ԵՐԱ՞Զ, ԹԷ՞ ԽԱԲԿԱՆՔ
Անցեալ դարաշրջաններուն եւ ներկայ դարուս իսկ երազներու առկայութիւնն ու մեկնաբանութիւնը միշտ ալ մարդոց անժխտելի ու մնայուն նիւթն են դարձած։ Մեկնաբանութիւն մը, որ կրնայ «փոխակերպել» համակ կեանքդ եւ կախումնաւորել քեզ այդ գձուձ ու հիմք չունեցող բացատրութեամբ։ Երազ մը, որ կրնայ քեզ յոռետեսութեան կամ լճացած վիճակի առաջնորդել, պարզապէս անոր համար՝ որ կեանքդ առընչած ես երազներու։ Յարասութիւն մը, որ շատերու կողմէ կրնայ ընդունուիլ իբրեւ «ահազանգ»՝ քեզ «երազներու աշխարհին» մէջ արգելափակելու, բանտարկելու աստիճան։ Գունազարդուա՛ծ ինքնախաբէութիւն։
Հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ երազներու վերաբերեալ մարդիկ տարբեր տեսութիւններ ու բացատրութիւններ սահմանած են։ Գրուած են զանազան ուսումնասիրութիւններ, տպագ-րըւած են երազահաններ, որոնք փորձած են մեկնել երազներու իմաստն ու խորհրդանիշները: Երազներու մեկնաբանութեամբ զբա-ղող գիտնականներ փաստած են, թէ երազները ուղիղ համեմատական են մարդու հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակներուն հետ: Ոմանց կարծիքով երազը նկատուած է որպէս մարդու հոգիի հայելին, ուր կարելի է տեսնել անոր ներաշխարհը, որ անբաժան մասնիկն է ենթագիտակցութեան։ Պատահական չէ, երբ շարք մը հոգեբաններ իրենց հիւանդները բուժելու նպատակաւ նախ կը ծանօթանային հիւանդ-այցելուի տեսած երազներուն, ապա կ՚անցնէին տուեալ հիւանդութեան բժշկութեան։
Անուղղակի կերպով դիտուած է եւ զանազան իրողութիւններ ընդունիլ տուած են հոգեբաններուն, թէ մարդը գիտակցութեան լուսաւոր մակերեսին տակ ունի անգիտակից հոգեկան խորք, ապրում եւ գործ։ Այդ ամբողջ չգիտակցուած բաժինին հոգեկանութիւնը մարդիկ յորջորջած են «Հոգեկան անգիտակցութիւն» կամ «Անգիտակից հոգեկանութիւն»։ Շահան Ռ. Պէրպէրեանի բառերով՝ «Մեր հոգեկանութիւնը միայն գիտակցական վիճակներէ չի բաղկանար, այլ՝ վիճակներ առանց գիտակցուելու կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահել գիտակցութեան լուսաւոր մակերեսին տակ»։ Շատեր վստահաբար պիտի ըսեն, թէ հոգեկան անգիտակցութիւնը ի՞նչ կապ, դերակատարութիւն կամ ազդեցութիւն ունի երազներու վրայ։ Ֆրէօյտ (1856-1939)՝ աւստրիացի հոգեբան-բժիշկը ինք, իր հոգեվերլուծական մեթոտաբանութեամբ, պատասխանը կու տայ հետեւեալ վարկածներուն ու հարցումներուն։
«Հռչակաւոր հոգեբան-բժիշկը ամբողջ մեթոտ մը յատկացուցած է մարդոցմէ ծածկուած այս հոգեկանութիւնը ուսումնասիրելու եւ անոր գաղտնիքները երեւան բերելու։ Այս նպատակին հասնելու համար իր միջոցներէն մէկը եղած է երազներու վերլուծումը։ Երազներու մէջ բուն գիտակցութիւնը դէպի ներկան իր լարուած վիճակը կորսնցուցած է եւ անգիտակցութիւնը, որ գիտակցութենէն ետ մղուած էր, մէջտեղ կ՚ելլէ։ Եւ եթէ հոն զսպուած ձգտումներ կան՝ գլուխ կը վերցնեն եւ իրագործուելու համար երազ մը կը հիւսեն» (Շահան Ռ. Պէրպէրեան, «Հոգեբանութիւն», Անթիլիաս, 1992, էջ 38)։ Օր. Ֆրէօյտ կը պատմէ, թէ ընտանիքի մը հիւր պիտի գար։ Մայրը իր փոքր տղուն՝ Հերմանին ելակ բերել կու տայ շուկայէն, խստիւ պատուիրելով որ անկէ չուտէ, որովհետեւ հիւրերուն պիտի հրամցուէր։ Փոքրիկն Հերման կը կատարէ իր մօր պատուէրը, եւ հակառակ բուռն փափաքին՝ ուտել չի փորձուիր։ Գիշերը այդ փափաքը կը վերածուի երազի մը, որուն մէջ Հերման կը տեսնէ սեղանին վրայ պնակով լեցուն ելակ, զոր կը լափէ ամբողջութեամբ։ Առաւօտուն մօրը կը պատմէ երազը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ բանտուած իղձի մը երազի փոխուիլը։ Երազներու վերլուծումով կրնանք ծանօթանալ մարդոց անգիտակցութեան մէջ թաղուած ձգտումներուն եւ փափաքներուն։
Ներկայիս, հոգեբանութիւնը կը փորձէ լուսաբանել ու պարզաբանել երազներու առեղծուածային թնճուկն ու երեւոյթը: Փաստօրէն, մարդկային կեանքի երկու հիմնական վիճակներն են՝ արթնութիւնը եւ քունը: Իր կեանքի գիտակցական ընկալումը մարդ յաճախ կ՚անցընէ արթնութեան վիճակին մէջ, իսկ իր հանգիստը կը գտնէ միայն քունի ժամանակ։ Շահան Պէրպէրեան իր «Հոգեբանութիւն» գրքին մէջ կը նշէ, որ քունը գիտակցութեան դադարում է, որուն ժամանակ ի յայտ կու գայ երազը:
Երազները առհասարակ երկու մեծ ընտանիքներու կը բաժնուին՝ բնական եւ գերբնական։ Բնական երազները իրենց հերթին կը բաժնուին ենթաբաժանումներու կամ տեսակներու։ Առաջինը՝ արտաքին ազդակներն են: Երբ մարդ քնացած է, անոր զգայարանքները չեն գործեր, սակայն չեն դադրիր ընդունիլ արտաքին աշխարհէն եկող ազդակները: Երկրորդը՝ ներքին ազդակներն են։ Օրինակ՝ քնացած մարդ մը եթէ կազմախօսական կամ բնախօսական որեւէ ցաւ ունենայ՝ հաւանական է, որ այդ ցաւը արտայայտուի երազի միջոցաւ, առաւելապէս ոչ հաճելի երազներու տեսքով: Երրորդը՝ զանազան ձգտումներէն յառաջ եկած ու վերարտադրուած երազներն են, որոնք կեղծ գոհացում կու տան քնացած մարդու ձգտումներուն։ Օրինակ՝ առնենք քնացած ծարաւ մարդու երազը։ Ան իր երազին մէջ ինքզինք կը տեսնէ անապատի մը մէջ, ուր աղբիւր մը գտնելով կը սկսի անյագօրէն ջուր խմել, բայց չի յագենար: Չորրորդ տեսակը այն երազներն են, որոնք կը հիւսուին օրուայ իրադարձութեանց ու անցուդարձերու հիմքերու վրայ: Իսկ Մորփէոսի գիրկը նետուած երազող անձը ակամայ կամ ենթակայաբար ազդուելով իր չորսդին պատահող դէպքերէն, քնացած վիճակին մէջ, ենթագիտակցութեան վերարտադրումով կը տեսնէ բազմապիսի երազներ՝ երանգաւորուած ու պատկերաւորուած օրինակներով։ Կայ տակաւին ենթագիտակցութեան պատճառաւ նիւթուած երազները, որոնք արդիւնք են երկար ժամանակ մղձաւանջ դարձած եւ անձը մտատանջած յոյզերու։
Աստուածաշունչ Մատեանին մէջ Աստուած զարմանազան ձեւերով կը յայտնուի մարդոց երազներուն մէջ եւ Իր կամքը կը յայտնէ իր ձեռակերտը եղող մարդուն։ Նմանօրինակ երազներ երազագէտներ անուանած են գերբնական երազ։ Յակոբ Նահապետ իր երազին մէջ տեսաւ սանդուխ մը, որմէ հրեշտակներ կը բարձրանային ու կ՚իջնէին. ահա այն ատեն Աստուած խոստացաւ Յակոբի սերունդը երկրին աւազին չափ բազմացնել (Հմմտ Ծն 28.12-15)։ Յովսէփ գեղեցիկ իր երազին ընդմէջէն գիտցաւ, թէ յետագային պիտի դառնար Եգիպտոսի կառավարիչը (Հմմտ Ծն 37.15-11)։ Եգիպտոսի փարաւոնին երազներուն տուած մեկնաբանութեան շնորհիւ էր, որ Յովսէփ կառավարիչ դարձաւ եւ Եգիպտոսը փրկեց մեծ աղիտալի տարիներէ (Հմմտ Ծն 41.1-45)։ Սողոմոն Իմաստուն երազի միջոցաւ էր, որ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն մը ունեցաւ, ուր Աստուած անոր խոստացաւ տալ իմաստուն եւ հանճարեղ միտք, զոր իրմէ առաջ ո՛չ ոք ունեցած էր եւ ոչ ալ իրմէ ետք ոչ ոք պիտի ունենար (Հմմտ Գ.Թգ 3.5-15)։ Յովսէփ երբ կը խորհէր լռելեայն ետ ընել Մարիամի հետ իր նշանախօսութիւնը, Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոր, ըսելու համար թէ Մարիամի արգանդին մէջ յղացուածը Ս. Հոգիէն է (Մտ 1.18-20)։
Սիրելի՛ ընթերցող, ստութեան հայրը՝ Սատանանն անգամ «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը ներկայանայ» (Բ.Կր 11.14) քեզի եւ երազներդ կ՚օգտագործէ իբրեւ միջոց՝ իր ախտաւոր նպատակներուն հասնելու համար, քեզ իր մոլար ճամբաներուն առաջնորդելով եւ զազրելի մեղքին գերին դարձնելով։ Գիտցի՛ր, թէ ո՞ր երազը Աստուծմէ է եւ ո՞ր մէկը՝ խաբկանք կամ դիւական։ Փրկութիւնդ երբե՛ք երազներէն կախեալ չէ, այլ երբ կը հաւատաս ու կը վստահիս Աստուածորդիին, Ինք՝ Իր իսկ հաստատած Եկեղեցւոյ ու Աստուածաշնչեան պատգամներով կ՚առաջնորդէ քու կեանքդ։ Խաբեպատիր երազներովդ մի՛ տարուբերիր եւ ոչ ալ ինքնախաբէութեան մշուշին մէջ շարունակէ դեգերիլ, այլ վստահէ՛ երկնաւոր Հօրդ՝ որ ծնունդիդ օրէն կը հետեւի իւրաքանչիւր քայլափոխիդ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հարթակ
- 12/23/2024