ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Սփիւռք 6-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը։ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը նա­խա­տե­սուած է 19-20 Սեպ­տեմ­բե­րին։

Մինչ այդ, հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներն ալ ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ են։ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ սկսած են քննար­կում­նե­րը՝ հա­մա­ժո­ղո­վի ձե­ւա­չա­փին, թե­մա­թիք ընդգրկ­ման, մաս­նա­կից­նե­րու կազ­մին եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Յա­կո­բեան նշեց, որ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի բո­լոր կա­րող ու­ժե­րու, մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թեամբ այս ձեռ­նար­կին։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017