ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Արցա­խի այ­ցե­քար­տը դար­ձած Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ այս տա­րի եւս կ՚ըն­թա­նան հնա­գի­տա­կան պե­ղում­ներ: Այս մա­սին Նո­րա Գրի­գո­րեան տե­սակ­ցած է պե­ղում­նե­րու ղե­կա­վար Համ­լէթ Պետ­րո­սեա­նի հետ։

Այս­պէս, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ այս յու­շար­ձա­նի միայն 3-4 տո­կո­սը բա­ցուած է տա­կա­ւին: Քա­ղա­քը խոստմ­նա­լից է, միջոցները՝ սահմանափակ։ «Այս տա­րի Տիգ­րա­նա­կեր­տի պե­ղում­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած է 10 մի­լիոն դրամ: Այս մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ աշ­խա­տիլ շուրջ քսան­հինգ օր, ո­րուն առ­նուազն եօ­թը պի­տի տրա­մադ­րենք ընդ­հա­նուր հնա­գի­տա­կան մաքր­ման», կ՚ը­սէ հնա­գէտ Համ­լէթ Պետ­րո­սեան:

Հնա­գէ­տը կը նշէ նաեւ,  որ Տիգ­րա­նա­կեր­տի պե­ղում­նե­րը կ՚ըն­թա­նան դան­դաղ քայ­լե­րով: Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն տրա­մադ­րած հա­մեստ գու­մար­նե­րը չեն բա­ւա­կա­նաց­ներ այդ հզօր քա­ղա­քը բա­նա­լու հա­մար: «Մին­չեւ հի­մա մենք չենք բա­ցած Տիգ­րա­նա­կեր­տի ամ­րո­ցին մուտ­քը, միան­գա­մայն հնա­րա­ւոր է, որ այն­տեղ ար­ձա­նագ­րու­թիւն ըլ­լան, նաեւ չենք կրնար ըն­դար­ձակ պե­ղում­ներ ը­նել դամ­բա­րա­նա­դաշ­տին վրայ: Տիգ­րա­նի դրամ­նե­րը շատ ե­զա­կի ե­ղած են նոյ­նիսկ իր ժա­մա­նակ, ե­թէ մենք հա­րիւր դրամ գտնենք, ան­կէ մէկ-եր­կու­քը Տիգ­րա­նի­նը ըլ­լա­լու են, բայց այդ­քան դրամ գտնե­լու հա­մար պէտք է պե­ղենք առ­նուազն ե­րե­սուն դամ­բա­րան, ո­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ պի­տի ըլ­լայ տա­րե­կան լրա­ցու­ցիչ 20-30 մի­լիոն դրամ: Այ­սինքն՝ նպա­տակ­նե­րը հասկ­նա­լի եւ տե­սա­նե­լի են, իսկ մի­ջոց­նե­րը չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ա­նոնց», կ՚ը­սէ Համ­լէթ Պետ­րո­սեան:

Ար­շա­ւա­խում­բին ղե­կա­վա­րը կը վստա­հեց­նէ, որ այ­սօր չկայ ա­ւե­լի դի­տար­ժան, մա­քուր եւ հա­սա­նե­լի յու­շար­ձան: Հան­րու­թեան հա­մար հա­սա­նե­լի յու­շար­ձան ըլ­լա­լուն կը նպաս­տեն նաեւ պար­բե­րա­բար թար­մա­ցուող դի­մա­տետ­րի էջն ու կայ­քէ­ջը: Նպա­տա­կը յստակ է՝ հար­կա­ւոր է ա­նընդ­հատ ներ­կա­յաց­նել փաս­տարկ­ներ: Հնա­գէ­տը կը կար­ծէ, որ պե­տու­թիւ­նը յա­տուկ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն չի վա­րեր Տիգ­րա­նա­կեր­տի հար­ցով։ Մինչ­դեռ այս յու­շար­ձա­նը ա­նոր հա­մար է, որ­պէս­զի մենք ներ­կա­յաց­նենք աշ­խար­հին:

«Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ա­ռըն­չուե­լու ժա­մա­նակ՝ պատ­մա­կան փաս­տե­րը շատ կա­րե­ւոր են: Ատր­պէյ­ճա­նը ա­նընդ­հատ կը շեշ­տէ, որ այդ հո­ղե­րը պատ­մա­կան ատր­պէյ­ճա­նա­կան հո­ղեր են, իսկ հա­յե­րը հա­մո­զուած են, թէ ա­նի­կա հա­յե­րուն հայ­րե­նիքն է: Այ­սինքն, Տիգ­րա­նա­կեր­տի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը՝ մեր կամ­քէն ան­կախ՝ կը ստա­նայ ո­րո­շա­կի քա­ղա­քա­կան ե­րանգ, չնա­յած այն բա­նին, որ Տիգ­րա­նա­կեր­տի խում­բը հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս կը փոր­ձէ պա­հել ա­կա­դե­մա­կան մա­կար­դա­կի վրայ», կ՚ը­սէ ան:

Հնա­գէ­տը կը մեկ­նա­բա­նէ, թէ Տիգ­րա­նա­կեր­տը կ՚օգ­նէ նաեւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լուն։ «Այդ տա­րած­քի գիւ­ղե­րը բնա­կե­ցուած ե­ղած են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րով, հի­մա այն­տեղ հաս­տա­տուած հայ բնա­կիչ­նե­րը պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րին հա­մա­կեր­պուե­լու, սե­փա­կան մշա­կու­թա­յին, ծի­սա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րիք ու­նին, եւ այ­սօր Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը կա­տա­րէ ա­նոնց հո­գե­ւոր, սրբա­զան կեդ­րո­նի դե­րը», կ՚ը­սէ Համ­լէթ Պետ­րո­սեան:

Տիգ­րա­նա­կեր­տի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը կար­ծես մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հան­դէպ տարուող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նոր փորձ մըն է: Տիգ­րա­նա­կեր­տի տա­րած­քին գտնուող եւ թան­գա­րա­նի վե­րա­ծուած ուշ միջ­նա­դա­րեան ամ­րո­ցը, աղ­բիւր­ներն ու նստա­րան­նե­րը յու­շար­ձա­նը այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի հա­ճե­լի կը դարձ­նեն:

«Մենք ա­մէն ինչ ը­րած ենք, որ յու­շար­ձա­նը մատ­չե­լի ըլ­լայ: Տիգ­րա­նա­կեր­տը ունի շատ լաւ դիրք։ Կը գտնուի ան­մի­ջա­պէս Ստե­փա­նա­կերտ-Մար­տա­կերտ մայ­րու­ղիին վրայ, բա­ւա­կան է նստիլ այդ ճա­նա­պար­հա­հա­տուա­ծով ըն­թա­ցող ո­րե­ւէ փո­խադ­րա­մի­ջոց, եւ կը յայտ­նուիք Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ: Ողջ բնա­կա­տե­ղիի տա­րած­քին կան ցու­ցա­տախ­տակ­ներ, սլաք­ներ, բո­լոր պե­ղուած յու­շար­ձան­նե­րու մօտ յա­տուկ վա­հա­նակ­ներ՝ ե­ռա­լե­զու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով», կը նշէ ար­շա­ւա­խում­բին ղե­կա­վա­րը ու կը շա­րու­նա­կէ. «Թէեւ դեռ պե­ղուած է քա­ղա­քի միայն 3-4 տո­կո­սը, մենք կրնանք պատ­կե­րա­ցում կազ­մել տիգ­րա­նեան եւ ա­ւե­լի ուշ ժա­մա­նակ­նե­րու քա­ղա­քի մա­սին՝ ամ­րո­ցը իր պա­րիսպ­նե­րով, հնա­դա­րեան թա­ղա­մա­սեր, վաղ քրիս­տո­նէա­կան ըն­դար­ձակ եւ լաւ պահ­պա­նուած հրա­պա­րակ: Այս ա­մէ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ը­սե­լու, որ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ Տիգ­րա­նի ժա­մա­նա­կի ա­ւե­լի դա­սա­կան յու­շար­ձան, քան Տիգ­րա­նա­կեր­տը, գո­յու­թիւն չու­նի»:

Ար­ցա­խի Տիգ­րա­նա­կեր­տին մէջ պե­ղում­նե­րը սկսած են 2006 թուա­կա­նին` հնա­գէտ Համ­լէթ Պետ­րո­սեա­նի անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: 2008 թուա­կա­նէն մին­չեւ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին ո­րո­շու­մով՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը պե­ղուի պե­տու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017