ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂԸ
Կան մարդիկ, որոնք որոշ շրջանակի մը կը ծառայեն, կան մարդիկ, որոնք որոշ ժամանակի մը կամ տեղի մը կը պատկանին, եւ կա՛ն մարդիկ ալ, որոնք համայն մարդկութեան կը ծառայեն, համայն մարդկութեան պատկանող անհատներ են։ Արդարեւ, աշխարհ հակառակ գիտութեան, արուեստի եւ շատ մը ուրիշ մարզերու մէջ ցոյց տուած հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններուն, շատ դանդաղօրէն կ՚առնէ բարոյական այն քայլափոխը, այնքան բազմապիսի, բարդ եւ խորախորհուրդ ծառայութեան մտածումներու հասկացողութիւնը։
Մարդիկ, մինչդեռ եթէ իրենց զոհողութիւնները, անձնուիրութիւնները, ծառայութիւնները մատուցանելու պատրաստակամութիւնը ցոյց տան համայն մարդկութեան, անխտիր, փոխանակ որոշ շրջանակի մը, որոշ ժամանակի մը եւ որոշ հաւաքականութեան մը, անոնք շատ աւելի երջանիկ պիտի զգան իրենք զիրենք, քան ուրիշներու՝ որոնք մասնակի ծառայութիւն կը մատուցանեն։ Մարդոց հաւասարութիւնը, մարդկային արդարութիւնը, ո՛վ կ՚ուզէ ըլլայ, ո՛ւր կ՚ուզէ ըլլայ, «մարդ ըլլալ»ու հանգամանքն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
Մարդ կրնայ որոշ կրօնի մը, որոշ ազգի մը, որոշ երկրի մը պատկանիլ, եւ բնական ու բանական է ասիկա, բայց մարդ կը պատկանի նաեւ մարդկութեան մեծ ընտանիքին։ Այս կը նմանի հսկայ շէնքէ մը ներս տարբեր յարկաբաժիններու մէջ բնակող տարբեր ընտանիքներու, անոնք տարբեր բաժիններու մէջ են, բայց մէկ տանիքի տակ կ՚ապրին եւ ունին հասարակաց նկարագիր՝ նոյն բանը բաժնելու, նոյն բանը օգտագործելու եւ նոյն տանիքին ներքեւ «մեծ ընտանիք» մը ըլլալու իրականութիւնը։ Մարդկութիւնն ալ աշխարհի վրայ, հասարակաց այդ մեծ դաշտին վրայ կ՚ապրի եւ անոր անդամները որքան ալ ունենան տարբեր պատկանելիութիւններ, ունին նաեւ հասարակաց պատկանելիութիւն մը՝ մարդկային մեծ ընտանքին պատկանելու իրողութիւնը։ Աշխարհի տանիքին ներքեւ ապրող մարդիկ «ընտանիք» կը կազմեն, որոնց ամէն մէկ անդամը իրարու կապուած են սերտօրէն՝ բնական եւ ամուր կապերով։
Զոր օրինակ, գիտութեան մարդ մը՝ իր ամբողջ ուսումը, ուսումնասիրութիւնները, աշխատութիւնը կ՚ընէ համայն մարդկութեան համար, անխտիր բոլոր մարդոց օգտին, անոնց ծառայելու նպատակով։
Գիտութիւնը, իր ընդհանուր առումով, ո՛չ կրօնք ունի եւ ո՛չ ալ ազգութիւն, ան համայն մարդկութեան պատկանող արժէք մըն է։ Նաեւ արուեստը՝ ան ալ համաշխարհային արժէք մըն է՝ ընդհանուր եւ անժամանա՛կ։ Ուստի կան կարգ մը մտածումներ, որոնց համար մարդկային միտքը կը բողոքէ, չ՚ընդունիր։ Ասիկա ըմբոստութիւն պէտք չէ համարուի, այլ՝ ճշմարտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հաւատարմութիւն, մարդկային արժանիքին, մա՛րդ ըլլալու շնորհին յայտնաբերո՛ւմը։
Եւ այս իմաստով, գիտութիւն եւ արուեստ, այս երկու արժէքները սեփականացնել կարելի չէ, քանի որ անոնք կը պատկանին համայն մարդկութեան, համայն աշխարհի։ Արդարեւ մարդուս միտքը եւ հոգին, մտածումները եւ զգացումներն ալ համամարդկային եւ համաշխարհային են եւ պէտք է բաժնել զանոք բոլոր մարդ անհատներու հետ, անխտիր եւ հաւասա՛ր։
Անշուշտ, ամբողջ մը կազմուած է փոքր մասնիկներէ, մանրամասնութիւններ են, որ կը կազմեն այդ ամբողջը, եւ այս պատճառով, չենք կրնար ուրանալ մանրամասնութիւններու կարեւորութիւնը, բայց անոնց վրայ կառչած մնալով պէտք չէ՛ որ վնաս պատճառուի ամբողջին կազմութեան։
Ընդհանուր առումով «մշակոյթ»ն ալ նոյնն է՝ ամէն ժողովուրդ, ամէն ազգ իւրայատուկ մշակոյթ մը ունի, բայց այդ մշակոյթը, որպէս արժէք, մաս մըն է ընդհանուր մարդկային մշակոյթին, մարդկային հասարակաց միտքին եւ զգացումներուն։ Բայց ի վերջոյ՝ մարդկային միտքի, մարդկային զգացումներու արդիւնք է անիկա։
Մշակոյթը, որքան ալ մասնակի ըլլայ, որքան ալ որոշ պատկանելիութիւն մը ունենայ, անուրանալի է, թէ անիկա մարդուն միտքին եւ զգացումներուն մէկ արտադրութիւնը, արտայայտութիւնն է, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ մշակոյթ ըլլալու համար նախ պէտք է որ «մարդ» գոյութիւն ունենայ, մարդկութիւն ըլլայ, եւ ուրեմն մշակոյթը կը պատկանի մարդկութեան։ Եւ ինչպէս աւելի առաջ մատնանիշ ըրինք, գիտութիւնը եւ արուեստն ալ, նոյն պատճառաբանութեամբ կը պատկանին համայն մարդկութեան, քանի որ անոնք մարդկային հասարակաց միտքի եւ զգացումներու բնական արդիւնքներն են։
Եւ մարդկութեան շատ կարեւոր մէկ հարցը՝ «արդարութի՛ւն»ը։ Արդարութիւնն ալ, որ մարդկային հաւասարութեան, ազատութեան, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու համապատասխանութեան արտայայտութիւնն է, ամբողջ մարդկութեան պատկանող գաղափար մը, արժէք մըն է։ Արդարութիւնը բարոյական արժէք մըն է, որ պէտք է իրագործուի բոլոր մարդկութեան ի նպաստ, առանց որեւէ խտրութեան, առանց բացառութեան, առանց աչառութեան։
Արդարութիւնը երկսայրի սուսեր մըն է, որ չի՛ խնայեր, թէ՛ տկարը՝ իր տկարութեանը համար եւ թէ՛ զօրաւորը՝ իր զօրաւորութեանը համար։ Եւ քանի որ ամբողջ մարդկութիւնը բաղկացած է տկարներէ եւ զօրաւորներէ, ապա ուրեմն արդարութիւնը կը պատկանի համայն մարդկութեա՛ն։
Ուստի այն արժէքը, որ կը բխի մարդուս միտքէն եւ հոգիէն, հասարակաց արժէք մըն է եւ կը պատկանի համայն մարդկութեան՝ չնայելով թէ այն մարդը, որմէ բխած է այդ արժէքը, կը պատկանի այս կամ այն հաւաքականութեան եւ կը ծառայէ այս կամ այն մտայնութեան։ Մարդկային միտքի եւ հոգիի արտադրութիւնները հասարակաց միտքի եւ հոգիի արտայայտութիւններ են եւ ուրեմն կը պատկանին բոլոր մարդկութեան։
Գիտութիւն, արուեստ, մշակոյթ եւ արդարութիւն մեծ արժէքներ են՝ մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան ստուգանիշները, որոնք մարդուս բանականութեան, գիտակցութեան եւ զգացորութեան հետեւանքներն են. մէկ խօսքով մարդկային են, եւ մարդկութեան կը պատկանին, պէտք է օգտագործեն մարդկութեան բոլոր անդամները անխտիր, բոլոր անհատները առանց որեւէ բացառութեան։
Եւ մարդկութեան մեծ ընտանքին անդամ ըլլալ այս կը նշանակէ եւ ա՛յս կը պահանջէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024