ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Կի­րա­կի, Մա­յիս 7-ին, յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ ձեր­բա­կա­լուած է զի­նուոր­նե­րէ եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րէ բաղ­կա­ցած խումբ մը, որ կ՚ամ­բաս­տա­նուի Հա­յաս­տա­նի յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու մե­ղադ­րան­քով: Ըստ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ խում­բը իբ­րեւ թէ սադ­րանք­ներ ծրագ­րած է Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Թեր­թեր շրջա­նի բնա­կա­վայ­րե­րուն դէմ:

Սա­կայն ան­մի­ջա­պէս հա­կա­սա­կան կար­ծիք­ներ սկսան հնչե­լու այս մի­ջա­դէ­պին մա­սին՝ հար­ցում­ներ ստեղ­ծե­լով, թէ բա­ցա­յայ­տուա­ծը իս­կա­պէ՞ս լրտե­սա­կան խըմ-բակ մըն է, թէ ոչ ներ­քին խմո­րում­նե­րու կամ թմրա­նիւ­թե­րու մաք­սա­նենգ­ման կ՚ա­ռըն­չուի։

«Հե­տաքն­նու­թեամբ պար­զուած է, որ յան­ցա­խում­բը, դա­ւա­ճա­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նին՝ շա­հա­դի­տա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի հե­տա­խու­զու­թեան հետ՝ պար­բե­րա­բար փո­խան­ցե­լով ռազ­մա­կան գաղտ­նիք պա­րու­նա­կող տե­ղե­կու­թիւն­ներ», ը­սուած է Ատր­պէյ­ճա­նի գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Յստակ չէ, թէ ցարդ քա­նի հո­գի ձեր­բա­կա­լուած է։

Հա­յաս­տա­նի օգ­տին լրտե­սու­թեան մե­ղադ­րան­քով ա­միս­ներ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բան­տին մէջ պա­հուած քա­ղա­քա­գէտ Ա­րիֆ Եու­նուս վստահ է, որ երկ­րին մէջ Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ լրտե­սու­թիւն կա­տա­րե­լու հար­ցը հիա­նա­լի գոր­ծիք դար­ձած է իշ­խող վեր­նա­խա­ւին ձեռ­քը, ներ­քա­ղա­քա­կան տե­սա­կա­ւոր խա­ղեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար: Ան կը գրէ, թէ այս չա­կեր­տա­ւոր լրտես­նե­րը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի եւ ա­նոր ա­ռա­ջին տե­ղա­կա­լին մի­ջեւ շա­րու­նա­կուող պա­տե­րազ­մին զո­հերն են։

«Ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին յա­ռա­ջի­կայ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րէն պի­տի ի­մա­նանք, թէ ո՛վ յաղ­թա­կան դուրս պի­տի գայ, եւ թէ վեր­նա­խա­ւի ո՞ր խմբա­ւո­րու­մը յա­ջո­ղու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծած է «հայ­կա­կան գոր­ծօ­նը», իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը շար­քէն դուրս հա­նե­լու հա­մար», գրած է ան:

Ար­ձա­գան­գե­լով Եու­նու­սի մեկ­նա­բա­նու­թեան՝ եր­կու տա­րի բան­տար­կուած հե­տաքն­նող-լրագ­րող Խա­տի­ճա Իս­մա­յի­լո­վա կը նշէ այլ հան­գա­մանք մը՝ թմրա­նիւ­թե­րը: «Սպա­նե­րու հա­մա­տեղ գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը կը տա­պա­լուի՝ ի­րա­վի­ճա­կի փո­փո­խու­թեամբ», գրած է յայտ­նի լրագ­րո­ղը:

Սա­կայն ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ Ու­զէ­յիր Ճա­ֆա­րով կաս­կա­ծի տակ չի դներ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ պնդե­լով, թէ «այս պատ­մու­թեան շուրջ հնչող ո՛չ ա­ռողջ քննա­դա­տու­թեանց հե­ղի­նակ­նե­րը կար­ծես թշնա­միին կը ծա­ռա­յեն»:

Վեր­ջա­պէս, յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու նախ­կին սպայ Իլ­համ Իս­մա­յիլ նշած է, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի հե­տա­խու­զա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն՝ ի­րա­րու դէմ գոր­ծե­լը բնա­կան ե­րե­ւոյթ է, սա­կայն ներ­կա­յիս այս գոր­ծո­ղու­թեանց մէջ ներգ­րա­ւուող­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօ­րէն ա­ճած է: «Ձեր­բա­կա­լուող­նե­րուն թի­ւը մօ­տա­ւո­րա­պէս քա­ռա­սուն է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ որ­քա՛ն ա­ճած է հա­կա­հե­տա­խոյզ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը: Ո­րոշ տուեալ­նե­րու հա­մա­ձայն՝ հա­յաս­տան­ցի հե­տա­խոյզ­նե­րը, դա­ւա­ճան­նե­րու օգ­նու­թեամբ՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նուո­րա­կան հա­մազ­գեստ­նե­րով այ­ցե­լած են մեր շրջա­նա­յին կեդ­րոն­նե­րը», ը­սած է ա­ն։

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017