ՇՈՒՇԻԻ ՎԵՐԻՆ ՄԶԿԻԹԻ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐԸ
Օրերս յայտնի դարձած են Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ գտնուող Վերին Մզկիթին (Վերին Ճումայի) մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն արդիւնքները: Պատմական այս քաղաքի Վերին մզկիթի տարածութեան մէջ յայտնաբերուած են իսլամական գերեզմանոցի մը տապանաքարերը, որոնք կը թուագրուին 1905-1906 թուականներով: Այս տարածութեան մէջ ամիս մը առաջ սկսած պեղումներէն յայտնաբերուած են նաեւ սալայատակ տարածութիւններ եւ ջրաւազանի խողովակներ, ինչպէս նաեւ՝ աղիւսաշէն կառոյց մը, որ նախնական ուսումնասիրութիւններով եղած է ջրամբար:
Ոչ միայն Վերին մզկիթին, այլ ընդհանրապէս Արցախի մէջ կան իսլամական մշակոյթի հետքեր, որոնք յայտնաբերուած են զանազան ժամանակներու պեղումներու ընթացքին: Երկար դարեր մնալով Իրանի իշխանութեան տակ, Արցախը դարձած է իրանական աստիճանաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն բնակութեան վայրը, ինչպէս նաեւ՝ 19-րդ դարու աւարտին Արցախը աստիճանաբար դարձած է իսլամը դաւանող քոչւորներու կեցութեան վայր:
Ռուսաստանի կազմին մէջ մտնելէ ետք Արցախի մայրաքաղաք Շուշին յայտնուած է Իրանը Ռուսաստանին հետ կապող առեւտրային ճանապարհներու խաչմերուկին վրայ: Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտուրի բուռն զարգացումը յանգեցուցած է անոր, որ քաղաքին մէջ ձեւաւորուած է մահմետական-շիիներու մեծաթիւ համայնք մը եւ 19-րդ դարու աւարտին Արցախի մէջ, մանաւանդ անոր ստորին վայրերուն եւ Շուշիի մէջ կը բնակէին մեծ թիւով մահմետականներ, որոնք այդ վայրերուն մէջ մշակոյթ ձեւաւորած են եւ պատմական հարուստ ժառանգութիւն ձգած:
Անոնք ընդհանրապէս հին գերեզմանատուներու մէջ ցիրուցան եղած մահմետական թափառական կրօնաւորներու՝ տարուիշներու դամբարաններ են, տապանաքարեր եւ քանի մը մզկիթ, բոլորն ալ՝ ղարաբաղեան արհեստաւորներու հմուտ ձեռքերով եւ 19-րդ դարու աւարտին վերագրուող տեսակ մը քարով կառուցուած են: Ասոնք ակնյայտօրէն կը ցուցադրեն քրիստոնէական եւ իսլամական մշակոյթի իւրայատուկ միաձուլուածքը:
Յուշարձանները նախագծուած են պարսիկ ճարտարապետներու կողմէ, նկատի առնուած են նաեւ տեղական ճարտարապետութեան աւանդոյթները, այդ պատճառով ալ յաջողութեամբ կը զուգակցին գոյութիւն ունեցող ճարտարապետական շրջապատին:
Շուշիի Վերին մզկիթը իսլամական մշակոյթի ամենէն յայտնի յուշարձանն է: Կառուցուած է 1883 թուականին, իրանցի ճարտարապետ Կարբելի սեֆի Խանի յատակագիծով՝ քաղաքի այն ժամանակուան իսլամական հատուածի կեդրոնական մէկ վայրին մէջ: Շինութեան գլխաւոր ճակատի երեք կամարաձեւ մուտքերը ընդգծուած են երկու բարձր մինարէներով: Երկու մինարէները զարդարուած են գունաւոր ու գեղեցիկ երկրաչափական զարդանախշերով: Մզկիթին առջեւ տեղադրուած է ութանկիւն շատրուանով ջրաւազան մը: Աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին այս մզկիթը եղած է Շուշիի մահմետականներու հոգեւոր կեդրոնը:
Խորհրդային տարիները իրենց հետքը ձգած են ինչպէս քրիստոնէական, նոյնպէս եւ իսլամական կրօնական կառոյցներու վրայ եւ այդ տարիներուն Վերին մզկիթը ձեւափոխուած էր պատմա-երկրագիտական թանգարանի, ուր կը ցուցադրուէին իւրայատուկ ցուցադրանմոյշներ՝ արուեստի գլուխ գործոցներ: Խորհրդային տարիներուն՝ 1970-ական թուականներուն, մզկիթին շուրջ կատարուած են վերականգնողական աշխատանքներ, որոնց իբրեւ արդիւնք հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուած են մզկիթին բակը եւ յարակից տարածքը:
Ծանօթ է, որ 1992 թուականի Մայիսին՝ Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութեան ժամանակ մզկիթին լուրջ վնաս հասցուած էր, որմէ ետք աղօթատան մէջ իրականացուած են լայնածաւալ վերականգնողական աշխատանքներ:
Այսօր իրականացուող պեղումները ունին զայն կրկին վերականգնելու նպատակը: Պեղումները սկսած են 21 Մարտին եւ աւարտած՝ Ապրիլի մէջ: Անոնք իրականացուած են Վերին մզկիթի երեք հատուածներուն մէջ՝ մզկիթի արեւմտեան եւ արեւելեան տապանաբակերուն մէջ, ջրաւազանին շրջակայքը եւ մետրեսէին՝ իսլամական ուսումնական հաստատութեան շուրջ:
Ինչպէս յայտարարած է, այդ վայրին մէջ պեղումներ իրականացնող հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար՝ Նժդեհ Երանեան, թէ այս պեղումները հնարաւորութիւն կու տան նախորդ վերականգնումներէն յետոյ աւելի ամբողջական ու ճշգրիտ կերպով վերականգնել մզկիթը: Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնն ալ յայտնած է, թէ մզկիթի վերականգնումը աւելի մեծ թիւով իրանցի զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ Շուշի: Պեղումներու ամբողջական աւարտէն ետք կը սկսի վերականգնումը, որ կ՚իրականանայ «Արեւելեան պատմական մշակոյթի վերածնունդ» հայկական բարեսիրական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ, իսկ վերականգնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին իրանական Part Saman Jahan Co ընկերութենէն ժամանած մասնագէտներ:
Ատրպէյճանական արձագանգ
Վերին մզկիթի վերականգնման լուրն ու Իրանէն մասնագէտներու մօտակայ Արցախ ժամանումը մեծ զայրոյթ յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ: Ատրպէյճանական կողմը նախ շտապած է տեղեկացնել, որ մզկիթը ոչ թէ իրանական է, այլ՝ շիիական, եւ ան կառուցուած է 19-րդ դարուն ու պատմական ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Ատրպէյճանը Շուշիի տարածքին պեղումներու տեղի ունենալը որակած է վանտալութեան գործողութիւն՝ «զաւթուած տարածքի մը վրայ, որ Ատրպէյճանին կը պատկանի»:
Ցաւագին ընդունելով այս փաստը, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնիսկ ետ կանչած է այդ երկրին մօտ Իրանի դեսպան Ճաւատ Ճահանկիրզատէն: «Դեսպանը տեղեկացուած է, որ պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկուին իրանական վերոնշեալ ընկերութեան ապօրինի գործունէութիւնը ատրպէճանական զաւթուած տարածքներու մէջ կանխելու նպատակով: Իր գործունէութեամբ նենգ քաղաքականութիւն կը վարէ Հայաստան, որուն նպատակն է քայքայել իսլամը դաւանող երկիրներու միջեւ համերաշխութիւնը», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Այս յայտարարութեան եւ ասոր հետեւած քննարկումներուն արձագանգած է նաեւ արցախեան կողմը: Մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական հարցերու նախարարի տեղակալ Սէրկէյ Շահուերտեան նշած է, որ Արցախի տարածքին գտնուող որեւէ պատմա-մշակութային յուշարձան Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին սեփականութիւնն է եւ Արցախի կառավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է այդ յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնն ու պահպանումը, այդ կարգին՝ պարսկական մշակոյթի յուշարձաններուն պահպանութիւնը, ուսումնասիրումն ու վերականգնումը: Արցախի պաշտօնեային յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է.
«2015 թուականին Արցախի Հանրապետութիւնը միացած է Հնագիտական ժառանգութեան պահպանութեան մասին եւրոպական եւ Եւրոպայի ճարտարապետական ժառանգութեան պաշտպանութեան համաձայնագրերուն. կը նշանակէ, որ այդ բնագաւառին մէջ արցախեան կողմը իր վրայ վերցուցած է պարտաւորութիւններ եւ որոնց կը հետեւի անվերապահօրէն: Շուշիի Վերին մզկիթի վերականգնման աշխատանքներուն ամբողջ գործընթացը կը համապատասխանէ վերոյիշեալ համաձայնագրի դրոյթներուն:
«Կը փափաքիմ մանաւանդ ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պատմամշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրման եւ վերականգնման ծրագիրներ կը մշակուին եւ կ՚իրականացուին՝ անկախ երրորդ կողմի վերաբերմունքէն եւ մեկնաբանութիւններէն»:
«Արեւելեան ժառանգութեան պահպանման» հիմնադրամի միջնորդութեամբ Շուշիի Վերին մզկիթի վերականգնման աշխատանքներուն վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը պարսկական նախագծող ընկերութեան հետ ձեռք բերուած է մէկ տարի առաջ: Անցած ժամանակաշրջանին ընկերութիւնը ուսումնասիրած է ոչ միայն այս մահմետական յուշարձանի, այլեւ Շուշիի պատմութիւնը, իսկ Part Saman Jahan Co ընկերութեան տնօրէն՝ Սայաթ Նաւահանտի ըսած է, որ իրենք քաղաքականութենէն հեռու մարդիկ են եւ հարցին մօտեցած են զուտ մասնագիտական տեսանկիւնէ: Այժմ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան հետ կը քննարկուին երկու տարբերակներ, թէ վերականգնումէն ետք ինչի կը վերածուի կառոյցը, կը մնայ որպէս չգործող մզկի՞թ, թէ՞ կը վերածուի թանգարանի:
Մինչ Արցախի մէջ կը պեղեն իսլամական մզկիթին տարածքը եւ ջանքեր կը գործադրեն զայն վերականգնելու, նոյն ժամանակ, շաբաթներ առաջ Պաքուի մէջ քանդած են Հաճի Ճաւատի 19-րդ դարու մզկիթը, որ Ատրպէյճանի պատմամշակութային նշանակալի յուշարձաններէն է։ Հաւատացեալները, որոնք մզկիթին մէջ մնացած ու ընդդիմացած են, ձերբակալուած են:
Փորձագէտները այս քայլը նկատած են որպէս շիիականութեան դէմ կատարուած ընդգծուած ոտնձգութիւն: Այս հարցին վերջերս անդրադարձած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ արձագանգելով Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ՝ Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի այն յայտարարութեան, որ վերջինս կատարած է հայկական կողմի ջանքերով Շուշիի մզկիթի վերականգնման իրողութեան առթիւ, նշելով, որ հայերը ատիկա կ՚ընեն սադրիչ նպատակներով: Ընդվզելով հայերու այս քայլին դէմ՝ շէյխիւլիսլամը տեղեկացուցած է, որ հարցը պիտի բարձրացնէ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ական երկիրներու Միջկրօնական խորհուրդի նիստին: Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսած է.
«Անշուշտ, Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն ազատ է բարձրացնելու որեւէ խնդիր, ինչ որ յաճախ կ՚ընէ տուրք տալով նաեւ ա-տըրպէյճանական քարոզչամեքենայի պահանջներուն:
«Պատմական փաստ է, որ ի տարբերութիւն ատրպէյճանական կողմին, որ կ՚ոչըն-չացնէ հայկական հետք պարունակող որեւէ յուշարձան եւ սրբավայր, ինչպէս այս ճակատագրին ենթարկուեցան օրինակ՝ հայոց հաւատքի վկայ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերը, Պաքուի հայկական եկեղեցին գրապահոցի վերածման, Նախիջեւանի մեր վանքերու եւ եկեղեցիներու աւերումը, Արցախի իշխանութիւնները կը պահպանեն ու կը վերականգնեն Արցախի հողին վրայ գտնուող ոչ միայն իրենց պատմական ժառանգութիւնը, նաեւ այլ կրօններու պատկանող սրբավայրեր եւ յուշարձաններ:
«Շուշիի մզկիթի վերականգնման վերաբերեալ գոհունակութիւն արտայայտելու փոխարէն Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ դրսեւորուած ընդվզումը եւ անոր հիմնաւորումը մեզի համար անընկալելի է: Արդար եւ ազնիւ պիտի ըլլար զայն արտայայտել սեփական երկրի տարածքին գտնուող հայկական սրբավայրերու եւ յուշարձաններու նկատմամբ գործուող բարբարոսութիւններուն առընչութեամբ»։
Այլ պեղումներ
Այսօր Արցախի տարածքին տեղի կ՚ունենան այլ հնագիտական պեղումներ եւս: Արցախի պետական բնապատմական արգելոց «Հունոտի կիրճ»ին մէջ կը գտնուի՝ Ալեքսանա Ղուզ քարանձաւը կամ քարայրային համալիրը՝ Քարինտակ գիւղի հարաւ-արեւմուտքը՝ Զառ գետի ձախ ափին: Այս քարանձաւը ունի մօտ 50 մեթր խորութիւն եւ շուրջ եօթ առանձնացած սրահներ: Բնակեցուած ըլլալով հելլէնական դարաշրջանին՝ Նախքան Քրիստոս Ա. դարէն մինչեւ մեր թուարկութեան Ա. դարը քարանձաւը եղած է հեթանոսական պաշտամունքի վայր:
Այսօր ան Արցախի մէջ բնակող ճերմակաթեւ չղջիկներու միակ հանգրուանն է եւ մասնագէտները խորհուրդ կու տան այդ վայրէն խուսափիլ, քանի որ մարդոց պարբերական ներկայութիւնը կարող է մեծ վնաս հասցնել չղջիկներու բազմացման։
«Քարինտակ» քարանձաւի հնագիտական պեղումները սկսած են 2011 թուականին, երբ Շուշիի եւ յարակից շրջաններուն մէջ կ՚ընթանային զանազան հետախուզական պեղումներ: Երիտասարդ հնագէտներէ կազմուած արշաւախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Լեհաստանի Պոզնան եւ Քրաքով քաղաքներու համալսարաններու մասնագէտները (հնամարդաբան, ծինաբան):
Բացի «Քարինտակ»էն, մեծ ծաւալով հնագիտական պեղումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ Տիգրանակերտ պատմական քաղաքին մէջ: Տիգրանակերտ հնավայրը կը հետազօտուի տասներեք տարիէ ի վեր։ Խաչեն գետի աջ ափին Նախքան Քրիստոս Ա. դարուն հայոց արքայ՝ Տիգրան Մեծի կողմէ կառուցուած Տիգրանակերտի մասին յիշատակած են 7-րդ դարու պատմիչներ՝ Սեբէոսը եւ Մովսէս Կաղանկատուացին։ Ան, որպէս բնակավայր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ ուշ միջնադար եւ գտնուած է Խաչենի իշխանութեան տարածքին։
Խորհրդային շրջանին Տիգրանակերտը կը գտնուէր Աղտամի շրջանին մէջ, որ հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ ազատագրուած է Արցախեան պատերազմի ժամանակ:
Տիգրանակերտի ճշգրիտ տեղը յայտնաբերուած է 2005 թուականին։
Տիգրանակերտի՝ 2006 թուականին սկսած պեղումներու արդիւնքով գտնուած եւ ուսումնասիրուած են քաղաքի միջնաբերդը, պարիսպները, քաղաքի կենդրոնական մասը եւ վաղ միջնադարեան պազիլիք եկեղեցի մը: Քաղաքը հիմնականօրէն կառուցուած է ճերմակ կրաքարով։ Իւրայատուկ է պարիսպներու, որմնաքարերու եւ հանգոյցներու «ծիծեռնակապոչ» ձեւը։
Պեղումներու ամենէն կարեւոր գտածոներէն մին եղած է 15 Յուլիս, 2008 թուականին յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնը: 2010 թուականի Մայիսին Տիգրանակերտի տարածքին գտնուող ուշ շրջանի կանգուն ամրոցին մէջ բացուած է պեղումներու թանգարանը, որ այցելուներուն կը ներկայացնէ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած ցուցանմոյշներ։
Տիգրանակերտ հնավայրն այսօր դարձած է Արցախ այցելող հիւրերուն կարեւոր այցելութեան վայրերէն մին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024