«ՍՕՍԷ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
«Սօսէ 2017» միջազգային փառատօնը սկսած է շարժապատկերներու դիմումներուն ընդունումը: Հիմնական մրցութային ծրագրով կրնան մասնակցիլ բոլոր ժապաւէնները՝ առանց թեմայի սահմանափակման (խաղարկային, երկարաժամ, կարճաժամ, վաւերագրական):
Փառատօնը ունի երկու մրցութային ծրագիր եւ՝ «Բովանդակութիւնը՝ կին» եւ «Ուսանողական»: «Բովանդակութիւ-նը՝ կին» մրցութային ծրագիրին կրնան մասնակցիլ ժապաւէններ, որոնց մէջ կ՚արծարծուի կնոջ թեման: Լաւագոյն մեկնաբանութեան համար նախատեսուած է «Սօսէ Մայրիկ»ի անուան մրցանակ: Իսկ «Ուսանողական» մրցութային ծրագիրին կը ներկայացուին աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ուսանողներու աշխատանքները՝ առանց ժանրային կամ թեմայի սահմանափակման: Փառատօնը պիտի հովանաւորէ «Լաւագոյն ուսանողական աշխատանք» անուանակարգով յաղթող եւ Հայաստանի մէջ ուսանող բեմադրիչի մէկ տարուան ուսման վարձը, իսկ արտերկրի մէջ ուսանող բեմադրիչին պիտի տրուի պատուոյ գիր:
«Սօսէ» միջազգային փառատօնի ֆիլմերու նախնական ընտրութիւնը կ՚իրականացնէ միջազգային յանձնախումբը, որուն մէջ կան նաեւ հայ մասնագէտներ:
Դիմումներուն ընդունման վերջնաժամկէտը Մայիս 31-ն է: Ֆիլմերուն նախնական ընտրութեան արդիւնքները պիտի ամփոփուին Յուլիսի 1-ին: Շարժանկարի դիտումները պիտի իրականացուին Օգոստոս 14-Հոկտեմբեր 2 թուականներուն միջեւ: Իսկ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ Հոկտեմբերի 14-ին:
«Սօսէ» միջազգային փառատօնին գլխաւոր նպատակն է նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շարժանկարի արտադրութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ աջակցիլ համատեղ ֆիլմերու արտադրութեան, որպէսզի ստեղ-ծըւին հայ-իտալական, հայ-պուլկարական, հայ-իրանական եւ այլ ֆիլմեր։