ԱՌՈՒԾԱԽԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ Մոսկուայի վերջին բանակցութիւններու ճիշդ նախօրեակին յայտարարուեցաւ, որ Ռուսաստան արդիական նոր սպառազինութիւններ յանձնած է Ատրպէյճանին։ Մոսկուայի եւ Պաքուի ռազմական բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս ռուսական զինամթերքի հետեւողականօրէն Ատրպէյճանին յանձնուիլը լուրջ ու մտահոգիչ խնդիր մը կը համարուի վաղուց՝ հայկական կողմին համար։ Թէեւ վերջերս Հայաստանն ալ Ռուսաստանէն ստացաւ արդիական զինամթերք, սակայն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինամթերքի փոխանակումները միշտ մտահոգիչ կը համարուին տարածքաշրջանի ապագային տեսակէտէ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հայ վերլուծաբանները համոզուած են, թէ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ հաւանական նոր գործարքը պիտի խախտէ տարածքաշրջանէ ներս հաւասարակշռութիւնը։ Հայաստան որեւէ կերպով չի յաջողիր հակազդել Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ սպառազինութիւններու գնման՝ հակառակ անոր, որ Երեւան եւ Մոսկուա ռազմավարական դաշնակիցներ են։ Պաքու Մոսկուայի հետ արդէն միշտ կը վարէ նման բանակցութիւններ։ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ մօտաւոր անցեալին յայտնած էր, որ իրենք հետաքրքրուած են ամենաարդիական պաշտպանական համակարգերով եւ ուղղաթիռներով։ Ալիեւի այդ յայտարարութիւններէն հազիւ քանի մը ամիս անց արդէն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինամթերքի նոր գործարքի մը լուրերը մտան շրջանառութեան մէջ։ Հայ վերլուծաբաններու համոզմամբ, սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի համար Ռուսաստան կարեւոր ռազմական եւ ռազմավարական գործընկեր մըն է։ Ատրպէյճան ունի միջոցներ, իսկ Ռուսաստան ունի զէնք եւ այսպէսով առուծախի գործընթաց մը կ՚ընթանայ։
Այս ամբողջին մէջ կայ հիմնական խնդիր մը։ Արդարեւ, Ռուսաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է։ Հայ վերլուծաբանները հարց կու տան, որ ինչպէ՞ս տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հետամուտ համանախագահ պետութիւններէն մին կրնայ զէնք վաճառել երկրի մը, որ ամէն օր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդէս կու գայ նոր պատերազմի մը սպառնալիքով։ Ըստ որոշ մեկնաբաններու, Հայաստան չունի դիւանագիտական միջոցներ եւ կարելիութիւն չ՚ունենար ազդելու այդ գործընթացին վրայ։ Այս բոլորը տարածքաշրջանէ ներս կը խախտեն հաւասարակշռութիւնները, իսկ Հայաստան անել վիճակի մէջ է, որեւէ բան չի կրնար ընել, որովհետեւ այլընտրանք չունի։ Ուստի, Հայաստան պէտք է ամէն անգամ մտածէ, թէ ինչպէս պէտք է գտնէ հակաթոյնը այն զէնքերուն ու զինամթերքին, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ հաւանաբար պիտի օգտագործուին նոր պատերազմի մը ընթացքին։
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինամթերքի գործարքներուն վերաբերեալ հայկական կողմը ցարդ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հակազդեցութիւնով հանդէս եկած է։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան առիթով մը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ընդգծած էր, որ սահմանին վրայ կանգնած հայ զինուորը կը գիտակցի, թէ իր վրայ կը կրակեն ռուսական զէնքով։
Ռուսաստանէն մեծ քանակութեամբ զինամթերք ապահովելու առընթեր, Ատրպէյճան նման գործարքներ կ՚իրականացնէ նաեւ այլ երկիրներու՝ մանաւանդ Իսրայէլի հետ։