ՓԵՐՄԵԱՔՈՎ ՊԻՏԻ ՏԱՐՈՒԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

12 Յու­նուար 2015 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քին մէջ Ա­ւե­տի­սեան ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուոր Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով պա­տի­ժը պի­տի կրէ Ռու­սաս­տա­նի մէջ։ Ռու­սաս­տա­նի Հիւ­սիս-Կով­կա­սեան շրջա­նի ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ե­րէկ ճանչ­ցաւ Հա­յաս­տա­նի դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն վճի­ռը, ո­րով ցկեանս բան­-տար­կու­թեան դա­տա­պար­տուած է Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով։ Այս վեր­ջի­նը ներ­կա­յիս կա­լա­նա­ւո­րուած է Կիւմ­րիի ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս։

news.am-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ցմահ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տուած Փեր­մեա­քով պա­տի­ժը պի­տի կրէ Ռու­սաս­տա­նի մէջ, սա­կայն տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ ճշդուած այդ վայ­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017