«ԵՍ ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾ ԵՄ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ»
Երուսաղէմի Հրէական համալսարանին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ուսանողներ կ՚ուսումնասիրեն հայոց լեզու, հայկական մշակոյթ ու պատմութիւն: Այս մասին աւստը-րալիական SBS-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին պատմած է համալսարանի դասախօս, Փրոֆ. Մայքըլ Սթոն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան։
Աւստրալացի Մայքըլ Սթոն սկսած է դասաւանդել գրաբար դեռ 1967 թուականին: 2007 թուականին ան թոշակառու դարձած է, սակայն դեռ կը դասաւանդէ ասպիրանտներուն: Վերջերս ան ուսանողներու խումբի հետ, առաջին անգամ, գրաբարէն բանաստեղծութիւն թարգմանած է եբրայերէն: «Թարգմանութիւնը պիտի հրապարակուի գրական ամսագրերէն մէկուն մէջ», նշած է ան:
Անոր խօսքով համալսարանին մէջ կայ նաեւ Հայաստանի մշակոյթի ու պատմութեան դասընթացք: «Ես Աւստրալիոյ մէջ մեծցած եմ ու շատ լեզուներու տիրապետած եմ: Իմ ուսուցիչը ինծի անգամ մը ըսաւ՝ լաւ պիտի ընէիր եթէ հայերէն սորվէիր: Ես սկսայ սորվիլ դասախօս Աւետիս Խանճեանի հետ, որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր ու ես պարզապէս սիրահարուեցայ հայոց լեզուին», պատմած է ան:
Փրոֆ. Սթոն ուսումնասիրած է ոչ միայն հայոց լեզուն, այլեւ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, որ անոր խօսքով՝ ազդեցութիւն ձգած է ամբողջ տարածքաշրջանին վրայ: Ան նաեւ պատմած է Հայաստանի մէջ հրեաներու եւ Սուրբ Հողի վրայ հայերու ներկայութեան մասին ամենահին վկայութիւններու մասին: Սթոն կը նշէ, որ Նազարէթի մէջ յայտնաբերուած են հայերէն տառերով քարեր, որոնք 5-րդ դարով տարեգրուած են: Այսպէսով կարելի է ենթադրել, որ այդ գրութիւնները եղած են դեռ Մեսրոպ Մաշտոցի կենդանութեան օրօք:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ հրեաներու ներկայութեան՝ Մայքըլ Սթոն կը յիշեցնէ, որ 90-ականներուն յայտնաբերուած է Եղէնիս գերեզմանը, ուր պահպան-ւած են եբրայերէն կամ արամերէն լեզուներով գրութիւններ: Այդ քարերը տա-րեգրուած են 13-14-րդ դարերով: