«ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՁԳՏԻՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎԵՐԱԾԵԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ»

Մի­շէլ Փիէռ Փա­րա­ւոն: Լի­բա­նա­նի Պե­տա­կան ծրագ­րաւ­մա­ն նա­խա­րա­րը, որ 1996 թուա­կա­նէն սկսեալ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ է: Ա­ռա­ջին ան­գամ 2000 թուա­կա­նին Լի­բա­նա­նի նա­հա­տակ վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի կազ­մած կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ կը դառ­նայ: Փա­րա­ւոն, որ կը սե­րի պէյ­րու­թեան ա­նուա­նի ըն­տա­նի­քէ մը մաս­նա­գի­տու­թեամբ տնտե­սա­գէտ է եւ իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Փա­րի­զի մէջ:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ իր ու­րոյն դիր­քը ու­նե­ցող այս գոր­ծի­չը սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կած է լի­բա­նա­նա­հայ քա­ղա­քա­կան բո­լոր կող­մե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ե­րեք յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րուն հետ:

Փա­րա­ւո­նի ըն­տա­նի­քը, որ կը հա­մա­րուի մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի ա­մե­նէն ազ­նուա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէն մին, որ  օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք մեկ­նած է 1915-ի հե­տե­ւան­քով, որ­պէս գաղ­թա­կան Լի­բա­նան հա­սած հա­յե­րուն:  Հա­յու­թեան հետ վաղ 1930-ա­կան­նե­րուն սկիզբ ա­ռած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ամ­րա­ցած են եւ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով այդ ըն­տա­նի­քի ե­րե­ւե­լի դէմ­քեր ի­րենց հիաց­մուն­քը ար­տա­յայ­տած են հա­յու­թեան նկատ­մամբ:

Նա­խա­րար Փա­րա­ւոն այս ա­ռու­մով ալ ե­ղած է շա­րու­նա­կո­ղը իր նախ­նի­նե­րուն: Իր շրջա­նա­կին եւ տար­բեր գոր­ծա­րա­րա­կան մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ ու­նե­նա­լով հայ բա­րե­կամ­ներ, ան միշտ սա­տար կանգ­նած է հա­յու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն:

Մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կան եւ մար­զա­կան տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ նա­խա­րա­րը փոր­ձած է զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ եւ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի մէջ իր կա­րե­ւոր կշի­ռը ու­նե­ցող լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հետ:

Քա­ղա­քա­կան ըն­կա­լում­նե­րով չա­փա­ւոր, բայց լի­բա­նա­նեան հայ­րե­նի­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն դի­մաց ան­զի­ջող Փա­րա­ւոն, յա­ջո­ղած է իր քա­ղա­քա­կան կեան­քի սկիզ­բէն ի վեր դառ­նալ չա­փա­ւո­րա­կան քրիս­տո­նեա­նե­րու դա­տի «ար­դա­րու­թեան ձայ­ն­»ը:

Ա­մե­նէն դժուա­րին պա­հե­րուն ան յա­ջո­ղած է ստեղ­ծել այն­պի­սի մի­ջա­վայր մը, ուր քրիս­տո­նեայ հա­տուած­նե­րը ի­րենք զի­րենք զգա­ցած են ա­պա­հով եւ ի­րա­ւուն­քի տէր հա­մայնք­նե­րու զա­ւակ­ներ:

Նա­խա­րար Փա­րա­ւոն նաեւ չէ մոռ­ցած մօ­տէն սա­տա­րել հա­յու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն: Ան տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով իր նե­ցու­կը ար­տա­յայ­տած է հա­յու­թեան ար­դար դա­տին եւ ա­մե­նա­բարձր ամ­պիոն­նե­րու առ­ջեւ պաշտ­պա­նը ե­ղած՝ հայ­կա­կան հա­մայն­քի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն: Ան սերտ կա­պեր հաս­տա­տած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ ու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով յա­ջո­ղած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր գտնել հայ­կա­կան սփիւռ­քի կրօ­նա­կան գլխա­ւոր կեդ­րոն­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ:

2015 թուա­կա­նին եւ յար­գե­լու հա­մար յի­շա­տա­կը հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սուած նա­հա­տակ­նե­րուն՝ նա­խա­րար Փա­րա­ւո­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ Պէյ­րու­թի Ժը­մայ­զէ կեդ­րո­նա­կան շրջա­նի հրա­պա­րա­կին վրայ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հայ ա­րուես­տա­գէտ Ռաֆ­ֆի Ե­տա­լեա­նի կեր­տած եւ «Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­ն» ա­նու­նը կրող բարձ­րա­դիր յու­շա­կո­թո­ղին:

Հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը շա­հած նա­խա­րա­րը վեր­ջերս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով կը գտնուէր Ե­րե­ւան, այն բարձր ո­գիով, որ պէյ­րու­թեան ա­մե­նէն ա­նուա­նի ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն բոյ­նին մէջ հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ թե­ւեր ա­ռած սէ­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի եւ պա­րու­րէ Լի­բա­նան-Հա­յաս­տան ազ­նիւ ա­կունք­նե­րէ բխող պատ­մա­կան սերտ կա­պե­րը:

-Ո­րո՞նք են Հա­յաս­տան այ­ցի Ձեր նպա­տակ­նե­րը, եւ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք զա­նոնք:

-Ես մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ խոս­տա­ցած եմ այ­ցե­լել Հա­յաս­տան, մա­նա­ւանդ երբ 2009, 2010, 2014 եւ 2016 թուա­կան­նե­րուն հրա­ւէր­ներ ստա­ցայ, սա­կայն, ինչ­պէս գի­տէք, Լի­բա­նա­նի ներ­քին կա­ցու­թիւնն ու ա­նոր հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած խնդիր­նե­րը ար­գելք կը հան­դի­սա­նա­յին զայն ի­րա­կա­նաց­նե­լու:

Վեր­ջին հրա­ւէ­րը ստա­ցայ 2016 թուա­կա­նի Օ­գոս­տոս-Սեպ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն եւ ո­րո­շե­ցի մեծ սի­րով ըն­դա­ռա­ջել։ Մէկ կող­մէ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ թէ՛ Լի­բա­նա­նի եւ թէ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը կա­յուն վի­ճա­կի մէջ է, բան մը, որ ա­ռիթ կու տայ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ հո­րի­զոն­նե­րու ձգտիլ։ Իսկ միւս կող­մէ հա­շուի առ­նե­լով, որ ներ­կա­յ զար­գա­ցում­ներն ու գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա­ռիթ­նե­րը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը ստեղ­ծեն նոր բա­րե­կամ­ներ ձեռք բե­րել, ծրա­գիր­նե­ր կեան­քի կո­չե­լու նպա­տա­կով: Բա­ցի նշուա­ծէն, ին­ծի հա­մար մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նէր նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ մեր մշա­կու­թա­յին, մարդ­կա­յին ու պատ­մա­կան սերտ կա­պե­րը:

Մեր կար­ծի­քով, ա­ռեւ­տու­րի սե­փա­կան ո­լոր­տը Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­ւա­կան մեծ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած է, ո­րուն շնոր­հիւ եր­կի­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի մէ­կէ ա­ւե­լի նոր ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին, ան­ցեա­լին Լի­բա­նա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը զբա­ղե­ցու­ցած ըլ­լա­լով, այ­սօր ներ­կայ նա­խա­րա­րին կող­քին եմ (ներ­կա­յիս Լի­բա­նա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րարն է կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ՀՅԴ­-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Կի­տա­նեան), Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ անհ­րա­ժեշտ փորձս ու գի­տե­լիքս փո­խան­ցե­լու հա­մար ա­նոր: Սոյն այ­ցե­լու­թեանս նպա­տակ­նե­րէն է նաեւ երկ­րի նա­խա­գա­հին, վար­չա­պե­տին, տնտե­սու­թեան, ար­տա­քին գոր­ծոց եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն փո­խան­ցել մէ­կէ ա­ւե­լի գա­ղա­փար­ներ՝ տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ:

-Պա­րոն նա­խա­րար, բո­լո­րիս ծա­նօթ է, որ Փա­րա­ւոն ըն­տա­նի­քը լի­բա­նա­նա­հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ սերտ կա­պետ ու­նի: Կը խնդրենք, ներ­կա­յաց­ու­ցէք այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմքն ու ար­մատ­նե­րը:

-Նախ ը­սեմ, որ մեծ ե­ղեռ­նէն ետք տե­ղա­հա­նուած հայ ժո­ղո­վուր­դի այն հա­տուա­ծը, որ Լի­բա­նան ժա­մա­նեց, հաս­-տատուե­ցաւ Պե­քա­յի եւ Պէյ­րու­թի մէջ, եւ այդ եր­կու շրջան­նե­րէն ներս թէ՛ քա­ղա­քա­կան, թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան գետ­նի վրայ Փա­րա­ւոն ըն­տա­նի­քը մեծ ներ­կա­յու­թիւն ու­նէր: Այս ներ­կա­յու­թիւ­նը մէ­կէ ա­ւե­լի ո­լոր­տի մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­ծուե­ցաւ նախ Պե­քա­յի մէջ՝ 1920-ա­կան­նե­րէն մին­չեւ 1950-ա­կան­նե­րը, այ­նու­հե­տեւ նաեւ Պէյ­րու­թի մէջ:

Այ­սօր այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մեծ զար­գա­ցում ապ­րած են, ձեռք բե­րե­լով երկ­խօ­սու­թեան, քննար­կում­նե­րու, փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան բնոյթ: Սոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած են բազ­մա­թիւ հանգ­րուան­նե­րու մէջ: Ան­կախ Փա­րա­ւոն­նե­րու հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն, հայ­կա­կան գա­ղու­թը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, աչ­քի կը զար­նէ իր վստա­հե­լիու­թեամբ, աշ­խա­տու­նա­կու­թեամբ, ո­րոշ խնդիր­նե­րու շուրջ ճկու­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով, իսկ այլ սկզբունք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ան­խախտ կե­ցուածք դրսե­ւո­րե­լով:

Ոչ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­ներն են, որ ցաւ ու ար­հա­ւիրք տե­սած են, եւ մենք՝ լի­բա­նան­ցի­ներս, որ­պէս բազ­մա­թիւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­նա­տես ե­ղած ժո­ղո­վուրդ, ա­ռա­ւել ճիշդ կեր­պով կ՚ըն­կա­լենք հա­յե­րու ապ­րածն ու կրած տա­ռա­պանք­նե­րը:

-Որ­պէս քրիս­տո­նեայ ա­րե­ւել­քցի, կը կար­ծէ՞ք, որ քրիս­տո­նէա­կան գո­յու­թիւ­նը այ­սօր վտան­գուած է Լի­բա­նա­նի մէջ:

-Այ­սօր մենք Լի­բա­նա­նի մէջ ան­ձի անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող ան­մի­ջա­կան վտան­գի առ­ջեւ կանգ­նած չենք, ինչ­պի­սին է վի­ճա­կը Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ: Լի­բա­նա­նի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րը հան­դէս կու գան որ­պէս ու­րոյն ուժ եւ ներ­կա­յու­թիւն, ու­նին ա­պա­հո­վա­կան բա­ւա­րար ե­րաշ­խիք: Լի­բա­նա­նի մէջ քրիս­տո­նէա­կան գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող ընդ­հա­նուր վտանգ­ներ կան, ինչ­պի­սին էր 40-ա­մեայ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, որ հա­րուած հաս­ցուց երկ­րի տնտե­սու­թեան ու նպաս­տեց ար­տա­գաղ­թի ա­լի­քի բարձ­րաց­ման: Առ­կայ է նաեւ ու­սում­նա­ռու­թեան նպա­տա­կով քրիս­տո­նեա­նե­րու ար­տա­գաղ­թի խնդի­րը: Ոչ միայն քրիս­տո­նեա­նե­րու, այլ առ­հա­սա­րակ լի­բա­նան­ցի­նե­րու ար­տա­գաղ­թին մե­ծա­պէս նպաս­տեց նաեւ Լի­բա­նան մեծ թի­ւով սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու հոս­քը, որ մին­չեւ օրս սպառ­նա­լիք է երկ­րին ա­պա­գայ ա­նո­րոշ վի­ճա­կին հա­մար:

Ան­շուշտ պատ­մու­թեան մէջ քրիս­տո­նեայ տար­րը մե­ծա­պէս նպաս­տած է Լի­բա­նա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան հաս­տատ­ման հար­ցին, եւ այ­սօր մենք պէտք է այն­քան զգոյշ վա­րուինք, որ­պէս­զի քրիս­տո­նեա­նե­րը թէ՛ քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ եւ թէ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին չկորսնց­նեն ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը:

Միա­ժա­մա­նակ կ­­՚ու­զեմ շեշ­տել, որ Լի­բա­նան ինք­նին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու եր­կիր է, որ կ­­՚ա­ռանձ­նա­նայ ա­նոնց մի­ջեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պահ­պա­նե­լու իւ­րա­յատ­կու­թեամբ: Հե­տե­ւա­բար, ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւն դառ­նա­լու փոր­ձը կրնայ երկ­րի ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը վտան­գի են­թար­կել:

Ան­ցեա­լին օ­տար եր­կիր­նե­րու մօտ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան ու դա­ւա­նա­կան բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը ծաղ­րի ա­ռար­կայ էր, մինչ­դեռ այ­սօր, բազ­մա­թիւ այլ պե­տու­թիւն­ներ, Լի­բա­նա­նի նմա­նու­թեամբ, կը փոր­ձեն ի­րենց երկ­րի իշ­խա­նա­կան ա­թոռ­նե­րը տար­բեր հո­սանք­նե­րու մի­ջեւ բաժ­նել:

Մենք պէտք է ձգտինք Լի­բա­նա­նը վե­րա­ծել երկ­խօ­սու­թեան կեդ­րո­նի, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան մեծ փորձ ու հա­րուստ մշա­կոյթ ու­նե­ցող կրօ­նա­կան հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան, հա­մա­կե­ցու­թեան եր­կիր է, որ կ՚ող­ջու­նէ երկ­խօ­սու­թեան գա­ղա­փա­րը:

Նշեմ, որ 2009 թուա­կա­նին, երբ Հա­յաս­տան-Թուր­քիա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր կը մշա­կուէր, այդ հար­ցին շուրջ երկ­խօ­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ Լի­բա­նա­նի մէջ։ Բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Լի­բա­նան մէ­կէ ա­ւե­լի պատ­ճառ­ներ ու­նի երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու դաշտ հան­դի­սա­նա­լու հա­մար:

-Զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի նա­խա­գահ ընտ­րուե­լէն ետք Լի­բա­նա­նի մէջ այ­սօր քա­ղա­քա­կան «քրիս­տո­նեայ եր­կեա­կ» մը ստեղ­ծուե­ցաւ: Դուք ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք այս նոր զար­գա­ցու­մը:

-Որ­պէս պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ, կրնամ յայտ­նել, որ ես քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մուտք գոր­ծե­ցի այն պա­հուն, երբ Թաէ­ֆի պայ­մա­նա­գ­­րի ստո­րագր­ման հե­տե­ւան­քով քրիս­տո­նէա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­կա­մար­տու­թիւն ստեղ­ծուած էր, եւ մեր մուտ­քը քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէզ պայ­մա­նա­ւո­րուած էր քրիս­տո­նէա­կան տար­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու մի­տու­մով: Այդ օ­րե­րուն մե­ծա­գոյն վիշ­տը քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած պա­ռակ­տումն էր, ո­րուն հե­տե­ւան­քով Լի­բա­նան այն­քան մեծ վնաս կրեց, ո­րուն չա­փը գնա­հա­տել ան­գամ հնա­րա­ւոր չէ: Այդ վի­ճա­կէն դուրս գա­լը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ քրիս­տո­նէա­կան գետ­նի վրայ:

Այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռու­մով կ՚ը­սեմ, որ այ­սօր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կայ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու, նաեւ այն­պի­սի հա­մա­ձայ­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու, որ կրնայ հան­դէս գալ որ­պէս քրիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւն, եւ ոչ սոսկ քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւն: Այս էր այն մե­քե­նա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ զօ­րա­վար Աուն հա­սաւ իշ­խա­նու­թեան:

Ո­մանք կը հա­մա­րեն, որ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցած քրիս­տո­նէա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շա­հեր պաշտ­պա­նե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դէ, ու­րիշ­ներ կը կար­ծեն, որ այս մէ­կը իշ­խա­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու մի­ջոց է: Ըստ իս, ես կա­տա­րուա­ծը դրա­կան կը գնա­հա­տեմ, ո­րով­հե­տեւ ան­ձամբ ա­կա­նա­տեսն ե­ղած եմ քրիս­տո­նէա­կան պա­ռակտ­ման դա­ժա­նա­գոյն օ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան շրջա­նին քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հի ա­թո­ռին եր­կար ժա­մա­նակ թա­փուր մնա­լուն, բան մը, որ շատ բա­ցա­սա­կան կը հա­մա­րեմ քրիս­տո­նեայ տար­րին հա­մար: Այ­սօ­րուան տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ա­պա­ցոյցն է այն բա­նին, որ կայ ան­ցեա­լի սխալ­նե­րը ուղ­ղե­լու մի­տում, ինչ որ կրնայ ո­րոշ ու­ժե­րու հա­մար շա­հե­րու բա­խում յա­ռա­ջաց­նել:

-Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շե­մին, ի՞նչ խօսք կ­­՚ուղ­ղէք Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, եւ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք Ձեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ:

-Մենք մշտա­կան կա­պի ու երկ­խօ­սու­թեան մէջ ենք հայ­կա­կան հա­մայն­քին հետ: Թէեւ եր­բեմն տա­րա­ձայ­նու­թիւ­ներ կան մեր մի­ջեւ, սա­կայն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն չկայ: Հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրեն, ու այդ ա­ռու­մով իշ­խա­նու­թեան կազ­մին մէջ ի­րենց ու­րոյն տե­ղը ու­նին: Մենք միշտ վստա­հու­թիւն ու­նինք ա­նոնց կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շում­նե­րուն նկատ­մամբ, որ­պէս ան­կախ ո­րո­շում­ներ, ո­րոնք կը ծա­ռա­յեն հան­րա­յին շա­հե­րուն, միա­ժա­մա­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով հայ­կա­կան տար­րի լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ ու­նե­ցած պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան:

1968 եւ 2009 թուա­կան­նե­րուն թէեւ երկ­րին մէջ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ան­հա­մե­րաշ­խու­թիւն կար, սա­կայն ոչ մէկ ան­գամ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ թէ ետք երկ­խօ­սու­թեան դու­ռը փա­կած ենք ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան առ­ջեւ։ Իսկ այ­սօր հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ են, ոչ միայն խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հո­ղին վրայ, այ­լեւ ա­մե­նա­տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:

-Որ­պէս քրիս­տո­նեայ ա­րե­ւել­քցի, կը կար­ծէ՞ք, որ քրիս­տո­նէա­կան գո­յու­թիւ­նը այ­սօր վտան­գուած է Լի­բա­նա­նի մէջ:

-Այ­սօր մենք Լի­բա­նա­նի մէջ ան­ձի անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող ան­մի­ջա­կան վտան­գի առ­ջեւ կանգ­նած չենք, ինչ­պի­սին է վի­ճա­կը Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ: Լի­բա­նա­նի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րը հան­դէս կու գան որ­պէս ու­րոյն ուժ եւ ներ­կա­յու­թիւն, ու­նին ա­պա­հո­վա­կան բա­ւա­րար ե­րաշ­խիք: Լի­բա­նա­նի մէջ քրիս­տո­նէա­կան գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող ընդ­հա­նուր վտանգ­ներ կան, ինչ­պի­սին էր 40-ա­մեայ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, որ հա­րուած հաս­ցուց երկ­րի տնտե­սու­թեան ու նպաս­տեց ար­տա­գաղ­թի ա­լի­քի բարձ­րաց­ման: Առ­կայ է նաեւ ու­սում­նա­ռու­թեան նպա­տա­կով քրիս­տո­նեա­նե­րու ար­տա­գաղ­թի խնդի­րը: Ոչ միայն քրիս­տո­նեա­նե­րու, այլ առ­հա­սա­րակ լի­բա­նան­ցի­նե­րու ար­տա­գաղ­թին մե­ծա­պէս նպաս­տեց նաեւ Լի­բա­նան մեծ թի­ւով սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու հոս­քը, որ մին­չեւ օրս սպառ­նա­լիք է երկ­րին ա­պա­գայ ա­նո­րոշ վի­ճա­կին հա­մար:

Ան­շուշտ պատ­մու­թեան մէջ քրիս­տո­նեայ տար­րը մե­ծա­պէս նպաս­տած է Լի­բա­նա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան հաս­տատ­ման հար­ցին, եւ այ­սօր մենք պէտք է այն­քան զգոյշ վա­րուինք, որ­պէս­զի քրիս­տո­նեա­նե­րը թէ՛ քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ եւ թէ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին չկորսնց­նեն ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը:

Միա­ժա­մա­նակ կ­­՚ու­զեմ շեշ­տել, որ Լի­բա­նան ինք­նին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու եր­կիր է, որ կ­­՚ա­ռանձ­նա­նայ ա­նոնց մի­ջեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն պահ­պա­նե­լու իւ­րա­յատ­կու­թեամբ: Հե­տե­ւա­բար, ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւն դառ­նա­լու փոր­ձը կրնայ երկ­րի ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը վտան­գի են­թար­կել:

Ան­ցեա­լին օ­տար եր­կիր­նե­րու մօտ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան ու դա­ւա­նա­կան բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը ծաղ­րի ա­ռար­կայ էր, մինչ­դեռ այ­սօր, բազ­մա­թիւ այլ պե­տու­թիւն­ներ, Լի­բա­նա­նի նմա­նու­թեամբ, կը փոր­ձեն ի­րենց երկ­րի իշ­խա­նա­կան ա­թոռ­նե­րը տար­բեր հո­սանք­նե­րու մի­ջեւ բաժ­նել:

Մենք պէտք է ձգտինք Լի­բա­նա­նը վե­րա­ծել երկ­խօ­սու­թեան կեդ­րո­նի, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան մեծ փորձ ու հա­րուստ մշա­կոյթ ու­նե­ցող կրօ­նա­կան հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան, հա­մա­կե­ցու­թեան եր­կիր է, որ կ՚ող­ջու­նէ երկ­խօ­սու­թեան գա­ղա­փա­րը:

Նշեմ, որ 2009 թուա­կա­նին, երբ Հա­յաս­տան-Թուր­քիա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր կը մշա­կուէր, այդ հար­ցին շուրջ երկ­խօ­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ Լի­բա­նա­նի մէջ։ Բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Լի­բա­նան մէ­կէ ա­ւե­լի պատ­ճառ­ներ ու­նի երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու դաշտ հան­դի­սա­նա­լու հա­մար:

-Զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի նա­խա­գահ ընտ­րուե­լէն ետք Լի­բա­նա­նի մէջ այ­սօր քա­ղա­քա­կան «քրիս­տո­նեայ եր­կեա­կ» մը ստեղ­ծուե­ցաւ: Դուք ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք այս նոր զար­գա­ցու­մը:

-Որ­պէս պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ, կրնամ յայտ­նել, որ ես քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մուտք գոր­ծե­ցի այն պա­հուն, երբ Թաէ­ֆի պայ­մա­նա­գ­­րի ստո­րագր­ման հե­տե­ւան­քով քրիս­տո­նէա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­կա­մար­տու­թիւն ըս-տեղ­ծուած էր, եւ մեր մուտ­քը քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէզ պայ­մա­նա­ւո­րուած էր քրիս­տո­նէա­կան տար­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու մի­տու­մով: Այդ օ­րե­րուն մե­ծա­գոյն վիշ­տը քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած պա­ռակ­տումն էր, ո­րուն հե­տե­ւան­քով Լի­բա­նան այն­քան մեծ վնաս կրեց, ո­րուն չա­փը գնա­հա­տել ան­գամ հնա­րա­ւոր չէ: Այդ վի­ճա­կէն դուրս գա­լը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ քրիս­տո­նէա­կան գետ­նի վրայ:

Այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռու­մով կ՚ը­սեմ, որ այ­սօր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կայ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու, նաեւ այն­պի­սի հա­մա­ձայ­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու, որ կրնայ հան­դէս գալ որ­պէս քրիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւն, եւ ոչ սոսկ քրիս­տո­նէա­կան ներ­կա­յու­թիւն: Այս էր այն մե­քե­նա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ զօ­րա­վար Աուն հա­սաւ իշ­խա­նու­թեան:

Ո­մանք կը հա­մա­րեն, որ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցած քրիս­տո­նէա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շա­հեր պաշտ­պա­նե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դէ, ու­րիշ­ներ կը կար­ծեն, որ այս մէ­կը իշ­խա­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու մի­ջոց է: Ըստ իս, ես կա­տա­րուա­ծը դրա­կան կը գնա­հա­տեմ, ո­րով­հե­տեւ ան­ձամբ ա­կա­նա­տեսն ե­ղած եմ քրիս­տո­նէա­կան պա­ռակտ­ման դա­ժա­նա­գոյն օ­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան շրջա­նին քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հի ա­թո­ռին եր­կար ժա­մա­նակ թա­փուր մնա­լուն, բան մը, որ շատ բա­ցա­սա­կան կը հա­մա­րեմ քրիս­տո­նեայ տար­րին հա­մար: Այ­սօ­րուան տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ա­պա­ցոյցն է այն բա­նին, որ կայ ան­ցեա­լի սխալ­նե­րը ուղ­ղե­լու մի­տում, ինչ որ կրնայ ո­րոշ ու­ժե­րու հա­մար շա­հե­րու բա­խում յա­ռա­ջաց­նել:

-Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շե­մին, ի՞նչ խօսք կ­­՚ուղ­ղէք Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, եւ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք Ձեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ:

-Մենք մշտա­կան կա­պի ու երկ­խօ­սու­թեան մէջ ենք հայ­կա­կան հա­մայն­քին հետ: Թէեւ եր­բեմն տա­րա­ձայ­նու­թիւ­ներ կան մեր մի­ջեւ, սա­կայն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն չկայ: Հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ո­րոշ շըր-ջան­նե­րու մէջ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրեն, ու այդ ա­ռու­մով իշ­խա­նու­թեան կազ­մին մէջ ի­րենց ու­րոյն տե­ղը ու­նին: Մենք միշտ վստա­հու­թիւն ու­նինք ա­նոնց կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շում­նե­րուն նկատ­մամբ, որ­պէս ան­կախ ո­րո­շում­ներ, ո­րոնք կը ծա­ռա­յեն հան­րա­յին շա­հե­րուն, միա­ժա­մա­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով հայ­կա­կան տար­րի լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զին մէջ ու­նե­ցած պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան:

1968 եւ 2009 թուա­կան­նե­րուն թէեւ երկ­րին մէջ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան ան­հա­մե­րաշ­խու­թիւն կար, սա­կայն ոչ մէկ ան­գամ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ թէ ետք երկ­խօ­սու­թեան դու­ռը փա­կած ենք ո­րե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան առ­ջեւ։ Իսկ այ­սօր հայ­կա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ են, ոչ միայն խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հո­ղին վրայ, այ­լեւ ա­մե­նա­տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:

ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ՓԱ­ՐԱ­ՒՈ­ՆԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԱՍ­ՊԱ­ՐԷԶ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐ­ԾԵ­ԼՈՒ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ՀԱ­ՏՈՒԱ­ԾԸ

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցաիա­կան պա­տե­րազ­մը կ­­՚ա­ւար­տէր 1990 թուա­կա­նին: Եր­կի­րը դան­դաղ քայ­լե­րով դուրս կու գար պա­տե­րազ­մի բո­վէն եւ ըն­թացք կ­­՚առ­նէր նոր փուլ մը, որ կը յատ­կան­շուէր Լի­բա­նա­նի մէջ սու­րիա­մէտ ու­ժե­րու բա­ցա­յայտ ազ­դե­ցու­թեամբ: Բա­ւա­կան ծանր զար­գա­ցու­մով մը երկ­րի նա­խա­գահ ընտ­րուած Լի­բա­նա­նի 8-րդ նա­խա­գահ Ռե­նէ Մուաուատ զոհ կ՚եր­թար ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մի մը: 1989 թուա­կա­նի ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք նա­խա­գա­հա­կան ղե­կը կը ստանձ­նէր Է­լիաս Ալ Հրաուին, որ իշ­խա­նու­թեան վրայ կը մնար ինն տա­րի մին­չեւ՝ 1998 թուա­կա­նը: Հրաուի, որ յայտ­նի էր Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօ­տիկ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով, կը յա­ջո­ղէր «լե­զու գտնե­լ» գետ­նի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան բո­լոր ու­ժե­րուն հետ, բա­ցի քրիս­տո­նեայ եր­կու հիմ­նա­կան հո­սանք­նե­րէն, ո­րոնց ա­ռաջ­նորդ­նե­րը  տար­բեր հա­ն­­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով քա­ղա­քա­կան կեան­քի «խա­ղ­»էն դուրս հա­նուած էին: Այս­պէս, մինչ այ­սօ­րուան նա­խա­գա­հը՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն իր Պաապ­տա­յի պա­լա­տէն հե­ռա­նա­լով, որ­պէս քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նեալ յայտ­նուած էր Ֆրան­սա­յի մէջ (1989), ան­դին «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ`Սա­միր Ժաա­ժա 1994 թուա­կա­նին եւ բա­ւա­կան կաս­կա­ծե­լի պայ­ման­նե­րու տակ կը ձեր­բա­կա­լուէր եւ տաս­ն­­մէկ տա­րի կը մնար բան­տի ճա­ղե­րու ե­տին: Այս դէպ­քե­րուն բո­վին մէջ էր նաեւ, որ նա­խա­րար Մի­շէլ Փա­րա­ւոն ո­րո­շում կ՚առ­նէր մտնել քա­ղա­քա­կան դաշտ: Փա­րա­ւոն, որ Յոյն կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի (երկ­րի եօ­թ հիմ­նա­կան հա­մայնք­նե­րէն մին) ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր, 1996 թուա­կա­նին կը մաս­նակ­ցէր խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լաով կը դառ­նար ե­րես­փո­խան: Այդ շրջա­նին էր նաեւ, որ երկ­րի քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նակ­նե­րը կանգ­նած էին բա­ւա­կան դժուար եւ բարդ կա­ցու­թեան մը առ­ջեւ: Քրիս­տո­նեա­նե­րը ի­րենք զի­րենք կը հա­մա­րէին գլխա­տուած հա­մայն­քի մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, տրուած ըլ­լա­լով, որ այդ հա­մայնք­նե­րուն եր­կու հիմ­նա­կան եւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ դուրս ե­կած ու­ժե­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րը դուրս ձգուած էին ընդ­հա­նուր «խա­ղ­»էն: Փա­րա­ւոն, որ իր շուրջ ե­ղող քրիս­տո­նեայ հա­տուած­նե­րուն փա­փա­քով քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բեմ մտնե­լու ո­րո­շում ա­ռած է, կը գի­տակ­ցէր նաեւ, որ կանգ­նած է բա­ւա­կան բարդ եւ դժուա­րին պար­տա­կա­նու­թեան մը առ­ջեւ: Ան պի­տի դառ­նար «լքուա­ծու­թեա­ն» զգա­ցում ու­նե­ցող քրիս­տո­նեայ հա­տուած­նե­րու պաշտ­պա­նը, ինչ­պէս նաեւ պի­տի փոր­ձէր ա­մէն գնով «լե­զու գտնե­լ» երկ­րի իշ­խա­նու­թեանց հետ: Կա­րե­ւոր էր նաեւ, որ Փա­րա­ւոն եւ իր դի­մա­կից­նե­րը խո­հուն քայ­լեր առ­նե­լով յա­ջո­ղէին «ներծ­ծե­լ» Պէյ­րու­թի քրիս­տո­նեայ շրջան­նե­րուն ապ­րած «ներ­քին բո­ղո­ք­»ը եւ հան­դար­տեց­նէին ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը: Ի վեր­ջոյ այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ քրիս­տո­նեա­նե­րու մեծ հա­տուա­ծին մօտ կար պար­տուա­ծու­թեան զգա­ցում մը, ո­րուն դի­մաց պէտք էր ա­րագ եւ «բու­ժի­չ» մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րել: Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին վրայ էր նաեւ, որ Փա­րա­ւոն կը յա­ջո­ղէր իր շուրջ հա­մախմ­բել հե­տե­ւորդ­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րու մեծ բա­նակ մը, ո­րոնց հա­մար հիմ­նա­կան նպա­տակ կը դառ­նար ա­պա­հո­վել ի­րենց ապ­րած շրջան­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել երկ­րի օ­րի­նա­կան բա­նա­կին հետ: Կար նաեւ կեն­ցա­ղա­յին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ այլ տի­պի հար­ցե­րու մէջ դրա­կան մի­ջամ­տու­թիւն ու­նե­նա­լու կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը ու այդ ըն­թաց­քով էր նաեւ, որ Փա­րա­ւոն դառ­նա­լով պե­տա­կան մար­մին­նե­րէ ներս իր խօսքն ու ը­սե­լի­քը ու­նե­ցող գոր­ծիչ, կը յա­ջո­ղէր շա­հիլ բա­ւա­կան լայն շրջա­նակ­նե­րու վստա­հու­թիւ­նը: Այ­սօր ալ նոյնն է պատ­կե­րը: Լի­բա­նան­ցի նա­խա­րա­րը հա­կա­ռակ ա­նոր, որ կու­սակ­ցու­թեան մը պա­րագ­լու­խը չէ, բայց ա­նոր ու­նե­ցած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­ծուած են քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր վա­ւե­րա­թուղ­թի մը: Այդ վա­ւե­րա­թուղ­թին վրայ գա­ղա­փա­րա­կան մեծ լո­զունգ­ներ չկան, այլ կայ իր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րու բա­ւա­կան մեծ հա­տուած­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու եւ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը: Այ­սօ­րուան աշ­խար­հին մէջ ի­րա­կան գոր­ծին հա­ւա­տա­ցող մար­դոց հա­մար Փա­րա­ւոն դար­ձած է այն­պի­սի ա­ռաջ­նորդ մը, ո­րուն ըն­կա­լում­նե­րը եւ գոր­ծը ի­րա­րու կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն: Ա­ւե­լի՛ն. ան կը հան­դի­սա­նայ այն­պի­սի գոր­ծիչ մը, ո­րուն բա­նա­ւոր ու գրա­ւոր խօս­քին ի­րա­կան ի­մաս­տը կը կա­յա­նայ հան­րօ­գուտ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017