ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր Սո­չիի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը վեր­ջին ան­գամ ան­ցեալ Մար­տի 10-ին տե­սակ­ցած էին Մոս­կուա­յի մէջ։ Ըն­թաց­քին թէ՛ նա­խա­գահ­նե­րու եւ թէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան զա­նա­զան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, թուրք-ռու­սա­կան այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ հիմ­նա­կան խնդի­րը Սու­րիոյ ճգնա­ժամն է։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Սո­չիի ժա­մադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ յստա­կե­ցու­ցած է Ան­գա­րա­յէն իր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Թուր­քիա կը պաշտ­պա­նէ Սու­րիոյ մէջ անվ­տանգ գօ­տիի մը ստեղ­ծուի­լը։ Այս գա­ղա­փա­րը հա­շուի առ­նե­լով, Ռու­սա­կան կող­մը պատ­րաս­տած է ծրա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի չորս ա­ռանցք­նե­րով անվ­տան­գու­թեան գօ­տիի մը ստեղ­ծուի­լը Սու­րիոյ մէջ։ Քրեմ­լին հա­շուի կ՚առ­նէ, որ Փու­թին-Էր­տո­ղան տե­սակ­ցու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի Աս­տա­նա­յի մէջ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը շա­րու­նակ հան­դէս կու գան ա­ռար­կու­թիւն­նե­րով, ըստ ո­րոնց երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սատ կա­մա­յա­բար հրա­դա­դա­րը կը խախ­տէ ըստ իր շա­հե­րուն։ Ուս­տի, ռու­սա­կան կող­մը այդ ա­ռար­կու­թիւն­նե­րուն ալ հի­ման վրայ պատ­րաս­տած է չորս ա­ռանցք­նե­րով անվ­տան­գու­թեան գօ­տիի ա­ռա­ջար­կը։ Ռու­սա­կան կող­մը կը ծրագ­րէ իւ­րա­քան­չիւր ուղ­ղու­թեան վրայ տե­ղա­կա­յել զի­նեալ դի­տորդ­ներ։ Հրա­դա­դա­րի ամ­րապնդ­ման հա­մար՝ ե­րաշ­խա­ւոր ե­րեք եր­կիր­նե­րու՝ Թուր­քիոյ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի կող­մէ զի­նուոր­ներ պի­տի տե­ղա­կա­յուին այդ գօ­տի­նե­րէն ներս։ Ու­րեմն, Սո­չիի այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Վլա­տի­միր Փու­թին Էր­տո­ղա­նին կը պար­զէ այս ծրագ­րին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Սո­չիի այ­սօ­րուան ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ ռուս ղե­կա­վա­րը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017