ԿՈՐՈՒՍՏԸ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ Է

Ո­րե­ւէ կո­րուստ՝ ըլ­լա՛յ նիւ­թա­կան, ըլ­լա՛յ բա­րո­յա­կան կամ հո­գե­կան, միշտ ցա՛ւ կը պատ­ճա­ռէ կո­րուս­տի են­թար­կուո­ղին, կո­րուս­տի մատ­նուո­ղին։ Ու­րեմն, մարդ պէտք է պէտք ե­ղած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, հար­կա­ւոր մի­ջոց­նե­րը պատ­րաս­տէ, որ­պէս­զի կո­րուստ չու­նե­նայ եւ կամ պա­տա­հա­կան կո­րուս­տէ մը նուա­զա­գոյն վնա­սով փրկուի։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ եր­բեմն ան­խու­սա­փե­լի են կո­րուստ­նե­րը, ինչ­պէս՝ նե­ղու­թիւն­ներ, դժբախ­տու­թիւն­ներ։

Ու­րեմն մարդս պար­տա­ւոր է զգոյշ ըլ­լա­լու եւ պատ­րաստ՝ զա­նոնք դի­մա­կա­լե­լու կամքն ու կո­րո­վը ու­նե­նա­լու։

Մարդ էա­կը բնազ­դա­բար կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ ի­րեն հա­մար եւ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թեան հա­մար ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող եւ ի­րեն պատ­կա­նող ա­մէն ինչ որ թան­կա­գին է՝ ա­ռար­կա­ներ, ի­րե­ղէն­ներ, եւ նաեւ բա­րո­յա­կան-հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներ՝ յի­շա­տակ­ներ, հա­ւա­տա­լիք­ներ, խտա­ցեալ զգա­ցում­ներ, միտ­քեր, գա­ղա­փար­ներ եւ այլն։ Մարդ կ՚ու­զէ պահ­պա­նել զա­նոնք եւ բծախնդ­րօ­րէն կը խնա­մէ, ա­պա­հով տեղ մը, մի­ջա­վայր մը պատ­րաս­տե­լով ա­նոնց։ Եւ այս թէ՛ մարմ­նա­կան, թէ՛ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու գլխա­ւորն ալ է՝ մար­դուս ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ ա­նոր հա­մըն­թաց՝ ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Այս բո­լոր ար­ժէք­նե­րը բծախն­դու­թեամբ կը պահ­պա­նէ մարդ, ա­մէն վնա­սա­կար դէպ­քե­րէ զերծ մնա­լու եւ ա­նոնց սպառ­նա­ցած վտանգ­նե­րէ ա­զա­տե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ սպառ­նա­ցող ա­մէն վտանգ կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել եւ հա­ւա­նա­կան վնա­սա­կար մը ըլ­լալ։ Ի­րե­րու, նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու հա­մար, զոր օ­րի­նակ, ցե­ցե­րը վտանգ կը սպառ­նան՝ կը մա­շեց­նեն եւ կը վնա­սեն զա­նոնք։ Կան նաեւ ի­րե­ղէն­ներ, ո­րոնք կ՚եղ­ծուին բի­ծե­րէ, ա­րատ­նե­րէ, ա­մէն տե­սակ ան­մաք­րու­թիւն­նե­րէ։

Ստա­ցուածք­նե­րու, նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու յայտ­նի վտա­գի մը սպառ­նա­լիքն է՝ գո­ղը, որ կը յափշ­տա­կէ զա­նոնք, կո­րուս­տի կը մատ­նէ ա­նոնց սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը, ան­շուշտ ա­նոնց ար­ժէ­քին հա­մե­մատ վնաս պատ­ճա­ռե­լով ա­նոնց։ Եւ բո­լոր այս վտանգ­նե­րը վնա­սի կը վե­րա­ծուին, ե­թէ մարդ ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան մէջ թե­րա­նայ կամ ան­տար­բեր գտնուի։

Իր ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով պահ­պա­նու­թիւ­նը, ու­րեմն ու­րիշ բան չէ՛, ե­թէ ոչ պա­տա­հա­կան կամ հա­ւա­նա­կան կո­րուս­տի դէմ ձեռք առ­նուե­լիք ա­պա­հով մի­ջո­ցա­ռու­մը, նա­խա­պատ­րաս­տութի՛ւ­նը, մի­ջո­ցը։

Ինչ­պէս ը­սինք, կո­րուս­տը կրնայ ըլ­լալ նիւ­թա­կան, կրնայ ըլ­լալ նաեւ բա­րո­յա­կան, վե­րա­ցա­կան, ե­թէ նիւ­թա­կան է՝ ա­ւե­լի զգա­լի է, քա­նի որ ա­նի­կա տե­սա­նե­լի է եւ շօ­շա­փե­լի՛, իսկ ե­թէ բա­րո­յա­կան է՝ ա­նոր տպա­ւո­րու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի քիչ տպա­ւո­րիչ ըլ­լայ եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի քիչ, ան­շուշտ խնդրոյ ա­ռար­կայ բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քին հա­մե­մատ։

Բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նումն ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, քա­նի որ ա­նոնց կո­րուստն ալ բա­րո­յա­պէս կը վնա­սէ մար­դը եւ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ վի­րա­ւո­րանք­նե­րու։

Թէ ի՞նչ է պատ­ճա­ռը բա­րո­յա­կան կո­րուստ­նե­րուն։

Մեծ մա­սամբ կիր­քեր կը խան­գա­րեն մա­քուր զգա­ցում­նե­րը, կը պղտո­րեն սիր­տը՝ ա­նոր վճիտ պայ­ծա­ռա­տե­սու­թիւ­նը, անբ­ծու­թիւ­նը եւ ա­նոնք կը փո­խա­նա­կուին աղ­տոտ մտա­ծում­նե­րով, ա­նո­րոշ զգա­ցում­նե­րով՝ ա­պա­կա­նու­թիւն­նե­րով, չար սո­վո­րու­թիւն­նե­րով, պղծու­թիւն­նե­րով։

Ու­րեմն բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թիւնն ալ կ՚են­թադ­րէ մար­դուս նկա­րագ­րին պահ­պա­նու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ մա­քուր խիղճ մը, խա­ղաղ սիրտ մը մար­դուս ա­մե­նա­թան­կա­գին բա­րո­յա­կան ար­ժէք­ներն են, քա­նի որ ա­նոնք են Աս­տու­ծոյ հա­ճե­լի ար­ժէք­նե­րը։ Ուս­տի պէտք է ըմբռ­նել եւ գնա­հա­տել խա­ղա­ղու­թեան, սրբու­թեան, ար­դա­րու­թեան ար­ժէ­քը եւ մար­դիկ մեծ մա­սամբ լու­ծած պի­տի ըլ­լան ան­հա­մար ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, հար­թած պի­տի ըլ­լան դժուա­րու­թիւն­ներ։

Բայց ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մըն է, թէ՝ դժուար բան է պահ­պա­նել բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը, քա­նի որ ա­նոնք վե­րա­ցա­կան են՝ ան­տե­սա­նե­լի եւ ան­շօ­շա­փե­լի եւ ու­րեմն ընդ­հան­րա­պէս շեշ­տա­լի չեն ըլ­լար։ Ուս­տի մարդ կրնայ չա­փա­ւո­րել եւ կշի­ռի տակ առ­նել կարգ մը խոր­հուրդ­նե­րը եւ ա­նոնց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը իր են­թա­կա­յա­կան ո­րո­շու­մով՝ իր կամ­քին հա­մա­ձայն, իր ու­զած չա­փով ու կեր­պով։ Ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւ­նը դժուա՛ր է մար­դուս հա­մար։ Ներ­հա­յե­ցո­ղու­թիւն՝ ինքն իր «Ես»ին հետ դի­մա­ւո­րուի­լը շա՜տ ա­ւե­լի դժուար։

Բայց ինք­նա­ճա­նա­չու­մը հար­կա­ւոր է մար­դուս բա­րո­յա­կան-հո­գե­ւոր կեան­քին զար­գաց­ման հա­մար եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ սրբագ­րուե­լու եւ վերսկ­սե­լու որ­պէս նոր մարդ, իր ա­րատ­նե­րէն մաք­րե­լով «ներ­քին մարդ»ը։

Մարդ կրնայ ան­ջա­տել ինք­զինք ա­մէն տե­սակ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէ, խզել ա­մէն հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն իր շուր­ջին հետ, ո­րոնք ա­նա­խորժ եւ տհաճ են ի­րեն հա­մար։

Բայց ա­սի­կա լու­ծում մը չէ՛, քա­նի որ մարդ ըն­կե­րա­յին էակ մըն է, թե­րեւս ժա­մա­նա­կա­ւոր փա­խուստ մը, բայց ո՛չ վճռա­կան եւ հա­տու կար­գադ­րու­թիւն մը։ Մարդ այս­պէս կրնայ ինք­զինք մատ­նել ա­մե­նա­տա­ժա­նե­լի ճգնու­թեան, բայց ի վեր­ջոյ պէտք ու­նի իր նման­նե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ յա­րա­բե­րու­թիւն հաս­տա­տե­լու։ Եւ այս պատ­ճա­ռով ա­մե­նէն ա­ւե­լի ա­չալր­ջու­թիւն ու­նե­նա­լու է բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը պահ­պա­նե­լու հար­ցին մէջ։ Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք չէ թո­ղուլ ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ։

Եւ կամ­քը եւ հաս­տա­տամ­տու­թիւ­նը չեն կրնար արթնց­նել մար­դուս ման­կա­կան ան­մե­ղու­թիւ­նը, անբ­ծու­թիւ­նը եւ պար­զու­թիւ­նը, որ ըն­դո­ծին ար­ժէք­ներ են իր մէջ դրուած, ե­թէ չմաք­րէ մարդ իր սիր­տը եւ չխա­ղա­ղեց­նէ իր խիղ­ճը։ Բան մը՝ որ թէեւ դժուար է, բայց ո՛չ եր­բեք ան­կա­րե­լի, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ հա­մար գո­յու­թիւն չու­նի «ան­կա­րե­լի»ն, բաւ է որ մարդ անդ­րա­դառ­նայ այդ ճշմար­տու­թեան եւ կա­րե­նայ օգ­տա­գոր­ծել զայն։ Եւ այս պատ­ճա­ռով, Յի­սուս կարգ մը բե­ռներ իր վրայ ա­ռաւ, գիտ­նա­լով մար­դուն տկա­րու­թիւ­նը եւ ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը այդ մա­սին։ Ան չու­զեց, որ մարդ ա­ռան­ձին մնայ իր թե­րու­թիւն­նե­րով եւ ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով, եւ գոր­ծա­կից ե­ղաւ, օ­ժան­դակ՝ ա­նոր բե­ռը տա­նե­լու մէջ։ Յի­սուս ը­սաւ. «Ին­ծի՛ ե­կէք դուք բո­լորդ, յոգ­նած­ներ եւ բեռ­նա­ւո­րուած­ներ, եւ ես հան­գիստ պի­տի տամ ձե­զի» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։­

Ուս­տի քրիս­տո­նէա­կան բա­րո­յա­կա­նը զօ­րա­ցած է Քրիս­տո­սի գե­րա­գոյն անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նա­կով։ Ա­սի­կա ո՛չ թէ օ­րի­նա­պաշ­տու­թեամբ, այլ շնորհ­քով, ներ­քին մաք­րու­թեամբ, սրբագ­րու­թեամբ եւ կեան­քի ակ­նաղ­բիւ­րը վճիտ եւ յստակ դարձ­նե­լով կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Ար­դա­րեւ Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տուած է մա­քուր սիր­տե­րու եւ խա­ղաղ հո­գի­նե­րու վրայ՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ու գո­յու­թեան իբ­րեւ պար­գեւ՝ խոս­տա­ցուած ե­րա­նու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը եւ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։

Ա­յո՛, աշ­խար­հի վրայ ինք­զինք մի­նակ զգալ ու կար­ծել, ա­մե­նէն յու­սա­հա­տեց­նող ու վհա­տեց­նող զգա­ցու­մը, վի­ճակն է։ Նման վի­ճակ մը՝ մարդս կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել աղ­տոտ հա­շիւ­նե­րու եւ գձուձ վար­մունք­նե­րու, ե­թէ ան զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր չէ. եւ այդ կեր­պով մարդ, մին­չեւ իսկ կը կորսնց­նէ իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, վի­րա­ւո­րե­լով իր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Եւ տիե­զեր­քի մեծ վա­յել­չու­թիւ­նը կը դադ­րի այդ­պի­սի մար­դուն հա­մար եւ ան­հա­ւա­տա­րիմ կը դառ­նայ իր կո­չու­մին։ Մինչ­դեռ երբ մարդ անդ­րա­դառ­նայ իր «ներ­քին մարդ»ուն, պի­տի նկա­տէ, որ մի­նակ չէ՛, թե­րեւս ա­ռան­ձին՝ ինքն ի՛­րեն հետ եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը իր Ստեղ­ծի՛­չին հետ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 26, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2017