Կո­մի­տաս կը զբա­ղէր թրքե­րէն եր­գեր նո­թագ­րե­լով:

ԳԵՐ­ՄԱ­ՆԵ­ՐԷՆ ԵՒ ԹՐՔԵ­ՐԷՆ ԽՄԲԵՐԳ­ՆԵՐ

Գեր­մա­նե­րէն գրուած խմբեր­գը Աս­տուա­ծա­շուն­չի «Առ գետս Բա­բե­լաց­ւոց» Սաղ­մո­սի հի­ման վրայ է: Ա­սի­կա Կո­մի­տա­սի ա­ւար­տա­ճառն էր, գրուած՝ 1899-ին: Ան ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձու­ցած էր լե­զուի շեշ­տադ­րու­թեան, կշռոյ­թին վրայ:

Թրքե­րէ­նով խմբեր­գը կը կո­չուէր «Ես եր­կաթ եմ»: Կո­մի­տա­սը կապ ու­նե­ցած է թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ, անձ­նա­կան դա­սեր տուած է ա­նոնց: Այս մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մէկն ալ Մեհ­մէտ Է­մինն էր, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հի­ման վրայ գրուած էր խմբեր­գը:

Հե­տա­գա­յին Մեհ­մէտ Է­մի­նը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է Կո­մի­տա­սը աք­սո­րէ վե­րա­դարձ­նե­լու նպա­տա­կով ազ­դե­ցիկ մար­դոց ի գործ դրած ջան­քե­րուն մէջ:

«ՀԱՅՐ ՄԵՐ»Ը

Սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին արհաւիրքը տե­սած վար­դա­պե­տը «Հայր Մեր»ը գրած է 1915-ին: Ա­սի­կա ա­նոր վեր­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Շատ խորհր­դան­շա­կան է, որ ա­նի­կա գրուած է մա­նուկ­նե­րու հա­մար եւ նուի­րուած՝ բո­լոր այն ե­րա­խա­նե­րուն, ո­րոնք Հա­յոց եղեռնի ան­մեղ զո­հե­րը դար­ձած են:

Պատ­րաս­տեց՝ ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ 

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2017