ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԻ ՎԻՄԱԳՐԵՐԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է «Վաղարշապատ. վանքերը եւ վիմական արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը՝ հեղինակութեամբ վիմագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արսէն Յարութիւնեանի:
Գիրքը նուիրուած է Վաղարշապատի վանքերու վիմագրական ժառանգութեան համակողմանի քննութեան: Ան առաջին համալրուած ուսումնասիրութիւնն է, ուր վիմագրերու (քարի վրայ փորագրուած արձանագրութիւններու, քարի վրայ փորագրուելով ստացուած տպագրութիւններու) հիման վրայ ընթերցողին ներկայացուած են Վաղարշապատի, մանաւանդ 17-19-րդ դարերու քաղաքական ու եկեղեցական կեանքը, հայոց հայրապետներու շինարարական ու նորոգչական աշխատանքները, վանքերու ստացած նուիրատուութիւնները, վանական միաբանութիւններու կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ՝ միաբանական գերեզմանոցներն ու արձանագիր խաչքարերը:
Արսէն Յարութիւնեան շուրջ հինգ տարի առաջ սկսած է զբաղիլ Վաղարշապատի վիմագրական ժառանգութեամբ, այս թեման եղած է անոր ատենախօսութեան նիւթը: Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան հիմնարկի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի երիտասարդ աշխատակից՝ Արսէն Յարութիւնեանի հետ հանդիպման առիթը թէ՛ անոր այս ծաւալուն աշխատութիւնն էր, թէ՛ ալ վիմագրութեան ասպարէզին մէջ կատարած իր շարունակական աշխատանքը: Շուտով նոյն հեղինակէն լոյս կը տեսնէ «Խոր Վիրապ» խորագրով գիրքը, որ նոյնպէս վիմագրական ուսումնասիրութիւններու միջոցաւ կը պարզէ Խոր Վիրապի պատմութիւնը:
Արսէն Յարութիւնեան հետաքրքական մանրամասնութիւններ պատմեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին գիտական այդ ուղղութեան եւ իր բացայայտումներուն մասին։
-Ինչպէ՞ս յղացաք Վաղարշապատի վիմագրերը ուսումնասիրելու աշխատանքը:
-Այս գիրքի հիմքին մէջ ինկած էր իմ թեկնածուական ատենախօսութիւնը: Ամէն ինչ սկիզբ առաւ անկէ, երբ ես Ակադեմիոյ մէջ սկսայ զբաղիլ վիմագրութեամբ, հետաքրքրուեցայ արձանագրութիւններու ուսումնասիրութեամբ: Պարբերական այցեր կը կատարէի Մայր Աթոռ եւ այնտեղի վիմագրերու ուսումնասիրութիւններէն պարզ դարձաւ, որ այդ արձանագրութիւններէն շատ-շատեր մինչ օրս ուսումնասիրուած չէին: Այսինքն, եթէ իմ այս գիրքս դնենք մէկ կողմ եւ ուզենք Էջմիածնի վանքերուն մասին համապարփակ ուսումնասիրութիւն մը վերցնել, այդ մէկը կ՚ըլլայ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Շահխաթունեանցի աշխատութիւնը, որ հրատարակուած է 1842 թուականին եւ կը կոչուի՝ «Ստորագրութիւն Կաթուղիկէ Էջմիածնի եւ հինգ գաւառացն Արարատեայ»: Բարեբախտաբար Շահխաթունեանցի այդ աշխատութիւնը վերահրատարակուեցաւ 2014 թուականին, բայց այնտեղ շատ համառօտ ներկայացուած է եւ ժամանակի պահանջներուն համապատասխան, արձանագրութիւնները ընտրուած են սիրողական կարգով, ընտրուած են անոնք, որոնք լաւ պահպանուած են, դիւրընթեռնելի են:
Սակայն նմանատիպ աշխատութիւններն ալ, ինչ խօսք, ունին կարեւորութիւն, որովհետեւ մեր ուսումնասիրութիւններուն համար անոնք կը ծառայեն որպէս սկզբնաղբիւր, որովհետեւ արդէն կան աւելի քան տասն արձանագրութիւններ, որոնք մեզի հասած են նոյնինք Շահխաթունեանցի աշխատութեան միջոցաւ եւ որոնք իմ գիրքին մէջ ներկայացուցած եմ փոքրագիրով, որպէսզի ընթերցողները զանոնք տարբերեն այսօր պահպանուած արձանագրութիւններէն:
Ատենախօսութենէն ետք շատեր փափաքեցան, որ ան գիրքի տեսքով հրատարակ-ւի, քանի որ մեր հոգեւոր կեդրոնի պատմութիւնը, մանաւանդ վիմագրական նիւթի հիման վրայ, ցայսօր ամբողջովին ուսումնասիրուած չէր, եւ պատահական չէ, որ եօթ-ութ հարիւր արձանագրութիւններուն մեծ մասը՝ հինգ հարիւրէն աւելին, առաջին անգամ հրատարակուեցաւ, որոնց մէջ՝ տապանագրերը եւ խաչքարային յիշատակագրութիւնները: Խաչքարերու առումով տեղական ծագման խաչքարեր հոն փաստագրուած չեն, անոնք հիմնականօրէն բերուած են զանազան վայրերէ, բայց այդ արձանագրութիւններու համահաւաք ուսումնասիրութիւնները եւս կարեւոր են, որովհետեւ շատ ցաքուցրիւ էին եւ ամբողջական չէին հրատարակուած: Եթէ անոնցմէ մի քանին հրատարակուած է թերեւս «Դիւան հայ վիմագրութեան մատենաշարեր»ուն մէջ, բայց արդէն վաղաշարապատեան ուսումնասիրութիւններու համաթեքստին մէջ կարեւոր էր, որ ի մի բեր-ւէին, որովհետեւ այդ խաչքարերը Էջմիածնի մէջ կը գտնուին եւ պէտք էր որ անպայման իրենց գտնուած վայրին մէջ ուսումնասիրուէին:
-Ի՞նչ թուականներու կը վերաբերին վիմագրութիւնները, որոնք ամփոփած էք գիրքին մէջ:
-Էջմիածնի մէջ հայերէն ամենահին արձանագրութիւնները երեք հատ են, երեքն ալ կը թուագրուին եօթներորդ դարով: Առաջին երկուքը Կոմիտաս Աղցեցի Կաթողիկոսի արձանագրութիւններն են, որոնք պահպանուած են Հռիփսիմէի տաճարին մէջ, մէկը կը գտնուի արեւմտեան պատին, միւսը՝ եկեղեցւոյ ներսը, աւագ խորանի գմբէթարդին: Երկուքն ալ եօթներորդ դարու վայելչագիր երկաթագիրով գրուած արձանագրութիւններ են, ունին շինարարական բնոյթ, այսինքն կը վկայեն այն մասին, որ Կոմիտաս Կաթողիկոսը կառուցեց Սուրբ Հռիփսիմէի տաճարը, ինք՝ Կոմիտաս կը յիշատակուի իբրեւ եկեղեցապան՝ վանահայր, եկեղեցւոյ սպասաւոր իմաստով: Միւս արձանագրութիւնը, որ կրկին եօթներորդ դարուն կը պատկանի, յայտնաբերուած է Վաղարշապատի մշակոյթի տան մօտ 1979 թուականին հնագիտական պեղումներու ընթացքին՝ պազիլիք եկեղեցւոյ աւերակներէն:
Շատ հետաքրքրական են այդ արձանագրութիւններու պահպանութիւնը, որովհետեւ Վաղարշապատի մէջ անկէ աւելի վաղ պահպանուած արձանագրութիւններ եւ անկէ աւելի ուշ ալ՝ տասնմէկ, տասներկրորդ դարերու արձանագրութիւններ ալ չունինք: Այսինքն եօթներորդ դարու երեք արձանագրութիւններուն գիւտը բաւական կարեւոր է եւ անոնց պահպանութիւնը մեծապէս կ՚արժեւորուի: Գիրքին մէջ այդ արձանագրութիւնները հրատարակած եմ ըստ այսօրուան պահանջներուն՝ գրչանկարներով, լուսանկարներով, եթէ անոնք հրատարակուած ալ էին նախկինին, ապա այլ մակարդակով տպուած էին, այսինքն ընթերցողը կը տեսնէր թեքստը, բայց վիճակին մասին գաղափար չէր կազմեր, թէ ինչպիսի՞ վիճակի մէջ է հիմա, կամ ալ զանազան թերթերու, յօդուածներու մէջ եղած ուսումնասիրութիւնները շատ խառն էին… Այդ առումով այս գիրքը համակարգեց ամբողջը եւ ոչ միայն մասնագէտներուն համար շատ կարեւոր է, այլ՝ զբօսավայրերու եւ յարակից ոլորտներու մասնագէտներուն համար եւ մանաւանդ կարեւոր դրոյթներու անգլերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները դրած ենք գիրքին մէջ, ուրեմն նաեւ օտար մասնագէտներուն ալ հասանելի է:
Այս գիրքին մէջ անջատ բաժիններով ներկայացուցած եմ վանքերը, բնականաբար սկսելով Մայր Աթոռէն, Մայր Տաճարի պատմութենէն: Գիրքին մէջ միայն վիմագրական նիւթը չէ, ես ամբողջացուցած եմ նաեւ վանքերուն պատմութիւնը, սկսած Ագաթանգեղոսէն, առասպելական պատմութիւններէն եւ վիմագրական նիւթի վկայակոչմամբ, եկած-հասած եմ մեր օրերուն՝ Վազգէն Կաթողիկոսի օրերուն կատարուած գործերուն, Գարեգին Ա.-ի օրով ի՞նչ կատարուեցաւ եւ Գարեգին Բ.-ի օրով ի՞նչ կը կատարուի: Այսինքն ժամանակագրական առումով հինէն կու գանք մինչեւ մեր օրերը:
Երկրորդ գլուխին մէջ Հռիփսիմէի վանքի պատմութիւնն է, երրորդ գլուխին մէջ Գայիանէի վանքն է եւ այդպէս շարունակաբար: Բոլոր գլուխներուն մէջ նախ վանքին պատմութիւնն է, յետոյ արձանագիր կոթողները՝ խաչքարերը եւ գերեզմանոցները, ուր տապանագրերը քննած եմ: Գայիանէի վանքին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն կաթողիկոսական տապանագրերը, ուր, ինչպէս գիտէք, կաթողիկոսական դամբարան կայ: Մենք Վաղարշապատի մէջ ոչ միայն վանքեր ունինք, այլ նաեւ՝ վաղ միջնադարեան պազիլիք եկեղեցիներ, որոնք ի յայտ եկած են հնագիտական պեղումներով:
-Այսպիսի ծաւալուն գիտական աշխատութիւն պատրաստելու ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք:
-Գործը դիւրին չէ, քանի որ առանձին եմ, սկսած արձանագրութիւնները տեղւոյն վրայ հաւաքելէն, որովհետեւ արձանագրութիւններէն շատ-շատեր բաւական վատ վիճակով պահպանուած են, մամռակալած են, անոնք պէտք է փայտէ ձողիկներով հատ-հատ մաքրել, խոզանակով սրբել, ապա լուսանկարել, որպէսզի կարդամ ու վերծանեմ: Ետքը կը պատճէնեմ, ու կը կատարեմ անոնց գրչանկարները: Արձանագրութիւնները եկեղեցւոյ պատմութեան համար արժանահաւատ սկզբնաղբիւրներ են, նոյնը չենք կրնար ըսել ձեռագիրներուն մասին, որովհետեւ զանազան դարերու ընթացքին ձեռագիրները ընդօրինակուած են, զանազան գրիչներու կողմէ միջամտութիւններ եղած են, բայց արձանագրութիւնները, որոնք փորագրուած են եկեղեցւոյ պատին, այդ մէկը անփոփոխ եւ փաստական վաւերագիր կը համարուի: Այս տեսանկիւնէն արձանագրութիւնները կը համարուին անփոփոխ սկզբնաղբիւրներ, իսկ Վաղարշապատի պարագային, եթէ անոնք հաւաքուած եւ ուսումնասիրուած չէին, բաց մը կար: Էջմիածնի Միաբանական գերեզմանոցը ուսումնասիրած եմ եւ պարզ դարձած է, որ Միաբանական գերեզմանոցին մէջ մեծ թիւով մարդիկ թաղուած են, հոն թաղուած է՝ Եփրեմ Ձորագեղցի Կաթողիկոսը, կաթողիկոսի մայրեր թաղուած են հոն, Սիմէոն Երեւանցիին մայրը՝ Գայիանէ, Աստուածատուր Ա. Համադանցի Կաթողիկոսին մայրը, նշանաւոր՝ Աբէլ Արք. Մխիթարեանցը թաղուած է հոն, Մակար Եպսկ. Բարխուտարեանցը, նշանակաւոր կոնդակագիրներ, ծաղկողներ, կաթողիկոսներու դպիրներ, սպասաւորներ, որոնք զանազան ժամանակներու կը յիշատակուին պատմութեան մէջ, եւ այդ մարդոց անունները մենք կը գտնենք տապանագրերուն մէջ, որոնք չափածոյ են՝ քերթողական, այդ ալ հետաքրքրական է, այսինքն 17-19-րդ դարերու վիմագրութեան ուսումնասիրութեան համար Էջմիածնի դպրոցը բաւական ներկայանալի է, ինչպէս՝ Երեւանի դպրոցը կրնայ ըլլալ: Հետաքրքրական է, որ անոնք կրնան փորագրուած ըլլալ նոյն գրիչներու ձեռամբ: Ես այդ մէկը կը փաստեմ տառաձեւերու նմանութենէն, Երեւանի եւ Էջմիածնի մէջ գործած է միեւնոյն փորագրիչներու դպրոցը: Ցաւ ի սիրտ, եթէ մենք այսօր ունենայինք պահպանուած Կոզեռնի գերեզմանոցը, աւելի շատ զուգահեռներ կարելի էր անցընել, քանի որ նոյն դարաշրջանի մասին է խօսքը:
-Ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրական վիմագրութիւններու հանդիպած էք:
-Հետաքրքրական գիւտ մը, որ աշխատանքի շրջանակներուն մէջ իրականացուցած ենք, կ՚ուզէի առանձնացնել Հռիփսիմէի տաճարի արեւմտեան մուտքի բարաւորի արձանագրութիւնը, թուագրուած 1302 թուականին, որ ցարդ չէր ուսումնասիրուած, երկար տարիներ ծեփի տակ եղած է եւ բացուած է միայն 1950-ականներուն, Վազգէն Վեհափառի կողմէ իրականացուած շինարարական աշխատանքներուն միջոցին: Ան եզակի է անով, որ նմանատիպ արձանագրութիւններ շատ քիչ են Վաղարշապատի մէջ: Ան եւ այլ նոյն ժամանակաշրջանի արձանագրութիւններ, որոնցմէ կրկին Հռիփսիմէի վանքէն, կը վկայեն այն մասին, որ գոնէ 12-13-րդ դարերուն Հռիփսիմէի վանքը որոշակի առաւելութիւն ունեցած է Վաղարշապատի միւս վանքերու նկատմամբ, ունեցած է ստուարաթիւ միաբանութիւն, տնտեսութիւն, որովհետեւ այդ յայտնաբերուած արձանագրութիւնը նուիրատուութեան մասին է, ապահարկութեան մասին, իսկ եթէ վանքը ապահարկուած է, ապա այդ մէկը կը վկայէ այն մասին, որ այդ վանքը տուեալ ժամանակաշրջանին աշխուժութիւն ունեցած է: Յիշատակուած է ոմն՝ Սարգիս Մոնթ, այսինքն՝ աշակերտ, ծագումով Կօշեցի, որ միաբանած է Սուրբ Հռիփսիմէի գերեզմանին, եւ նուիրատուութիւն կատարած է հազար սպիտակ, որուն դիմաց պատարագներ ստացած է… ու շատ այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կան արձանագրութեան մէջ:
-Հնարաւո՞ր է, որ այսպիսի աշխատանք մը նաեւ Սփիւռքի տարածքին կատարէք, նկատի ունենալով այն հնագոյն յուշարձանները եւ անոնց վրայի գրութիւնները, որոնք կան Սփիւռքի տարածքին եւս:
-Այո, անշուշտ, շատ-շատ են պահպանուած արձանագրութիւնները թէ՛ Երուսաղէմի մէջ, թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին, Յունաստանի, Կիպրոսի, Լիբանանի մէջ, մանաւանդ՝ նշեալ դարերու արձանագրութիւններ, որոնց հաւաքագրումը կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է: Պէտք է երկուստեք ցանկութիւն ըլլայ նշուած երկիրներու հայկական կառոյցներէն եւ մեր կողմէն, քանի որ այսօր շատ բարդ է, ամէն մարդ չունի այդ հնարաւորութիւնները, որ անընդհատ կարողանայ այդ երկիրները գործուղուիլ, որոշ շրջան մը հոն մնալ, ուսումնասիրել, աշխատիլ: Ժամանակատար աշխատանք է, քանի որ որեւէ մէկ արձանագրութիւն նախ պէտք է մաքրել, լուսանկարել, յետոյ կարդալ տեղւոյն վրայ, որպէսզի եթէ հարց յառաջանայ, նորէն այցելել այդ վայրը եւ այլն: Դժուար է, բայց անհնար չէ, քիչ մը ցանկութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունի:
-Ի՞նչ է Ձեր աշխատանքը Մատենադարանին մէջ, ինչո՞վ կը զբաղիք հնատիպ ձեռագրերու ամենէն մեծ հայկական այս կեդրոնին մէջ:
-2012 թուականէն ի վեր կ՚աշխատիմ Մատենադարանի մէջ, Ակադեմիոյ Հնագիտութեան հիմնարկի վիմագրութեան բաժնի իմ աշխատանքիս հետ համատեղութեան կարգով, կը զբաղիմ ձեռագրերու գիտական նկարագրութեամբ, կը հրատարակենք Մայր ցուցակի շարքերը, որ կը ներկայացնէ ձեռագրերու լիակատար նկարագրութիւն, ըստ վիճակի, ըստ բովանդակութեան, ըստ յիշատակարաններու, այսինքն ամբողջական նկարագրութիւն, որպէսզի եթէ ընթերցողը ձեռագրի մը հետ գործ ունի, այդ ցուցակը բաւարար ըլլալ իրեն, այսինքն ամէն ինչը արտայայտուած ըլլայ, որպէսզի ձեռագրին դիմելու անհրաժեշտութիւն չըլլայ: Այս աշխատանքը ինծի կ՚օգնէ այնքանով, որ վիմագրական եւ մատենագրական սկզբնաղբիւրները մէկը միւսը կը լրացնեն: Շատ յաճախ կը պատահի, որ մենք նոյն անունը կը գտնենք վիմագրին եւ ձեռագրին մէջ:
-Ինչպէ՞ս է երիտասարդ գիտնականին կեանքը Հայաստանի մէջ. նկատելի է, որ կան երիտասարդներ, որոնք կը ձգտին դէպի այս ասպարէզը:
-Մանաւանդ հնագիտական բնագաւառին մէջ հետաքրքրութիւնը մեծ է, փափաքողները շատ են, գիտութեան մէջ նուիրում պէտք է հարկաւ: Հայաստանեան պայմաններուն մէջ գիտութեան համար այն գոհացուցիչ պայմանները տակաւին չկան, այսինքն աւելի յաճախակի հրատարակութիւնները, գործուղումները, գիտաժողովները, արտերկրին հետ կապերը եւ այլն բաւարար չեն, բայց փառք Աստուծոյ, կան որոշակի հնարաւորութիւններ, որոնք գործելու առիթ կու տան, մրցոյթներ տեղի կ՚ունենան, այլ ծրագիրներ կ՚ըլլան եւ եթէ ունիս աշխատանքային ուժ, պատրաստակամութիւն, քիչ մըն ալ յամառութիւն, վստահօրէն կը յառաջանաս: Եթէ ձեռնածալ նստինք եւ ըսենք բան մը չկայ, այդ մէկը հարցի լուծում չէ, քիչ մըն ալ անհատէն կախեալ է: Ես կը սիրեմ իմ աշխատանքս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024