Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԵՈՒՐԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎ ԱԶԱՏՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Եուրի Խաչատուրով ազատուեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուան սկիզբի դրութեամբ Եուրի Խաչատուրով կը կոչուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարի պաշտօնին։
Իր նոր առաքելութեան առընչութեամբ Եուրի Խաչատուրով յայտնեց, որ կը նախատեսէ ամրապնդել համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներուն միջեւ։
Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017