ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նի հա­յա­շատ  բնա­կա­վայ­րե­րէն Կլեն­տէյ­լի մէջ Վար­դան Կա­րա­պե­տեան կոչուե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նի։ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­յի­սի 1-ին Կլեն­տէյ­լի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին քուէար­կու­թեան եւ ար­դիւնքին միա­ձայ­նու­թեամբ քա­ղա­քա­պետ ընտ­րե­ցին Վար­դան Կա­րա­պե­տեա­նը։ Խօ­սե­լով յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին՝ Վար­դան Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ միա­սին պի­տի աշ­խա­տի՝ քա­ղա­քը ա­ռա­ւել բա­րե­կե­ցիկ եւ ա­պա­հով դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ, նաեւ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ ըն­թա­ցիկ նա­խագ­ծե­րու յայ­տա­րա­րուած ժամ­կէ­տնե­րով ի­րա­կա­նաց­ման։ Խօ­սե­լով իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն շուրջ ան ը­սաւ. «Մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ա­ռա­ւել չա­փով ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ բնա­կա­րան­նե­րու վարձ­քե­րու բարձ­րաց­ման խնդի­րը, ո­րու դրսե­ւո­րում­նե­րը յա­ճա­խա­կի են տա­րուան ըն­թաց­քին՝ տան­տի­րոջ եւ վար­ձա­կա­լի մի­ջեւ պայ­մա­նագ­րի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով։ Այս հար­ցը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար կը նա­խա­տե­սեմ ա­ռա­ջար­կել վարձ­քե­րու կա­յու­նաց­ման մա­սին նոր օ­րէնք մը, ըստ ո­րու, տան­տէր­նե­րը պար­տա­ւոր կ՚ըլ­լան վարձ­քը բարձ­րաց­նե­լու մա­սին տե­ղե­կաց­նել չորս ա­միս ա­ռաջ եւ վար­ձա­կա­լի հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին՝ պար­տա­դիր պայ­մա­նա­գիր կը կնքեն մէկ տա­րուան ժամ­կէ­տով։ Ա­ռաջ­նա­հերթ յա­ջորդ հար­ցը՝ բարձր աշ­խա­տա­վար­ձով նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ստեղ­ծումն է։ Այս նպա­տա­կով կը նա­խա­տե­սեմ գրա­ւիչ ա­ռա­ջարկ­ներ ը­նել գոր­ծա­րար­նե­րուն՝ որ­պէս­զի Կլեն­տէյ­լի մէջ գոր­ծա­րա­րու­թիւն ծա­ւա­լեն։ Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի կա­ռու­ցուի նաեւ եօ­թա­նա­սուն մատ­չե­լի բնա­կա­րան տա­րեց­նե­րու հա­մար։ Բնա­կե­լի շէն­քե­րու հա­րե­ւա­նու­թեամբ ալ կը նա­խա­տե­սեմ կա­ռու­ցել կա­յա­նա­տե­ղի­ներ»։

Վար­դան Կա­րա­պե­տեան տե­ղե­կա­ցուց, որ կ՚աշ­խա­տի եր­կու հրշէջ ինք­նա­շար­ժներ Հա­յաս­տան ու­ղար­կե­լու հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան ելմ­տա­կան մի­ջոց­ներ հայ­թայ­թե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հարկ է նշել, որ Կլեն­տէյ­լի քա­ղա­քա­պե­տը կ՚ընտ­րուի քա­ղա­քի խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ մէկ տա­րուան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէ­տով։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017