ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր՝ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին ըն­դա­ռաջ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հո­գե­գա­լուս­տի օ­րը կը կա­տա­րուի Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Ա­րամ Արքե­պիս­­կո­պոս Ա­թէ­շեան  գնա­հա­տեց կա­տա­ր-ւած աշ­խա­տան­քը եւ Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017