ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա գիւղին մէջ իրականացուեցաւ ճատրակի բաց առաջնութիւն, որ նուիրուած էր Հայոց եղեռնի 102-րդ տարելիցին: Մրցաշարքը առաջին անգամ իրականացուեցաւ 2015 թուականին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեանի եւ նախաձեռնութեամբ Դիլիսկայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեանի:
Մրցաշարքը կը կրէ «Մեր միտքը անպարտ է» խորագիրը: Մինչեւ մրցաշարքին սկսիլը տեղական իշխանութիւնները, հիւրերը, մարզիչները, մրցաշարքի մասնակիցները այցելած են Դիլիսկայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր տեղւոյն եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով մը։ Ան մասնաւորապէս նշեց. «Եթէ հարիւր տարի աղօթած ենք Եղեռնի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, այժմ արդէն կը խնդրենք իրենց բարեխօսութիւնը մեր անձերու, պետութեան եւ համայն ժողովուրդի խաղաղութեան համար»: Տ. Տիգրան Քհնյ. Մխիթարեան նշեց, որ հայոց միտքը, կամքն ու ոգին անպարտ են: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մրցաշարքի կազմակերպիչներուն, բարերարին եւ մասնակիցներուն, այնուհետեւ բոլորով միասին աղօթեցին սուրբ նահատակներու համար, որմէ ետք ծաղիկներ զետեղեցին զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին:
Ապա գիւղապետարանին մէջ սկսաւ մրցաշարքը, որ իրականացուեցաւ Դիլիսկայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, գիւղապետ Էտկար Կարախանեանի, Ախալքալաքի ճատրակի դպրոցի Դիլիսկայի մասնաճիւղի պատասխանատու՝ Ռազմիկ Գոգորեանի անմիջական աջակցութեամբ եւ ռուսաստանաբնակ Փիլոս Մանուկեանի հովանաւորութեամբ:
Բացի դափնեկիրներէն մետայլներով պարգեւատրուեցան նաեւ չորրորդ տեղը գրաւած մարզիկները, իսկ մնացած մասնակիցները ստացան պատուոյ գրեր եւ խրախուսական յուշանուէրներ: