«ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նէ ներս ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռի սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րու ար­տադ­րանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս վա­ճառ­քը։ «Ե­րե­ւան Էքս­փօ» կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն ա­ջակ­ցած էին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մը։

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չուած ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ մի առ մի շրջե­ցաւ տա­ղա­ւար­նե­րը ու ման­րա­մաս­նօ­րէն ծա­նօթա­ցաւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տի հե­տա­մուտ սփիւռ­քա­հայ ներդ­րող­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հե­տաքրք­րուե­ցաւ ար­տադ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ խնդիր­նե­րով։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2017