ՓՈԽ-ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԿԸ ԹԱԿԷ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻ ԴՌՆԵՐԸ
Մարտի կէսէրուն Սէուատական Արաբիոյ փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը Ուաշինկթըն կ՚այցելէր եւ հանդիպում կ՚ունենար Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Մինչ վերլուծաբանները կը սպասէին, որ Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին համար կարեւոր օրակարգ պիտի ըլլար Միացեալ Նահանգներ այցելելը, ինչ որ կ՚ուշանար եւ թագաւորին փոխարէն թագաւորութեան փոխ-գահաժառանգը իր ուսերուն «կ՚առնէր» այդ կենսական պարտականութիւնը:
Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն վրայ ու շեշտը դնենք նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան վերջին մէկ տարուան ընթացքին այդ «կենսական» (երկու կողմերուն համար ալ) համարուած յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերին վրայ, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ երկու կողմերուն միջեւ սկսած էր տեղ գտնել փոխանվստահութեան մթնոլորտ մը:
Սէուտական կողմին համար ամերիկեան Գոնկրէսին կողմէ հրապարակուած «ՃԱՍԹԱ» օրինագիծը մեծագոյն հարուած կը համարուէր: Այդ օրէնքին հիմքով հարցաքննութեան պիտի ներկայանային Սէուատական Արաբիոյ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող այն քաղաքացիները, որոնք կրնային կապ մը ունեցած ըլլալ (նիւթական կամ այլ տիպի) 2001 թուականին Նիւ Եորքի Twin Tower-ի դէմ եղած ահաբեկչութիւնը իրականացնողներու մօտիկ շրջանակներուն հետ:
Տանըլտ Թրամփի ընտրութենէն եւ Ռիատի ու Ուաշինկթընի միջեւ փոխանակուած հեռագիրներէն անմիջապէս ետք, սիւննի աշխարհի զարգացումներուն հետեւող լրագրողներուն համար կը սպասուէր, որ Սըլման թագաւոր (տարեկան) այցելէ Սպիտակ տուն:
Բայց ինչպէս վերը նշեցինք, թագաւորին այցելութիւնը անյայտ պատճառներով չէր կայանար եւ անոր փոխարէն 17 Մարտին փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի հետ «սպասուած» ժողով մը գումարէր:
Այս բոլորէն բացի փոխ-գահաժառանգին առած քայլերը կը գծեն պատկերը թագաւորութեան մէջ տեղի ունենալիք «փոփոխութիւններուն»:
Երբ 2015 թուականի Ապրիլին Մուհամմէտ (32 տարեկան) իշխան կը ստանձնէր փոխ-գահաժառանգի պաշտօնը, արագ եւ կարեւոր համարուած քայլերով կը գրաւէր թագաւորութեան «ներքին խոհանոց»էն ներս կատարուող զարգացումները վերլուծողներուն ուշադրութիւնը:
Եէմէնի հուսիներուն դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսելու (որուն տրուեցաւ «Զսպումի փոթորիկը» անունը) որոշումը կարելի է համարել փոխ-գահաժառանգին արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր քայլերէն մին։ Այդ քայլով էր նաեւ, որ վերջ կը տրուէր թագաւորութեան «պահ-պանողական» մօտեցումներուն: Բացի այդ, հրապարակ կը հանուէր «Սէուտական Արաբիա. 2030-ի տեսիլք» խորագրեալ թղթածրարը, զոր կը կրէր փոխ-գահաժառանգին ստորագրութիւնը: Տնտեսական արդիական մօտեցումներով յագեցած այդ ծրագիրը կը դառնար թագաւորական արքունիքին մէջ ընթացող քննարկումներու հիմնական առանցք եւ այդ ծրագրով էր նաեւ, որ փոխ-գահաժառանգը կը հաստատէր, թէ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, կարողութիւնը ունի թագաւորական գահուն թիւ մէկ յաւակնորդը դառնալու:
Այս բոլորին զուգընթաց թագաւորութեան եւ յատկապէս մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի կ՚ունենային կարեւոր փոփոխութիւններ եւ պաշտօնի կը կոչուէին Մուհամմէտ իշխանի ամենէն մօտիկ համարուող անձնաւորութիւնները:
Մայրաքաղաք Ռիատի «որոշման կէտեր»ուն մէջ կատարուած փոփոխութիւններու եւ երիտասարդ գործիչներու նշանակումը տեղի կ՚ունենար թագաւոր Սըլմանի անմիջական վերահսկողութեան տակ: Ու յստակ էր նաեւ, որ 80-ամեայ թագաւորին համար Մուհամմէտ իշխանը կը դառնար ամէենէն վստահելի գործիչներէն մին: Ոչ միայն արտաքին, տնտեսական, քաղաքական ոլորտներուն, այլ նաեւ իշխող թագաւորական ընտանիքին հետ կապուած աննշան համարուած մանրամասնութիւններուն մէջ:
Տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ «պաշտօնէական ջարդ»ը կը հետապըն-դէր հեռակայ նպատակներ: Այդ քայլերով էր նաեւ, որ իշխան Մուհհամէտ կը փորձէր «գրաւել» դէպի թագաւորական գահ տանող բոլոր ճանապարհները:
Խօսեցանք Միացեալ Նահանգներ-Ռիատ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք ոչ միայն տնտեսական, այլ նոյնպէս ռազմավարական բնոյթ կը կրեն: Ուաշինկթընի «օրհնութիւն»ը կը համարուի կենսական, մանաւանդ թագաւորի անձին ընտրութեան հարցով: Ու այստեղ է նաեւ, որ իշխան Մուհամմէտ կրնայ լուրջ տարակարծութիւն ունենալ Սպիտակ տան հետ, որովհետեւ մինչեւ երէկ Ուաշինկթընի համար թագաւորութեան «ֆավորի» թեկնածու մը կը համարուի 56-ամեայ Մուհամմէտ Պըն Նայէֆ իշխանը, որ 2015 թուականէն սկսեալ կը վարէ երկրի գահաժառանգի պաշտօնը:
Ուրեմն ներկայ պահու դրութեամբ բաւական լուռ պայքար մըն է, որ կ՚ընթանայ երկու իշխաններուն միջեւ: Ճիշդ է, որ այդ պայքարը կը հասնի մինչեւ թագաւորական պալատի նախաշեմը եւ շնորհիւ թագաւորական ընտանիքին յատուկ «գաղտնապահութեան», հնարաւոր կ՚ըլլայ մամուլէն հեռու պահել սկիզբ առած «առճակատման» բոլոր արձագանգները:
Թագաւորական գահին համար սկիզբ առած պայքարի յաղթանակը կրնայ տանիլ այն թեկնածուն, որ «գետնի վրայ» է եւ անոր բոլոր ծրագիրները հիմնուած են սիւննի աշխարհի հզօրագոյն տէրութեան արդիական շունչ մը տալու ըմբռնումին վրայ: Ու այս առումով է նաեւ, որ Մուհամմէտ Պըն Սըլման իշխանը մինչեւ այս պահը յաջողած է կարեւոր առաւելութիւն արձանագրել, հակառակ ամերիկացիներուն ունեցած վերապահութիւններուն։ Անոնք կը նախընտրեն գործակցիլ փորձառու գործիչի մը հետ, քան թէ երիտասարդ անունի մը:
Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ հունի կրնայ առաջնորդել այս պայքարը։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է, որ բաւական «անակնկալ» հարուածներ ստացած գահաժառանգ Մուհամմէտ Պըն Նայէֆ իշխանը կրնայ յառաջիկայ փուլին արագ եւ կտրուկ քայլերու դիմել՝ նպատակ ունենալով որոշ միաւորներ ստանալ եւ թագաւորական մրցավազքին մէջ իր դիրքերը ամրապնդել:
Եթէ շրջանի ընդհանուր քաղաքական ուրուագիծը ներկայացնել փորձենք, պէտք է նշմարենք, որ միջինարեւելեան ընդհանուր տեսադաշտին մէջ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը ոչ միայն առաջնային դեր ունի, այլ՝ հիմնարար դեր: Ու այդ դերին մասին լաւապէս կը գիտակցին թէ՛ Սպիտակ տան եւ թէ Քրեմլինի մէջ:
Այս առումով լաւագոյն ապացոյցը Սուրիոյ մէջ ցարդ ընթացող պատերազմն է։ Հակառակ Սուրիոյ իշխանութեան եւ անոր զօրավիգ ուժերուն հզօր կարողութիւններուն եւ վեց տարուան արիւնալի ճակատումներէն ետք, մինչեւ այս պահը անհնար է խօսիլ քաղաքական լուծումներու հարթակ մը ստեղծելու մասին:
Այդ լուծումը անհնար է, որովհետեւ լուծումներու ընդհանուր քննարկումներէն հեռու է սիւննի աշխարհի հզօր պետութիւնը՝ Սէուատական Արաբիան: Այս առումով յստակ չէ, թէ ի՛նչ պատկերացումներ ունի փոխ-գահաժառանգ Մուհամմէտ իշխանը։ Բայց յստակ է, որ ճիշդ եւ դրական քայլեր առնելով իշխան Մուհամմէտ կրնայ Մոսկուայի հետ որոշ «քոնսէսուս»ներու հասնելով կերտել բոլորին համար սպասուած լուծումներու նոր ճանապարհ մը:
Յստակ է, որ յառաջիկայ տարիները պիտի դառնան կարեւոր որոշումներու տարիներ: Ներքին, ընտանեկան եւ ազգակցական պայքարէն անդին Մուհամմէտ իշխանը կը պատրաստուի մղել «արդիականութեան պայքար», որու շնորհիւ թագաւորութիւնը դնել նոր դրական եւ արդիական ուղղիի մը վրայ:
Պիտի յաջողի՞ ան իր առաքելութեան մէջ: Հարցում մը, որ դարձած է շրջանի հարցերով զբաղող բազմաթիւ լրագրողներու հիմնական հարցումը, որուն պատասխանը կրնայ փարատել Միջին Արեւելքի ապագային վերաբերեալ մոխրագոյն մօտեցումներ ունեցողներուն կասկածները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/23/2024