ԳԱՅԻԱՆԷ ՊՐԷԻՈՎԱՅԻ ԽՈՀԱՐԱՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Գա­յիա­նէ Պրէիո­վա­յի «Խո­հա­նոց Գա­յիա­նէ-ճան» գիր­քը ընդգր­կուած է հա­մաշ­խար­հա­յին խո­հա­րա­րա­կան գիր­քե­րու հե­ղի­նա­կա­ւոր «Gourmand 2017» մրցոյ­թի ցու­ցա­կին մէջ: Խո­հա­րա­րա­կան գիր­քե­րու Gourmand մրցոյ­թը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի քսա­ներ­կու տա­րիէ ի վեր՝ խո­հա­րա­րա­կան աշ­խար­հի մէջ հա­մա­րուե­լով «Օս­քար» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն։

Մրցոյ­թի հիմ­նա­դի­րը Կուանտ­րօ ըն­տա­նիքն է (յայտ­նի լի­քէօր եւ շամ­փայն): Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­մէն տա­րի: «Ան­կեղծ խօս­քով, նոյ­նիսկ չէի գի­տեր, որ գո­յու­թիւն ու­նի «կարճ-ցու­ցակ» հաս­կա­ցու­թիւ­նը, սա­կայն գիր­քը, դա­տա­կազ­մի կար­ծի­քով, յայտ­նուած է աշ­խար­հի խո­հա­րա­րա­կան ե­րեք լա­ւա­գոյն գիր­քե­րու շար­քին եւ ես պէտք է մեկ­նիմ Չի­նաս­տան։ Մտքովս ան­գամ չէր անց­ներ», իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նած է  Գա­յիա­նէն:

Գա­յիա­նէ Պրէիո­վա ծնած է Ե­րե­ւան: 1994 թուա­կա­նէն ի վեր կը բնա­կի Մոս­կուա:

Իր աս­պա­րէ­զին սկսած է իբ­րեւ մա­տու­ցո­ղու­հի, իսկ ո­րոշ ժա­մա­նակ ան ստի­պուած ե­ղած է դուրս գալ ճա­շա­րա­նա­յին գոր­ծա­րա­րու­թե­նէն, սա­կայն, 1998-ին կրկին վե­րա­դար­ձած է իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պող: Ան իր ա­մե­նա­մեծ հպար­տու­թիւ­նը կը հա­մա­րէ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի ճա­շա­տե­սակ­նե­րով Gayane՚s ճա­շա­րա­նը:

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017