ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ո­րո­նում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­րէկ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ապ­րուե­ցաւ Աս­տա­նա­յի մէջ։ Թու­քիա, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան՝ որ­պէս ե­րաշ­խա­ւոր եր­կիր­ներ, հա­սան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը։ Այս յու­սադ­րիչ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով Ան­գա­րա, Մոս­կուա եւ Թեհ­րան ստո­րագ­րե­ցին փաս­տա­թուղթ մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի Սու­րիա­յէ ներս բա­խում­նե­րէ զերծ շրջան­ներ ստեղ­ծել։ Ե­րեք կող­մե­րուն մի­ջեւ վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած խտա­ցեալ շփում­նե­րուն հի­ման վրայ կա­րե­լի ե­ղաւ հաս­նիլ այս հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Աս­տա­նա­յի մէջ ե­րէկ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ էին Սու­րիոյ բո­լոր ու­ժե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ ա­նոնք ալ հաշտ աչ­քով դի­տե­ցին այս տար­բե­րա­կը։ Ուս­տի, ե­րաշ­խա­ւոր ե­րեք եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։

Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ճշդուին ե­րաշ­խա­ւոր եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ բա­խում­նե­րէ զերծ շրջան­նե­րու սահ­ման­նե­րուն շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի յստա­կե­նան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Ե­րաշ­խա­ւոր ե­րեք եր­կիր­նե­րը մաս­նա­ւոր աշ­խա­տան­քա­յին խում­բեր պի­տի ստեղ­ծեն այս նպա­տա­կով։ Թրքա­կան կող­մը ող­ջու­նեց ե­րէկ Աս­տա­նա­յի մէջ ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թը եւ ընդգ­ծեց, որ բա­խում­նե­րէ զերծ շրջան­նե­րուն մէջ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն մի­ջեւ պի­տի կա­սե­ցուի ա­մէն տե­սակ զէն­քի օգ­տա­գոր­ծու­մը, նե­րա­ռեալ ռազ­մաօ­դա­յին տար­րե­րը։ Դէ­պի այդ շըր-ջան­նե­րը պի­տի ա­պա­հո­վուի հրա­տապ ու ան­խա­փան մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն։

Սու­րիոյ գծով Ռու­սաս­տա­նի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ա­լեք­սանտր Լաւ­րեն­տեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ Սու­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ող­ջու­նած է այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ բա­խում­նե­րէ զերծ շրջան­նե­րուն վրայ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը պի­տի դադ­րեց­նեն ի­րենց թռիչք­նե­րը։

Սու­րիոյ զի­նեալ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Ու­սա­մէ Է­պու Զէյտ, իր կար­գին, յայտ­նեց՝ որ անվ­տանգ գօ­տի­նե­րու ստեղ­ծու­մը կը սպառ­նայ երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան։

Միւս կող­մէ, Ո­ւա­շինկ­թը­նէն մտա­հո­գու­թիւն­ներ հնչե­ցին ե­րէկ Աս­տա­նա­յի մէջ ձեռք բերուած հա­մա­ձայ­նու­թեան շուրջ։ Միացեալ Նահանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ թէեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան կող­մե­րէն մին չեն հան­դի­սա­նար, սա­կայն Սու­րիա­յէ ներս բըռ-նու­թեան կա­սեց­ման ուղ­ղեալ բո­լոր ջան­քե­րը կը խրա­խու­սեն։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յի­շե­ցուց նաեւ նախ­կին ձա­խող ջան­քե­րը ու թուար­կեց իր վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մատ­նան­շուած է նախ եւ ա­ռաջ Ի­րա­նը։ Ար­դա­րեւ, Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­խում­բը կը պաշտ­պա­նէ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն։ Բաց աս­տի, Ուաշինկթընի կող­մէ ընդգ­ծուած են շարք մը ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու պա­րա­գա­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017