Որպէսզի Սփիւռք(ներ)ի Մէջ Հայերէնը Ուսուցուի Եւ Իւրացուի Որպէս «Կեանքի Լեզու»
Հայերէնը Հայաստանի մէջ «կեանքի լեզու» է, իր դպրոցներով, բարբառներով, փողոցի լեզուով, թերթերով, ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով, գրողներով:
Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէնը «կեանքի լեզու» չէ, քանի որ հաղորդակցութիւնը, առօրեան, գիտութիւնը, կեանքը ընդհանրապէս, կը շնչեն շրջապատի լեզուով: Նոյնիսկ «հայկական վարժարան»ի պարագային, հայերէնը դասական-տարրական-անցելապաշտ-կարօտի եւ արդէն իսկ նուազած կամ անհետացած երէցներու լեզու է, անմիջականի չառընչուող:
Քաղաքակրթական եւ ընկերային խնդիր՝ որ շեշտուած է կացութիւնը կազմակերպուած ձեւով դիմագրաւելու մեր անկարողութեամբ եւ պէտք է ըսել՝ չկամութեամբ, որոնց հետեւանքով ծաւալած են յաջորդական նահանջները, պատշաճեցման արդարացումով:
Հայրենիքի տիրութեան գիտակցութիւն, ազգային գաղափարախօսութիւն եւ անոնց առանցքին գտնուող ինքնութիւնը տեւաբար զիջած են եւ կը զիջին իրենց առաջնահերթութիւնը, տեղ մը շատ, այլ տեղ նուազ գունաթափումով:
Մարզական միութեան անդամ մը, այժմ հանգուցեալ, կ՚ըսէր թէ Ֆրանսա նոր հասնող հայերուն ֆրանսերէն սորվեցնելու յատուկ ճիգի կարիք չկայ, անոնք կը սորվին՝ երբ փողոցին մէջ կը քալեն, լսելով, հաղորդակցելով, ցուցանակները կարդալով: Ան ուրեմն «կեանքի լեզու է»: Այդպէս են սփիւռքները «հիւրընկալ» երկիրներու մէջ:
Հայրենամերձ աշխարհագրական շրջաններու մէջ, զանազան ազդակներու բերումով, հայերէնը դեռ մասամբ կը տոկայ եւ կը մնայ «կեանքի լեզու», շատերու համար ալ դառնալով «հաց պանիրի լեզու», ինչպէս ըսած է Շաւարշ Միսաքեան: Բայց ամէնուրեք, կրթական-ուսումնական համակարգի ճընշ-ման տակ, հայերէնը աստիճանաբար, առաւել կամ նուազ թափով, կը դադրի կեանքի լեզու ըլլալէ:
«Հայկական վարժարան»ի,- հոն ուր ան կայ,- տեսակարար (specifique) խտութիւնը կը նուազի, քանի որ հայերէնը դասաժամի լեզու է, երբեմն ալ երգի եւ պարի: Բոլոր միւս առարկաները, տեղական եւ այլ լեզուներ, գիտութիւններ, նոյնիսկ մարզանքի պահեր, որոնք կ՚առընչուին կեանքին, օտարալեզու են: Այսինքն հայ աշակերտը աշխարհը չի ճանչնար հայերէնով, ուրկէ հայեցի կրթութեան դիմագրաւած մեծ եւ գրեթէ անյաղթահարելի դժուարութիւնը, որուն վրայ պէտք է գումարել ծնողներու ստուար մեծամասնութեան յաջողութիւններու ձգտող գործնապաշտութիւնը, որ տեղ չի տար հայերէնի իւրացման, թիւր եւ նախնական մանկավարժութեան մը հետեւելով:
Գործնապաշտութիւնը եւ անոր հետեւող զիջումները կ՚արգիլեն, որ հայերէնը դառնայ կեանքի լեզու: Այդ ընելու համար հայերէնի ուսուցման դասագիրքերը եւ մանկավարժութիւնը արմատական վերատեսութեան չեն ենթարկուած:
Այս մասին մտածեցի տպաւորուած ըլլալով փարիզեան շրջանի հայկական վարժարանի մը ուսողութեան դասին ներկայ ըլլալով: Դասաւանդութիւնը ֆրանսերէնով էր: Բայց ուսուցիչը ֆրանսերէն բառին կողքին կը յիշեցնէր եւ կը կրկնէր նաեւ հայերէնը: Կ՚ըսէր՝ diagonale եւ կ՚աւելցնէր՝ հատանող, կ՚ըսէր՝ triangle equilateral եւ կ՚աւելցնէր հաւասարակողմ եռանկիւն: Ուրեմն, Սփիւռք(ներ)ի մէջ, հայերէնի ուսուցումը որպէս իսկական «կեանքի լեզու» յաջողելու համար երկլեզուանի ուսուցման պիտի դիմէ, bilinguisme:
Հարկ է կրկնել, որ երկլեզուանի մանկավարժութիւնը չի նշանակեր երկու լեզուի ուսուցում, այլ երկու լեզուով աշխարհաճանաչողութիւն: Այս մանկավարժութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ է պատրաստել հայերէնէն զատ նաեւ միւս առարկաները ուսուցանող եւ հայերէնի տիրապետող ուսուցիչներ: Օրինակ, երբ մարզանքի ուսուցիչը հայերէն կը խօսի եւ խաղերը նաեւ հայերէնով կ՚ըլլան, հայերէնը կը դառնայ «կեանքի լեզու»:
Դեռ մէկ սերունդ առաջ, մասնաւորաբար միջինարեւելեան հայ գաղութներու հայկական նախակրթարաններուն մէջ, աշխարհագրութիւն, իրագիտութիւն, մարդակազմութիւն, բնագիտութիւն, թուաբանութիւն հայերէնով կը դասաւանդէին: Հիմա փորձեցէք հայկական երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն հարցնել, թէ ի՞նչ բան են միջօրէականը, զուգահեռականը, ձգողութիւնը, աւիշը, ծիրը, արջասպը, ճակնդեղը, շողգամը, թմբին, մանանեխը, ծոծրակը, անութը…։ Նուազուրդի ենթարկուած լեզուով կարելի չէ աշխարհաճանաչողութիւնը, եւ ան կը դադրի ըլլալէ «կեանքի լեզու»: Բոլոր ծառերը «ծառ» են, ոչ կաղնի, ոչ բարտի, ոչ սօսի, ոչ կնձնի: Երբ իր հարստութեամբ «կեանքի լեզու» չէ հայերէնը, ան կը գտնուի կորստեան վտանգին տակ:
Սփիւռքեան կացութիւնը է ինչ որ է: Սակայն փոխանակ ենթարկուելու աստիճանական նահանջի հիւծախտին, ինչո՞ւ չմտածենք յատուկ կերպով մտածուած եւ մշակուած հայերէնի ուսուցման դասագիրքերու մասին, որպէսզի հայերէնը վերածուի արտայայտչական կարողութիւններով իւրացուած լեզուի:
Ինչպէ՞ս:
Առաջին հերթին անհրաժեշտ է մշակել դասագիրքերու շարք մը, որուն մէջ կը ներառնուին կեանքի առընչուող ծանօթութիւններու եզրեր, ինչպէս յիշեցի գիտութիւններու պարագան, խմբագրելով էջեր, որոնք ծանօթ գրողներու գրական էջեր չեն: Այդ էջերուն մէջ կը գործածուին այն բառերը, որոնց աշակերտը կը հանդիպի լեզուի դասերէն դուրս ուսուցուող առարկաներուն մէջ: Այս աշխատանքը սիրողականէ տարբեր մակարդակի վրայ պէտք է իրագործել:
Ապա, երկարաշունչ աշխատանքով, պատրաստել հայերէն գիտցող ուսուցիչներ, որոնք կ՚ուսուցանեն պետական քննութիւններու ծրագրային նիւթերը, կամուրջներ հաստատել հայերէնի հետ, փոխներթափանցումով, որպէսզի ան ըլլայ իսկապէս «կեանքի լեզու»: Այսքա՜ն էական խնդիրի օրակարգով հարկ է կազմակերպել իրաւասութիւններով օժտուած աշխատանքային ժողովներ, յանգիլ եզրակացութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու, յատկացնելով համահամայնքային եւ համահայկական վարկեր: Թերեւս այսօր դեռ կարելի է կանխել վերջնական աղէտը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի գործադրութեան, ղեկավարութիւնները մրցակցական մթնոլորտէ հեռանալով, հարկ է որ ստեղծեն համախոհութիւն: Այլապէս օր մը Սփիւռք(ներ)ի մասին կը խօսուի անցեալով, քանի որ անցած կ՚ըլլանք օդաչուներու բառերով՝ «անվերադարձի կէտը», point of no return:
Արտաքին ուժեր լուծում պիտի չբերեն:
Նման նախաձեռնութիւն կ՚ենթադրէ զգացական հայրենասիրութենէ եւ հայրենասիրական «տուրիզմ»է տարբեր որակ:
Մեծապէս դաստիրակիչ է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տնօրէնին խօսքը, զոր յաճախ կը կրկնեմ. «Վաղը միշտ ուշ է»: Յոռետես պէտք չէ ըլլալ. թերեւս դեռ այսօր շատ ուշ չէ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Քուինզ, Նիւ Եորք
Հարթակ
- 12/23/2024