ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը արդէն ունի նոր նախագահ մը։ 3 Մայիս 2017 թուականի դրութեամբ Իզապէլ Մոթա կոչուած է հիմարկի վարչութեան նախագահի պաշտօնին՝ յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին այս կառոյցի ղեկավարն էր։ Հարկ է նշել, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքն ալ ենթակայ է այն ընդհանուր ղեկավարութեան, որուն գլուխը ներկայիս անցած է Իզապէլ Մոթա, որ ունի հինգ տարուան պաշտօնավարութեան ժամկէտ մը։
Իզապէլ Մոթա «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձութեան կ՚անդամակցի 1999 թուականէն ի վեր։ 7 Դեկտեմբեր 2016 թուականին տեղի ունեցած համաժողովի արդիւնքին ան ընտրուեցաւ նախագահ եւ նախընթաց օր ալ պաշտօնապէս ստանձնեց այդ առաքելութիւնը։
Իզապէլ Մոթա 1951 թուականին ծնած է Լիզպոնի մէջ։ Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է՝ աւարտած ըլլալով Լիզպոնի համալսարանը։ 1973 թուականէն ի վեր աշխատանքային ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է՝ պետական, համալսարանական եւ այլ բնագաւառներու մէջ, միշտ գտնուելով ղեկավար դիրքերու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ, 1978-1986 թուականներուն Իզապէլ Մոթա Փորթուգալի Ելմտական նախարարութենէն ներս եղած է արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի փոխ-ընդհանուր տնօրէն։ 1987-1995 թուականներուն Իզապէլ Մոթա եղած է Փորթուգալի շրջանային ծրագրաւորման եւ զարգացման պետական քարտուղար՝ ըլլալով պատասխանատու Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու գծով ի նպաստ Փորթուգալի զարգացման ծրագրերուն։
Ի շարունակութիւն իր ցարդ վարած բազմակողմանի պաշտօններուն՝ ան ներկայիս անցած է գլուխը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի, որ Փորթուգալի մէջ կը դասուի բարձր հեղինակութեամբ կարեւորագոյն հասարակական կառոյցներու շարքին։