«ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՕՐԵՐ»

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսան «Սեն Փե­թերս­պուր­կի օ­րե­րը»։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւան այ­ցե­լեց Սեն Փե­թերս­պուր­կի նա­հան­գա­պետ Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քօ։ Այս վեր­ջի­նը Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի կող­մէ։ Սեն Փե­թերս­պուր­կի օ­րե­րու ծի­րէն ներս բա­ցուե­ցաւ նաեւ Վա­լե­րի Փլոն­թին­քո­վի լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քօ Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ Ռու­սաս­տա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ Եր­կու քա­ղա­քա­պետ­նե­րը նա­խա­գա­հին դի­տել տուին, որ պատ­րաս­տա­կամ են հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շա­րու­նա­կե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Սեն Փե­թերս­պուր­կի նա­հան­գա­պե­տը ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Միւս կող­մէ, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կը նա­խա­տե­սուի նաեւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ «Ե­րե­ւա­նի օ­րե­րու» կազ­մա­կեր­պու­մը։ 

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017