Հա­յե­րը Եւ Սու­րիոյ Տագ­նա­պը

Թուի­թը­րի օգ­տա­տէ­րե­րէն մէ­կը, հա­ւա­նա­բար բար­կու­թեան մէկ պա­հուն, գրած էր, թէ յաղ­թա­նա­կէն ետք յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը պի­տի վտա­րեն հա­յե­րը Սու­րիա­յէն՝ դէ­պի ի­րենց նախ­կին բնա­կա­վայ­րե­րը, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց հետ չեն գոր­ծակ­ցիր: Ան չէ նշած, թէ ո՛ւր, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­յե­րը Սու­րիոյ զա­ւակ­ներն են, չէ՞ որ ա­նոնք հոս ծնած են, Սու­րիա ծնած են նաեւ ա­նոնց հայ­րերն ու մեծհայ­րե­րը, եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ յատ­կան­շուած են իբ­րեւ այս երկ­րի հա­ւա­տա­րիմ, ազ­նիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ:

Ա­րաբ սիւն­նի մէկ բա­րե­կամս, որ նաեւ ընդ­դի­մա­դիր է, ըն­կե­րա­կան խօ­սակ­ցու­թեան մը ըն­թաց­քին՝ ակ­նար­կե­լով, թէ կ՚ու­զէ ին­ծի յի­շեց­նել մո­ռա­ցու­թեան տուածս, ը­սաւ.

-Ին­չո՞ւ դուք՝ հա­յերդ, այ­սօր ա­լե­ւի­նե­րու կողմն էք, հա­կա­ռակ ա­նոր որ Սե­ֆեր­պեր­լի­քին, երբ Սու­րիա ե­կաք, սիւն­նի­ներն էին, որ ձեզ պատս­պա­րե­ցին, պաշտ­պա­նե­ցին եւ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­ցին ձե­զի:

Այս հար­ցու­մը զիս ա­նակն­կա­լի առ­ջեւ չդրաւ, ո­րով­հե­տեւ նա­խա­պէս ալ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ լսած էի նման թիւ­րի­մա­ցու­թեան մա­սին: Կը պա­տաս­խա­նեմ.

-Մեր մշա­կոյ­թին մէջ տեղ չէ գտած եւ տեղ չու­նի ա­լե­ւիի, սիւն­նիի, քիւր­տի, տիւր­զիի կամ այ­լոց մի­ջեւ խտրա­կա­նու­թիւն դնե­լը,  եւ ո­րով­հե­տեւ մեր դժբախ­տու­թեան օ­րե­րուն սու­րիա­ցի ժո­ղո­վուր­դին կե­ցուած­քը մե­զի՝ հա­յե­րուս հան­դէպ, ե­ղած է սու­րիա­կան պե­տու­թեան եւ կա­ռա­վա­րու­թեան դիր­քո­րոշ­ման անդրա­դար­ձը՝ զօ­րակ­ցու­թիւն մե­զի, ուս­տի մենք բա­րո­յա­կան պարտք կը զգանք մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նել Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին, պե­տու­թեան եւ կա­ռա­վա­րու­թեան, եւ մենք, որ­պէս մարմ­նա­ցում այս ար­տա­յայ­տու­թեան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի ա­մե­նա­գե­ղա­տե­սիլ վայ­րի մը մէջ կանգ­նե­ցու­ցինք յու­շա­կո­թող մը, զոր կո­չե­ցինք «Հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան յու­շար­ձան՝ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին»:

Ա­րաբ բա­րե­կա­միս կ՚ը­սեմ նաեւ, որ մենք մի­ջա­մուխ չենք ըլ­լար եւ չենք մի­ջամ­տեր մեր ապ­րած երկ­րի հար­ցե­րուն՝ ո­րե­ւէ մա­կար­դա­կի վրայ, բա­ցի դրա­կան, խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան մաս­նակ­ցու­թե­նէ. այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէ այն բո­լոր եր­կիր­նե­րը, ուր հաս­տա­տուած են հա­յե­րը, մեր այս յատ­կա­նի­շնե­րը ծա­նօթ են բո­լո­րին: Ե­րա­նի կա­րե­նա­յի քե­զի ղրկել «Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն ա­րաբ­նե­րուն» յօ­դուածս, որ հրա­պա­րա­կուած է «Հա­յաթ»ի մէջ, եւ որ յստա­կօ­րէն կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին տա­ծած սէ­րը՝ հան­դէպ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին: Ե­թէ կար­դա­ցած ըլ­լա­յիք այս յօ­դուածս կը հա­մո­զուէիք մեր խօս­քի ան­կեղ­ծու­թեան եւ ձե­զի հան­դէպ ու­նե­ցած մեր լա­ւա­գոյն զգա­ցում­նե­րուն: Կը փա­փա­քէի, որ ձե­զի հաս­նէր նաեւ «Հա­լէ­պեան լե­զուով թուղ­թին յանձ­նուած «Տղա՛ք, Աս­տու­ծոյ սի­րոյն վեր­ջա­ցու­ցէ՛ք այ­լեւս» յօ­դուածս, ո­րուն խոր­հուր­դը կ՚ամ­փո­փուի հե­տե­ւեալ միտ­քին մէջ. ե­թէ պա­տե­րազ­մող կող­մե­րէն մէ­կը, ուշ կամ կա­նուխ յաղ­թէ, ա­պա այդ յաղ­թա­նա­կէն քա­ղած շա­հե­րը եր­բեք պի­տի չկա­րե­նան հա­մա­պա­տաս­խա­նել ա­նոնց փո­խա­րէն վճա­րած իր մարդ­կա­յին, քա­ղա­քակր­թա­կան եւ մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րու ե­րազ­նե­րու կո­րուստ­նե­րու պատ­ճա­ռած վնա­սին, պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ ինք պար­տու­թեան մատ­նած պի­տի ըլ­լայ իր եղ­բայ­րը, եւ ոչ թէ թշնա­մին: Ե­րա­նի կար­դա­ցած ըլ­լա­յիր նաեւ այլ յօ­դուած­ներս, ինչ­պէս «Սի­րե­լիդ իմ Հա­լէպ»ը, յա­գե­ցած ան­կեղծ սի­րով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ՝ հան­դէպ երկ­րիս, քա­ղա­քիս եւ հան­դէպ ա­րաբ դրա­ցի­նե­րուս ու ըն­կեր­նե­րուս:

Թող ոե­ւէ մէ­կը չայ­պա­նէ մեզ կամ փոր­ձէ ամ­բաս­տա­նել մեզ շին­ծու եւ ստոր մե­ղադ­րանք­նե­րով: Մենք անս­խա­լա­կան չենք եւ չենք յա­ւակ­նիր իբ­րեւ այդ­պի­սին ներ­կա­յա­նալ. մենք ալ, ինչ­պէս դուք, ու­նինք մեր սխալ կամ ճիշդ ա­րարք­նե­րը, սա­կայն ի­րա­ւունք ու­նինք ակն­կա­լե­լու մեր ա­րաբ եղ­բայր­նե­րէն չխախ­տել ար­մա­տա­ցած ա­ւան­դոյթ­նե­րու սահ­ման­նե­րը, չու­րա­նալ մե­զի հետ հա­մա­կե­ցու­թեան բա­րիք­նե­րը ու ա­պե­րախտ չգտնուիլ մեր դրա­կան եր­կա­րա­տեւ գոր­ծու­նէու­թեան հան­դէպ. նկա­տի ու­նիմ դի­մա­տետ­րա­յին այն բազ­մա­թիւ ար­ձա­գանգ-մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներն ու մա­մու­լի մէջ լոյս տես­նող գրգռիչ ա­ժան յօ­դուած­նե­րը, ո­րոնք կար­ծէք թէ կ՚ա­ւել­նան տնտե­սա­կան ա­մէն պայ­ման­նե­րու վատ­թա­րաց­ման հետ:

«Օ­րիանթ» հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի տնօ­րէն Ղաս­սան Ապ­պուտ, Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ տե­ղադ­րած «Գաղթ դէ­պի Սու­րիա» ակ­նար­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Երբ գաղ­թա­կան հա­յերն ու չէր­քէզ­նե­րը ե­կան, ա­րաբ սիւն­նի ժո­ղո­վուր­դը պատս­պա­րեց եւ պաշտ­պա­նեց զա­նոնք, իր հո­ղէն բա­ժին հա­նեց ա­նոնց… այս գաղ­թա­կան­նե­րը ե­րախ­տա­պարտ չգտնուե­ցան ի­րենց պաշտ­պան երկ­րին եւ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ…» եւ այլն, եւ այլն…: Յօ­դուա­ծին մէջ հա­յե­րուն ուղ­ղուած գլխա­ւոր մե­ղադ­րան­քը, իմ հա­մո­զու­մովս, հե­տե­ւեալն է. «Հա­յե­րը ի­րենք զի­րենք խել­քով ա­ւե­լի վեր կը դա­սեն մեզ­մէ, եւ երբ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռաւ, ա­նոնք ի­րենց դրա­ցի­նե­րուն դէմ զէնք բարձ­րա­ցու­ցին, զի­նուո­րագ­րուե­ցան եւ մաս կազ­մե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րը ճզմող ջո­կատ­նե­րուն»:

Որ­պէս սու­րիա­ցի, յար­գե­լով հան­դերձ Ղաս­սան Ապ­պու­տը ու մեկ­նե­լով պա­տաս­խա­նե­լու ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քէն, նաեւ սրբագ­րե­լու մի­տու­մով՝ ես ին­ծի կ՚ար­տօ­նեմ պա­տաս­խա­նել հա­յե­րուն ուղ­ղած ա­նոր սխալ մե­ղադ­րանք­նե­րուն:

Ա. Թէ՝ «Հա­յե­րը ի­րենք զի­րենք խել­քով գե­րա­դաս կը հա­մա­րեն». այս­տեղ պէտք է ճշդել, որ հա­յը իր հայ­րե­նիք պատմական Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տա­սէր վա­ճա­ռա­կան էր, բազ­մա­թիւ ար­հեստ­նե­րու եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մէջ վար­պետ ար­հես­տա­ւոր, յատ­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք գո­յու­թիւն չու­նէին գո­նէ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին օս­ման­ցի թուր­քե­րուն կող­մէ բռնագ­րա­ւուած եւ ճնշուած Սու­րիոյ մէջ:

Ղաս­սան Ապ­պուտ նաեւ կը թե­րագ­նա­հա­տէ հա­յե­րու բե­րած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ի նպաստ Սու­րիոյ եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի, երբ կ՚ը­սէ. «Հա­յե­րը սո­վո­րա­կան մե­քե­նա­գէտ­ներ են եւ կօշ­կա­կար­ներ…». հոս պարզ է եւ ցա­ւա­լի, որ ան մի­տում­նա­ւոր կեր­պով կ՚ան­գի­տա­նայ ռահ­վի­րայ բժիշկ Ռո­պէր Ճէ­պէ­ճեա­նի ար­ձա­նագ­րած նուա­ճում­նե­րը ակ­նա­բու­ժու­թեան մէջ, բժիշկ, որ այդ օ­րե­րու 42 հա­զար հի­ւանդ­ներ բու­ժած է, նաեւ յայտ­նա­բե­րած է մա­նուկ­նե­րու գե­ղե­ցիկ դէմ­քե­րը ա­ղա­ւա­ղող զզուե­լի «Հա­լէ­պի վէրք»ին պա­տուաս­տը, նոյն բժիշկ Ճէ­պէ­ճեա­նը 1955 թուա­կա­նին հիմ­նած է «Ա­պու Ալ Ա­լա­՛ա Ալ Մա­՛ա­րի» կոյ­րե­րու օ­րի­նա­կե­լի դպրո­ցը եւ այլն:

Ճէ­պէ­ճեա­նի նման տաս­նեակ  հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ծնած են Սու­րիոյ մէջ, ինչ­պէս ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րար եւ հա­ցա­հա­տիկ­նե­րու ամ­բար­ներ կա­ռու­ցող Եա­գու­պեան­նե­րը, իր ժա­մա­նակ ա­մե­նէն ար­դիա­կան Ալ­թու­նեան հի­ւան­դա­նո­ցի տէր բժշկա­պետ Ա­սա­տուր Ալ­թու­նեա­նը, վար­պետ ոս­կե­րիչ­նե­րը, վար­պետ կա­շե­գործ­նե­րը, հիւ­սի­ս-ա­րե­ւե­լեան Սու­րիոյ՝ Մէս­քէ­նէ­յի, Ռաս Ուլ Այ­նի, Հա­սա­քէի եւ Գա­միշ­լիի հա­ցա­հա­տի­կի վե­րա­բե­րեալ գործն ու ընդ­հան­րա­պէս երկ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը զար­գաց­նող­նե­րը (Նա­զա­րեան ըն­տա­նի­քը օ­րի­նակ), եւ այս ա­մէ­նը պար­զա­պէս քա­նի մը օ­րի­նակ­ներ են: Թե­րեւս Ղաս­սան Ապ­պուտ դար­ձեալ տե­ղեակ չէ, որ Սու­րիոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի տասնմէկ խաղա­ցող­նե­րէն հին­գը հա­յեր էին, եւ հայ Հա­մա­զաս­պը իր ժա­մա­նա­կի Մա­րա­տո­նան էր, եւ թէ ան­ցեալ դա­րու քա­ռա­սու­նա­կան­նե­րուն եւ յի­սու­նա­կան­նե­րուն հայ­կա­կան խում­բեր՝ ՀՄԸՄ-ը եւ Վաս­պու­րա­կա­նը քա­նիցս Սու­րիոյ ա­խո­յեան­ներ դար­ձած էին:

Հա­յե­րը նաեւ զգա­լի հա­մե­մա­տու­թեամբ նպաս­տած են Սու­րիոյ պե­տա­կան տնտե­սու­թեան, մա­նա­ւանդ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ար­հեստ­նե­րու պա­րա­գա­յին. ա­նոնք ար­դի մե­քե­նա­շի­նա­կան գոր­ծիք­ներ օգ­տա­գոր­ծող­նե­րու ա­ռա­ջին­նե­րէն էին. ինչ­պէս հաս­տոց­ներ, քեր­թիչ­ներ, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ար­հեստ­նե­րու ար­տադ­րիչ­ներ, նաեւ հիւ­սուա­ծե­ղէ­նի եւ բամ­պա­կե­ղէ­նի ար­տադ­րու­թեան, մե­տա­ղա­գոր­ծու­թեան, երկ­րա­գոր­ծու­թեան եւ այլ անհրա­ժեշտ սար­քեր՝ այդ­պի­սով երկ­­րի տնտե­սու­թեան խնա­յել տա­լով մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­ներ: Ար­ժա­նի է նշել նաեւ հա­յե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը սու­րիա­կան ըն­կե­րա­յին կա­ռոյ­ցի գու­նապ­նա­կի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ՝ ա­րուեստ­նե­րու, գե­ղան­կար­չու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, թատ­րո­նի, մարմ­նա­մար­զան­քի, գրա­կա­նու­թեան, բժշկու­թեան եւ այլն:

Ակն­յայտ է, որ հա­յե­րը օժ­տուած են կարգ մը գո­վե­լի յատ­կա­նի­շնե­րով - ա­նոնց մօտ նկա­տե­լի է սէ­րը աշ­խա­տան­քին հան­դէպ, ինչ­պէս նաեւ նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­տա­կու­թիւ­նը, բծախնդ­րու­թիւ­նը. այս յատ­կա­նի­շնե­րը բնա­ծին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ չեն, այլ աշ­խա­տան­քով եւ տքնու­թեամբ շա­հուած ձեռք­բե­րում­ներ, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ծնունդ: Կ՚ար­ժէ յի­շել, որ պատ­մա­կա­նօ­րէն յայտ­նի է այն, թէ առ­հա­սա­րակ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց շրջա­պա­տէն կը զա­տո­րո­շուին ո­րոշ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ձե­ւով մը կը միաց­նեն ա­նոնց ան­դամ­նե­րը եւ կ՚ա­պա­հո­վեն ա­նոնց գո­յա­պահ­պա­նու­մը:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­յե­րու զէնք վերց­նե­լուն, ա­պա ը­սենք, որ այս պա­րա­գան երկ­սայ­րի է. ե­թէ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի սիո­նա­կա­նու­թեան դէմ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ մղուած բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րուն մէջ հայ կա­մա­ւոր­նե­րու եւ պար­տա­դիր զինուոր­նե­րու զէնք կրե­լուն, ա­պա այդ ճշմար­տու­թիւն է, իսկ ե­թէ ը­սել կ՚ու­զուի, թէ հա­յե­րը ի­րենց դրա­ցի­նե­րուն դէմ զէնք բարձ­րա­ցու­ցած են, ա­պա այդ բա­ցար­ձակ, ակ­նե­րեւ նենգ եւ ան­հիմն զրպար­տու­թիւն մըն է, եւ ե­թէ այ­սօրուան տի­րող պայ­ման­նե­րուն մէջ ոե­ւէ հա­յու մօտ զէնք գտնուի ա­պա այդ միայն ու միայն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, իր պա­տի­ւին տէր կանգ­նե­լու, հօ­րե­նա­կան եւ պա­պե­նա­կան դա­րե­րով վաս­տա­կած նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն փրկու­թեան հա­մար է, եւ այս մեր օ­րի­նա­ւոր ի­րա­ւունքն է, ո­րուն հա­մար մե­ղադ­րե­լի կամ այ­պա­նե­լի չենք եւ չենք կրնար ըլ­լալ:

ԿԻ­ՐԱ­ԿՈՍ ԳՈՒ­ՅՈՒՄ­ՃԵԱՆ

Թարգ­մա­նեց՝ ՄԱ­ՆՈ­ՒԷԼ ՔԷ­ՇԻ­ՇԵԱՆ

Քուէյթ,
«Հա­յաթ», 20 Նո­յեմ­բեր 2016

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017